ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Աղքատասիրութիւնը մարդուն օգուտ կու տա՞յ եւ մարդ պէ՞տք է աղքատասէր ըլլայ:
Պատասխան. Անշուշտ որ մարդ պէտք է աղքատասէր ըլլայ եւ աղքատասիրութիւնը մարդուն օգուտ կու տայ: Ժողովրդական առածը կ՚ըսէ. «Տուողին՝ Աստուած տասնապատիկը աւելի կու տայ»: Այս ասոյթին մէջ ճշմարտութիւն կայ:
Սողոմոն իմաստուն կը գրէ. «Աղքատին տուողը կարօտ չ՚ըլլար, բայց անկէ երես դարձնողը շատ անէծքներ պիտի առնէ» (Առ 28.27): Ըսուածը շատ պարզ եւ յստակ է. մարդ եթէ իր նմանին օգնէ՝ Աստուած ալ այդպիիսն կ՚օգնէ, իսկ եթէ մարդ իր նմանին չօգնէ, ապա ինքզինք անէծքի կը դատապարտէ:
Մարդ երբ իր նմանին կարօտութիւնը տեսնելով օգնութեան ձեռք կը մեկնէ եւ կ՚օգնէ անոր, այդպիսիով նախ եւ առաջ Աստուածահաճոյ գործ կատարած կ՚ըլլայ, երկրորդ հաւատարիմ եղած կ՚ըլլայ իր մարդ կոչումին եւ իրեն համար երկինքին մէջ գանձեր դիզած կ՚ըլլայ (տե՛ս Մտ 6.19-21):
Մարդ երբ իր նմաններուն օգնէ, այդպիսով ինքն իրեն օգնած կ՚ըլլայ եւ Տէր Յիսուսի նմանութիւնը առած կ՚ըլլայ իր վրայ, որ մեր՝ մարդոց օգնելու եւ փրկելու համար երկինքէն երկիր խոնարհեցաւ եւ Ինքզինք որպէս փրկագին տուաւ, մեզ մեղքի ճիրաններէն ազատելու համար:
Աւելի յստակ ըսելու համար՝ ան որ իր նմաններուն մասին կը մտածէ ու կը հոգայ, Աստուած ալ զինք կը հոգայ ու կ՚առաջնորդէ իր քայլերը եւ զինք կարիքի մէջ չի՛ ձգեր:
Սուրբ Օգոստինոս կը գրէ. «Մի՛ մոռնար հետեւեալ կանոնը, որ կ՚ըսէ. “Ով որ աղքատին կու տայ՝ կարիք չ՚ունենար”: Կը մոռնա՞ս այն ինչ Տէրը պիտի ըսէ աղքատներուն տուողներուն [ողորմացողներուն]. “Եկէ՛ք, Հօր օրհնեալներ, ժառանգեցէ՛ք Արքայութիւնը”»:
Իսկ Սուրբ Կիպրիանոս կը գրէ. «Եթէ կը վախնաս ու կը դողաս, որ թերեւս այս առատաձեռնութեամբդ ժառանգութիւնդ կը վատնուի…, եւ թերեւս աղքատութեան մէջ իյնաս, մի՛ մտահոգուիր, այլ՝ քաջալերուէ՛, քանի որ չես կրնար յոգնիլ ու ուժասպառ ըլլալ՝ մինչ Քրիստոսին կը ծառայես եւ երկնային գործով զբաղուած ես:
Ես այս մէկը պատասխանատուութեանս տակ չէ՛ որ կը վստահեցնեմ քեզի թէ կարիք պիտի չունենաս, այլ՝ սուրբ գիրքերուն հաւատքին ապաւինելով է որ կը խոստանամ քեզի, ինչպէս նաեւ աստուածային երդումին պատասխանատուութեամբ:
Սուրբ Հոգին Սողոմոնի բերանով խօսեցաւ, ըսելով. “Աղքատին տուողը կարօտ չ՚ըլլար, բայց անկէ երես դարձնողը շատ անէծքներ պիտի առնէ” (Առ 28.27), ցոյց տալով, թէ ողորմացողներն ու անոնք որոնք բարի գործեր կը կատարեն՝ կարօտութիւն պիտի չզգան, ընդհակառակը, ան որ իր դրամները կ՚արգելափակէ, այսինքն՝ անբերրին, ինք է որ կարօտութիւն պիտի զգայ:
Աւելցուր ասոր երանելի Սուրբ Պօղոսին՝ Սուրբ Հոգիին շնորհքով լեցուածին ըսածը. “Եւ Աստուած, որ սերմնացանին սերմ եւ ուտելիք հաց կը պարգեւէ, ձեզի եւս պիտի սերմ պարգեւէ եւ զայն աճեցնէ, եւ բազմացնէ նաեւ ձեր արդարութեան արդիւնքները. եւ՝ եւ արդէն այս հանգանականութեան կազմակերպումը միայն Երուսաղէմի քրիստոնեաներուն կարիքները բաւարարելու համար չէ, այլ կը ձգտի նաեւ՝ աւելցնել Աստուծոյ գոհութիւն մատուցանողներու թիւը” (Բ. Կր 9.10, 12): Մինչ աղքատներուն աղօթքներուն միջոցաւ երախտագիտութիւն կը բարձրանայ Աստուծոյ՝ մեր տուածներուն եւ գործերուն համար, ապա կ՚աւելնայ մեր հարստութիւնը [ժառանգութիւնը]՝ որպէս Աստուծոյ պարգեւ»:
Յակոբ Պատրիարք Նալեան այսպէս կը գրէ ողորմութեան մասին.
* Ողորմութիւնն է, որ երկրաւորներով երկնաւոր բաներ կը շահուին. ժամանակաւորներով՝ յաւիտենականները, ապականելիներով՝ անապակելիները: Որովհետեւ ինչպէս մարդը իրմէ մեծ եղողի մը ողորմութեան կարօտ է, այսինքն՝ Աստուծոյ, այդպէս ալ աղքատներն ու չքաւորները Աստուած ունեւորներու ողորմութեան կարօտ ըրած է, որպէսզի անոնց աղտով իրենց հոգին լուան, անոնց վէրքերով իրենց հոգիին վէրքերը բժշկեն եւ անոնց աղքատութեամբ իրենք փարթամանան, քանի որ աղքատները գանձապետեր են եւ Արքայութեան բանալի, Քրիստոսի փոխանորդ եւ Երկինքի Արքայութեան պահապան: Տո՛ւր չքաւորներուն եւ ա՛ռ առատաձեռն Թագաւորէն՝ Քրիստոսէ:
Սակայն, իմացի՛ր, թէ ողորմութիւնը երկու կերպ է. հոգեւոր եւ մարմնաւոր:
Հոգեւոր ողորմութիւնը իր հերթին եօթ տեսակ է:
Առաջին՝ յանցաւորին յանցանքը ներել:
Երկրորդ՝ յանդիմանել մեղաւորը:
Երրորդ՝ ուսուցանել տգէտները:
Չորրորդ՝ խրատել երկմիտները:
Հինգերորդ՝ մխիթարել տրտմածները:
Վեցերորդ՝ աղօթել ընկերոջ փրկութեան համար:
Եօթներորդ՝ համբերել իր դէմ եղած անիրաւութիւններուն:
Մարմնաւոր ողորմութիւնն ալ եօթ տեսակ է:
Առաջին՝ կերակրել անօթիները:
Երկրորդ՝ խմցնել ծարաւները:
Երրորդ՝ հագցնել մերկերը:
Չորրորդ՝ հաւաքել [հիւրասիրել] օտարները:
Հինգերորդ՝ փրկել գերիները:
Վեցերորդ՝ այցելել հիւանդները:
Եօթներորդ՝ թաղել մեռեալները:
Եթէ կը կամենաս Աստուծմէ ողորմութիւն գտնել,
Անոր անուամբ անխնայ տուր եւ ո՛չ մէկէն խնայէ:
Պետրոս Շանշեանց իր «Ուսումն պարտուց» գիրքին մէջ հետեւեալը կը գրէ.
