ՄՈԳԱԿԱՆ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ

Մոգերու եւ կախարդներու միւս «մասնագիտութիւն»ը ապագայի գուշակութիւնն է: Գուշակութիւնը՝ որ մինչեւ օրս կ՚առնչուի աստղագիտութեան եւ աստղագուշակութեան հետ գոյութիւն ունեցած է Ք.Ա. հազարաւոր տարիներ առաջ։ Օրինակի համար, բաբելոնացիներու եւ շումերներու մշակոյթին մէջ տեղ ունեցած է աստղերու ճամբով ապագան գիտնալու երեւոյթը։ Թագաւորներ նոյնիսկ ունեցած են գուշակ-աստղագէտներ, որոնք փորձած են թագաւորը պաշտպանելու համար տեսնել ապագան: Անշուշտ, գուշակութիւնը միայն աստղերու ճամբով չէր կատարուեր. օրինակի համար, եգիպտացիներ թռչունի թռիչքէն կը փորձէին հետեւողութիւններ ընել: 

Սակայն տարօրինակ է. մարդիկ ինչո՞ւ համար աստղերը կապած են մարդկային կեանքին հետ. պատճառը քիչ մը բարդ է. փորձենք պարզ ձեւով բացատրել. 

Մարդ արարած նկատած է, որ աստղերը, մոլորակներն ու երկիրը ունին իրենց ընթացքը. օրինակ՝ ամառը տաք, ձմեռը ցուրտ եւ այլն. այս բոլորը մարդուն ցոյց տուած են, որ բնութեան մէջ կայ կարգ ու կանոն եւ այդտեղ ամէն մէկ փոփոխութիւն, ամէն մէկ շարժում ունի իր իմաստն ու բացատրութիւնը: Այդ կազմակերպուած ընթացքը աչքի առջեւ ունենալով մարդ արարած փորձած է կապ ստեղծել մարդուն եւ աստղերուն միջեւ, ստեղծելու համար որոշ կազմակերպուածութիւններ՝ որոշ նշաններ: Շատ աւելի հին ժամանակներ եթէ երթանք, պիտի տեսնենք, որ մարդիկ կը հաւատային, որ աստղերը աստուածներու բնակավայրեր են եւ հետեւաբար անոնցմէ եկող իւրաքանչիւր նշան ու շարժում կրնայ ուղերձ մը ըլլալ մարդկութեան: Այլ պատճառ մըն է արեւին եւ աստղերուն որպէս «ժամանակացոյց» օգտագործումը. մարդիկ կ՚առաջնորդուէին արեւով եւ լուսինով եւ հետեւաբար այնպէս ինչպէս օրը, նոյնպէս ալ կեանքը կը փորձէին կապել անոր: 

Հին ժամանակ գրեթէ ամէն բան կապուած էր աստղերուն. օրինակ՝ այսպէս. հին Յունաստանի, ինչպէս նաեւ Չինաստանի մէջ կը հաւատային, որ մանուկ մը ծնելու պահուն աստղերու դիրքը մեծ նշանակութիւն ունին անոր բնաւորութիւնը, նոյնիսկ մասնագիտութիւնը որոշելու մէջ:

Այս համոզումներու հիման վրայ է, որ մինչեւ օրս գոյութիւն ունի մարդու «աստղերը»՝ հիմնուած ամիսներու երկարութեան վրայ: Այս աստղերը առաջին անգամ ի յայտ եղած են Ք.Ա. 2000 թուականներուն՝ բաբելոնացիներուն կողմէ. իւրաքանչիւր ամսուան հիման վրայ ուսումնասիրուած է աստղերու դիրքն ու շարժումները եւ անոր հիման վրայ ստեղծուած համոզումներ. օրինակի համար, մինչեւ օրս կը լսենք, որ «կշիռքը» այսպէս կամ այնպէս կ՚ըլլայ, «ցուլ»ը՝ այլ կերպ եւ այլն: 

