ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՈՒԹԵՐՈՐԴ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ

2024-2025 կրթական շրջանի աւարտին, Ֆէրիգիւղի ընտանիքին կողմէ կազմակերպուած հանդէսներու շարքը աւարտին հասաւ Մէրամէթճեան վարժարանի 8-րդ դասարանի շրջանաւարտութեան երեկոյթով։ Ձեռնարկի մթնոլորտը բնորոշուեցաւ բացառիկ խանդավառութեամբ։ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Նուրհան Փալաքօղլու, տնօրէնուհի Մարալ Էօզտաղ, ուսուցչաց կազմը, ծնողաց միութիւնը ջանք չէին խնայած այս երեկոյթի կազմակերպման ուղղութեամբ։ Տղաքը ծափահարութիւններու մթնոլորտին մէջ ստացան իրենց վկայականներն ու յուշանուէրները՝ մինչ իսկական տօնախմբութեան մը մթնոլորտին մէջ հատեցին նաեւ իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը, յայտագրին յաջորդած ընդունելութեան ժամանակ։ Յաջողագոյն շրջանաւարտներն ալ գնահատուեցան առանձնապէս՝ մասնաւորաբար Տիգրան Էօզպիւլպիւլը, որ դպրոցի այս տարուան առաջինն է։

Ֆէրիգիւղցիններուն տեսակէտէ զգացական պահերու առիթ դարձաւ վարժարանի այս տարուան հունձքի հրաժեշտի արարողութիւնը՝ մինչ ընթացաւարտները բոլորին կողմէ շրջապատուեցան ապագայ յաջողութիւններու բարեմաղթանքով։

Հինգշաբթի, Յուլիս 3, 2025