* Ողորմութիւնը ամենէն օգտակար եւ բարի գործն է, որով կրնանք մեր ունեցուածքը գործի դնել: Ի՞նչ զգացողութիւն կրնայ հաւասարիլ այն զգացողութեան, որ մեր մէջ կը ծնի ողորմութիւնը. մինչդեռ, աշխարհային ցանկութեան եւ փարթամութեան համար գործ դրած մեր ունեցուածքը եւ ստացուածքը մեզի միայն ունայն հաճոյք կու տան եւ շատ անգամ ալ մեր միտքին մէջ դառն յիշատակ կը ձգեն: Բարերարութիւնը գեղեցիկ ճանպարհ է, որով կրնանք նեղեալները, դժբախտներն ու կարօտեալները մխիթարել, որով անոնք նաեւ կրնան օրհնել Նախախնամութիւնը: Բարերարութիւնն է միջոցը՝ անոնց սիրտը գրաւելու, մեր տարաբախտ եղբայրները՝ աղօթքի հրաւիրելու եւ այսպիսի ժամանակաւոր գործերով՝ Աստուծոյ օրհնութիւնը ստանալու. «Տուէք եւ Աստուած ձեզի պիտի տայ. պիտի տայ լաւ չափով, բերնէ բերան, զեղուն առատութեամբ։ Ինչ չափով որ ուրիշները չափէք, նոյն չափով Աստուած ձեզ պիտի չափէ» (Ղկ 6.38). «Եւ Աստուած կրնայ ամէն պարգեւ տալ ձեզի առատօրէն, որպէսզի միշտ ալ ունենաք այնքան՝ որքան պիտի բաւէր ձեր բոլոր կարիքներուն եւ աւելնար՝ ամէն տեսակի բարի գործերու յատկացուելու։ Ինչպէս Սաղմոսին մէջ գրուած է. «առատօրէն բաշխեց եւ կարօտեալներուն տուաւ. Անոր արդարութիւնը յաւիտեան կը մնայ»։ Եւ Աստուած, որ սերմնացանին սերմ եւ ուտելիք հաց կը պարգեւէ, ձեզի եւս պիտի սերմ պարգեւէ եւ զայն աճեցնէ, եւ բազմացնէ նաեւ ձեր արդարութեան արդիւնքները» (Բ.Կր 9.8-10):
Եւ՝
Իւրաքանչիւր մարդ իր կարողութեան չափով պարտաւոր է ողորմութիւն ընել, մանաւանդ՝ հարուստները: Չկայ մարդ, որ նման աստուածահաճոյ գործ մը կատարելու պարտաւորուած չըլլայ, որ միաժամանակ իր անձին համար ալ օգտակար է: Պօղոս առաքեալ կը պատուիրէ ո՛չ միայն ծանր բեռ չդառնալ ուրիշներուն, այլ՝ աշխատիլ ուրիշներուն օգնելու կարողութիւն ունենալու չափով. «…այլ՝ վարժուի արդար վաստակով ո՛չ միայն իր հացը շահելու, այլ նաեւ բարիք գործելու, օգնելով անոնց՝ որոնք կարօտ են» (Եփ 4.28): Այս հանգամանքներուն մէջ եղած ողորմութիւնը ամէն բանէ թանկագին է, ինչպիսին էր այրի կնոջ լուման, որ Փրկիչը հարուստներու տուրքէն աւելի մեծ համարեց: Այս օրինակը գեղեցիկ քաջալերութիւն մըն է այն մարդոց համար, որոնք այսպիսի վիճակի մը մէջ կը գտնուին: Արդարեւ, կան աղքատներ, որոնք տալու բան չւոնին, բայց կրնան իրենց ընկերոջ օգնել՝ ուրիշներուն յայտնելով անոր կարօտութիւնը եւ միջնորդելով անոր համար: Չքաւորները կրնան գործի մէջ իրարու օգնել, հիւանդութեան ժամանակ՝ պահպանել ու խնամել եւ այնպիսի ծառայութիւններ կատարել, որոնք շատ անգամ աւելի մեծ են քան՝ առատ ողորմութիւնները:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 148
Վաղարշապատ