Աստղագուշակութիւնը կը պնդէ, որ մարդու ծնած ժամուն աստղերու դիրքը մեծ դեր ունի անոր ճակատագիրին վրայ. այս մէկը, անշուշտ, գիտապէս փաստուած իրողութիւն մը չէ, սակայն, մարդկային մշակոյթին մաս կը կազմէ: Այսօր, հակառակ գիտութեան զարգացումին, կը տեսնենք, որ տակաւին մարդիկ՝ թիւով ոչ-փոքր, որ կը շարունակեն մարդոց վերաբերիլ իրենց աստղերու հիման վրայ՝ հաւատալով, որ կան որոշ աստղեր, որոնք իրարու հետ շփում պէտք չէ ունենան: 

Անշուշտ, այսօր այդ մէկը հինին հետ համեմատած նուազած է. մանաւանդ հին ժամանակներուն, թագաւորներ իրենց որոշումները կայացնելէ առաջ անպայմանօրէն կը հարցնէին աստղագէտներու կարծիքը: 

Կրօններու մէջ եւս կը գտնենք աստղերու գործածութիւնը. Հին կտակարանի մէջ բազմիցս կը յիշատակուին աստղերը. կը տեսնենք, թէ աստղերը կը յայտնեն մարգարէական նշաններ. օրինակի համար, աշխարհի վախճանին համար կը գործածուի աստղերն ու արեւը պիտի խաւարի արտայայտութիւնը. այսինքն երբ արեւը եւ լուսինը խաւարի, մարդիկ պիտի հասկնան ու գիտնան, թէ մօտ է վախճանը:

Անշուշտ, Հին կտակարանը կարդալով պիտի հասկնանք, որ աստղագուշակութիւնը հին է այնքան՝ որքան մարդկութիւնը: Եսայի 47:13-14-ին մէջ կը կարդանք. «Թող հիմա կենան երկինք տեսնողները, աստղերը դիտողները...»: Անշուշտ, կարդալով կը հասկնանք նաեւ, որ մարդիկ աստղերու այնքան ուշադրութիւն ու արժէք կու տային, որ շատեր նոյնիսկ աստղեր կը պաշտէին. Բ. Օրինաց 4:19-ին մէջ Աստուած կը հրամայէ աստղերուն եւ արեւուն երկրպագութիւն չընել: 

Նոր կտակարանի մէջ եւս կարելի է գտնել աստղերը. օրինակ՝ մոգերը աստղին հետեւելով հասան Քրիստոսի մօտ. կամ եթէ ուսումնասիրենք Յայտնութեան գիրքը՝ պիտի տեսնենք, թէ բազմիցս աստղերը կը գործածուին որպէս խորհրդանիշ: 

Անշուշտ, այս բոլորը վստահաբար ազդեցութիւնն են ժամանակի հասկացողութեան եւ ըմբռնումին. այո՛, մենք ալ կը հաւատանք, որ սուրբ գիրքերը գրուեցան Աստուծոյ շունչով ու ներգործութեամբ, սակայն, միւս կողմէ, պէտք չէ զանց ընել ժամանակի համոզումներն ու ըմբռնումները, որոնք ունեցած են զանոնք գրի առնողները:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Աստղերը մարդոց ճակատագիրի հետ կապ ունի՞ն:

Պատասխան. Աստղերը հազարաւոր տարիներ շարունակ կապուած եղած են մարդու ճակատագիրին հետ՝ յատկապէս աստղագուշակութեան մէջ: Շատ հին քաղաքակրթութիւններ՝ ինչպէս Բաբելոնը, Եգիպտոսը, Յունաստանը եւ ուրիշներ կը հաւատային, թէ երկնային մարմիններու շարժումներն ու դիրքերը կրնան ազդել մարդոց վրայ՝ ձեւաւորելով անոնց վարքն ու ապագան: Թէեւ ժամանակակից գիտութիւնը այս տեսութիւնները չի հաստատեր, սակայն, մարդկութիւնը կը շարունակէ հաւատալ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յուլիս 3, 2025