ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Սոյն թուականի յունիսի 27-ը Հայ Եկեղեցւոյ եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դէմ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուած խայտառակ գործողութիւններով մեր ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մէջ կը մնայ՝ որպէս ազգային ամօթի օր։

Շինծու հիմքերով նախաձեռնուած քրէական վարոյթի շրջանակներէն ներս իրաւապահ մարմիններու ներկայացուցիչները մուտք գործած են Մայր Աթոռի տարածք՝ նպատակ ունենալով ձերբակալել եւ բերման ենթարկել Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանը։ Այդ ընթացքին մեծածաւալ ուժերով արգելափակուած են Մայր Աթոռի մուտքերը եւ խափանուած է համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնի բնականոն կեանքը։ Արհեստական խոչընդոտներ յարուցուած են նաեւ դէպի Վաղարշապատ եւ Սուրբ Էջմիածին ուղեւորուողներու համար՝ ընդհուպ կատարուած են ստուգումներ։

Խստօրէն կը դատապարտենք հակաեկեղեցական գործողութիւնները եւ զանոնք կը գնահատենք՝ որպէս անարգանք հայոց հոգեւոր կեդրոնի՝ Սրբութիւն Սրբոց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դէմ, այլեւ հաւատացեալներու հոգեւոր զգացումներուն հասցուած ծանր վիրաւորանք։

Ինչպէս երկրի վարչապետի, այնպէս ալ իշխանութեան տարբեր ներկայացուցիչներու հռետորաբանութենէն ակնյայտ է, որ ծրագրաւորուած այս գործողութիւնը իշխող ուժի եկեղեցահալած քաղաքականութեան հերթական դրսեւորումն է։ Երբեք հնարաւոր չէր պատկերացնել, որ հայրենի իշխանութիւնները ընդունակ են նման դաւադիր հարուած մը հասցնելու հայոց հնագոյն ազգային հաստատութեան՝ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ այնպէս, ինչպէս չեն վարուած նոյնիսկ ժամանակի օտար տիրապետողներ։

Կոչ կ՚ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն շարունակել նոյն նախանձախնդրութեամբ ըլլալ Մայր Եկեղեցւոյ կողքին եւ աղօթել Սուրբ Էջմիածնի պայծառութեան ու մեր հայրենիքի խաղաղութեան համար։ Հոգեւորականները հաւատաւոր մեր զաւակներու հետ պիտի ըլլան Քննչական կոմիտէի եւ դատարանի վայրերուն մօտ՝ ի զօրակցութիւն Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի։

Դատարանէն կ՚ակնկալենք արդար որոշում։

Մայր Աթոռը օրինական բոլոր միջոցներով պիտի պայքարի եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համար։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Շաբաթ, Յունիս 28, 2025