ՄԵՆՔ ԷՋՄԻԱԾԻՆ ՄԸ ՈՒՆԻՆՔ
Հայաստանի մէջ Արարատեան շաբաթ է․ տօնական շաբաթը մեկնարկելով այս երկուշաբթի օր՝ Սուրբ Հռիփիսմեանց կոյսերու տօնով, վերջ պիտի գտնէ կիրակի օր՝ Սուրբ Էջմիածնի տօնով։
Հաւատացեալներու երկրպագութեան համար դուրս բերուած են Սուրբ Էջմիածնի մեծ թիւով սրբազան մասունքներ՝ Տիրոջ Կենաց Փայտի մասունքը, Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Աջը, Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետի մասունքը, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի մասունքը, Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու մասունքարանը, Սկեւռայի մասանց պահարանը: Հոգեւոր տօնակատարութիւնները կրկին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին կանչած են հաւատացեալ ժողովուրդը, որուն թիւը այս օրերուն բազում է։
Հակառակ Մայր Աթոռի դէմ զանազան անպատեհութիւններուն, Արարատեան շաբաթը իրականութիւն դարձաւ՝ անգամ մը եւս ապացուցելով Էջմիածնի անփոփոխ եւ եզակի դերակատարութիւնը՝ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Այդպէս եղած է միշտ․ փոթորիկներ եղած են, բայց, Էջմիածինը այսօր ալ կանգուն է՝ որպէս քարեղէն կառոյց եւ մա՛նաւանդ՝ հոգեւոր գոյութիւն։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի Մայր ձեռագրացուցակին հեղինակը՝ հայ ձեռագրագէտ, բանասէր Նորայր Արք․ Պողարեան 1977 թուականին յօդուած մը ստորագրած է «Մենք Էջմիածին մը ունինք» խորագրով, որ Երուսաղէմի մէջ տպագրուելէն յետոյ լոյս տեսած է նաեւ «Էջմիածին» հանդէսին մէջ։ Պողարեան, որ նշանաւոր եւ անզուգական ձեռագրագէտ էր, միայն այդ ասպարէզով չէր սահմանափակուած, կը կատարէր նաեւ այլ ուսումնասիրութիւններ, կը գրէր յօդուածներ, որոնք «Սիոն»էն զատ լոյս կը տեսնէին նաեւ նաեւ «Հասկ»ի, «Էջմիածին»ի ու այլ հանդէսներու մէջ։
Արարատեան շաբթուայ եւ Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնի առթիւ ստորեւ կը ներկայացնենք պատմական այս յօդուածը։
*
Աստուածային գործերը զարմանալի խորհուրդ մը ունին, բարձր՝ երկինքի նման, եւ խորունկ միանգամայն: Այդպիսի գործ մըն է Միածնին էջքը ի Վաղարշապատ:
Այնքան ազգեր կային երկրի վրայ՝ մեծ եւ հզօր, բայց Միածինը իջաւ փոքր եւ տկար ազգի մը մօտ: Ո՞վ իջեցուց Միածինը իր երկնային կայանէն վար, քարքարուտ երկրի մը գիրկը. ինչպէ՞ս պատահեցաւ այդ անակնունելի հրաշքը:
Պարզ է այս հարցումին պատասխանը՝ Ս․ Գրիգոր։
Իր անտանելի չարչարանքները, մէկը միւսէն աւելի սարսռազդեցիկ, ցնցեցին Միածնին երկնանիստ գահը: Ան տեսած էր շատ մարտիրոսներ, բայց Գրիգոր կը գերազանցէր բոլորը: Տեսած էր իր առաջին վկային՝ Ստեփանոսի քարկոծումը եւ ոտքի կանգնած, որպէսզի քաջալերէ զայն իր հաւատքին մէջ: Գրիգորի բազմատեսակ տանջանքները արժանի էին աւելի բարձր գնահատութեան: Մանաւանդ որ Գրիգորի հետեւորդները պիտի կոչուէին դարէ դար տոկալու ահաւոր տանջանքներու եւ աննկարագրելի տառապանքներու։
Եւ ահա Միածինը ոսկեղէն ուռնակ մը ձեռքին իջաւ Վաղարշապատ, լոյսի շողեր ցանեց ամէն կողմ, զարկաւ իր կռանը գետնին, սանդարամետը սարսեցաւ, դժոխքի դռները տապալեցան: Հո՛ս պիտի շինէք, ըսաւ, իմ Եկեղեցին:
Հրամանը աստուածային էր, որուն առջեւ խրոխտ թագաւորն ալ պիտի խոնարհէր: Աստուածահիմն եկեղեցին անխախտ հիմեր կ՚ուզէր: Հզօր թազաւոր էր Տրդատ. ելաւ Արարատ լեռ, ութը հսկայ ժայռեր պոկեց, դրաւ իր կռնակին եւ բերաւ Վաղարշապատ: Նոր Եկեղեցիին հիմերը պատրաստ էին: Բարձրացաւ շէնքը, եւ Աստուած եկաւ հաստատուեցաւ իր Տունը: Ըսաւ Գրիգորին՝ հոս դիր քու Աթոռդ, եւ իբրեւ իմ փոխանորդս տէր եղիր այս ժողովուրդին: Յուզուեցաւ Գրիգոր։ Ես տկար մարդ մըն եմ, ըսաւ, ինչպէ՞ս կրնամ պաշտպանել այս ժողովուրդը: Արցունքի կաթիլներ ինկան իր աչքէն, Հրեշտակները փութացին իսկոյն, չթողուցին որ Գրիգորի արցունքները գետին իյնան. առին զանոնք մաքուր կանթեղի մը մէջ եւ տարին երկինք: Դուն տկար չես, ըսաւ Միածինը, Աստուծոյ զօրութիւնը տկար համարուածներու միջոցաւ է որ կը հրաշագործէ: Բայց որպէսզի քու ժողովուրդդ ապահով զգայ՝ ահաւասիկ Տրդատի թուրը պահապան կը դնեմ Արագածի գագաթին, քու արտասուաշող կանթեղիդ մօտ եւ անոնք կը մնան այնտեղ յաւիտենապէս՝ իմ յաւիտենական լեռներուս նման:
Միածնահիմն Տաճարին շաղախները հազիւ չորցած էին, անոր ամրութիւնը փորձելու համար եկաւ Մաքսիմին կայսրը․ «Այդ Տաճարը իմ արքիս մէջ փուշ մըն է», ըսաւ հեթանոս բռնակալը, մէջտեղէն պիտի վերցնեմ զայն: Առաւ իր բանակը եւ սկսաւ յառաջանալ դէպի Վաղարշապատ. բայց չկրցաւ հոն հասնիլ, Տրդատի Թուրը եւ անոր ետին կանգնած հայ զօրքերը չարաչար կռփեցին զինքը, եւ բռնակալը հեռացաւ գլխիկոր:
Թագազարդ ուրիշ գլուխ մը հեռուէն կը դիտէր այս տիտանեան պայքարը, որ մեծապէս կը շահագրգռէր զինքը: Միտքը պղտորած վիճակ մը ունէր: Խանգարուած էր քունը: Խռովայոյզ երազի մը յորձանքը պարուրած էր զինքը: Աչքերը լայն բացած մէկ վար կը նայէր բարձրացող փոշիին, մէկ վեր կը նայէր կուտակուող ամպերուն: Յանկարծ կանգ առաւ. իր աչքերը գամուեցան երկինքին. հոն նորանշան լոյս մը նշմարեց. քառաթեւ ձեւ ունէր այն եւ թրակերպ ծայր. լուսաշող գիրեր շարուեցան անոր շուրջ եւ յուզումով կարդաց. «Ասով պիտի յաղթես»:
Շատ մրցակիցներ ու հակառակորդներ ունէր ան, մօտ էր բախումի օրը՝ հրամայեց որ Հռովմէական բանակի դրօշակներուն վրայ այդ նշանը դրոշմեն: Սկսաւ պայքարը հակառակորդներու հետ. սաստիկ էր պատերազմը, բայց երկնային այդ նշանին զօրութիւնը ապահոված էր Կոստանդիանոսի յաղթութիւնը: Տրդատի յաղթական Թուրէն ժայթքած բոցավառ կայծերը սահմանուած էին հրդեհելու Հռովմէական կայսրութիւնը ծագէ ծագ, նոր արշալոյս մը պարգեւելով տառապող մարդկութեան: Հրաշալի լոյսը վառ ի վառ կը շողար Արագածի գագաթին եւ իր ճառագայթները կը ղրկէր մինչեւ հեռաւոր հորիզոններ: Հոգեւոր էր այդ լոյսը եւ կ՚առաջնորդէր հոգիի մարդոց:
Տարիները կ՚անցնէին շարան շարան: Եւ ահա օր մը հոգիի մարդ մը ելաւ մէջտեղ, Մաշտոց կը կոչէին գայն, ուխտի ելաւ դէպի Արագած, Լուսաւորչի կանթեղէն ջահ մը վառեց ու իջաւ վար: Լուսաւոր ջահը ձեռքին շրջեցաւ Հայաստան աշխարհը հիւսիսէն հարաւ եւ արեւելքէն արեւմուտք, ամէն տեղ բոցավառեց իմացական լոյսի կանթեղներ, Հայաստանը վերածուեցաւ շողշողուն ադամանդի:
Այդ անգին ադամանդը պէտք ունէր պաշտպանութեան: Մաշտոց գտած էր միջոցը. երեսուն եւ վեց մարտկոցներ կազմեց եւ զետեղեց իր երկրին սահմաններուն վրայ: Ադամանդը բարձրանշոյլ կը շողար. անոր աննման փայլը քունը կը փախցնէր նախանձոտ եւ ընչաքաղց բռնաւորներու:
Ելաւ Յազկերտ. «Ես մոխիրներու տակ պիտի թաղեմ,- ըսաւ,- Լուսաւորչի կանթեղը»: «Չես կրնար,- ըսաւ Վարդան, հրեղէն սուրը ձեռքին,- հոգեւոր լոյսը չէ կարելի մարել մոխիրներու կոյտերով»:
Յամառեցաւ Յազկերտ. յառաջ քշեց իր փիղերը, որոնք զարնուեցան Մաշտոցեան մարտկոցներուն եւ փլան կորակոր: Վարդանի հոգին սեւեռուեցաւ ոսկեծղի մատեանի մը էջերուն վրայ՝ անմահութեան կնիքով։
Ելաւ Գդիհոնը, ամբարտաւանութեամբ կը պարծէր եւ կըսէր․ «Ես Հայոց զօրքը նետիս կոթովը կը ցրուեմ»:
Լսեց Վահան, Տրդատի կայծակէ թուրը ձեռքն առաւ, հեղ մը նայեցաւ վեր՝ Ս. Էջմիածնի Կաթողիկէին, խաչակնքեց երեսը, խոյացաւ անարգ դաւաճանին վրայ, եւ նիզակի մէկ հարուածով լերդախոց տապալեց զայն անկենդան: Վահանի անունը արձանագրուեցաւ Հայոց Ոսկեմատեանին մէջ՝ անջնջելի տառերով:
Ելաւ Մսրամելիք, Հայոց ազգը լուծի տակ դնել կ՚ուզէր: Իմացաւ Դաւիթ, խլեց կայծակէ թուրը, վազեց բռնաւորին դէմ, զգետնեց զայն։
Ապա դարձաւ ետեւ, հեռուն լոյս մը կը շողար, Արագածի կանթեղն էր: Դաւթի անունը երգի փոխուեցաւ, անմահական վէպ մը յաւերժացուց իր փառաւոր յիշատակը:
Եկաւ Ճէնկիզ Խան իր արիւնարբու հորդաներով, քանդեց ու այրեց, բայց Հայութիւնը դիմացաւ ամէն տառապանքի, իր Լուսաւորչին պէս, եւ ողջ դուրս եկաւ մահուան անդունդէն:
Եկաւ Լէնկթիմուր իր խուժդուժ հորդաներով, այրեց ու քանդեց, ջարդեց ու կոտորեց, բայց Հայ ժողովուրդը տոկաց ամէն տանջանքի, իր Լուսաւորչին պէս, եւ վերստին ապրեցաւ, շինեց ու շէնցուց Հայաստան աշխարհը:
Եկաւ շահ Աբաս իր անողոք զօրքերով, գերեց քշեց Այրարատի Հայութիւնը, անորդի դարձուց Մայր Էջմիածինը, բայց Հայ ազգը դիմացաւ, իր Լուսաւորչին պէս, վերակերտեց իր տունը եւ ծաղկեցուց իր այգին:
Նոր դար՝ նոր աղէտ։ Լուսաւորչի թոռները դեռ պիտի տառապէին իրենց նախահօր նման: Ահաւոր էր լուրը. Հայուն գոյութեան վտանգ կը սպառնար: Յիշեց Անդրանիկ Տրդատի Թուրը, ձեռք առաւ զայն, հեծաւ իր սպիտակ ձին եւ իջաւ ասպարէզ: Կայծակէ թուրը կը շողար, հրացայտ, կրակ կար Անդրանիկի աչքերուն մէջ, ոսոխները ընկրկեցան: Անդրանիկ ետին դարձաւ, երկինքի եւ երկրի մէջտեղ կանթեղ մը լոյս կ՚արձակէր. Լուսաւորչի կանթեղն էր, յաւիտենական խորհրդանիշը Հայուն հաւատքին եւ անմեռ կենդանութեան: Անդրանիկի անաղարտ անունը պարուրուեցաւ լոյսերով:
Մենք Էջմիածին մը ունինք, որուն վերեւ կը պլպլայ Լուսաւորչի Կանթեղը եւ կը շողշողայ Տրդատի Թուրը: Դարեր կու գան, դարեր կ՚երթան, Էջմիածինը կ՚ապրի իր քարեղէն գոյութեամբ եւ հոգեղէն զօրութեամբ: Անոր լուսաշող ճառագայթները սահման ու արգելք չեն ճանչնար, կը թափանցեն ամէն տեղ ուր որ Հայ կայ, եւ կը ցուցնեն այն ճամբան որ կը տանի դէպի անմահութիւն:
ՏՕՆ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ
Հայ Եկեղեցւոյ մեծ տօներէն մէկն է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի տեսիլքով Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի հիմնադրման տօնը։ Ըստ աւանդութեան՝ երբ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ դուրս կու գայ Խոր Վիրապի բանտարկութենէն, տեսիլք մը կ՚ունենայ, ուր Միածինը՝ պատուած հրաշափառ լոյսով, կ՚իջնէ երկինքէն եւ ոսկիէ մուրհակի հարուածով կը զարնէ Սանդարամետի գետնափոր մեհեանին՝ ցոյց տալով այն վայրը, ուր պէտք է կառուցուէր հայոց սուրբ հաւատքի տաճարը։
Այս տեսիլքէն ալ ծագում առած է «Էջմիածին» անունը, այսինքն՝ էջ՝ իջաւ Միածինը։
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ իր տեսիլքը կը պատմէ հայոց Տրդատ արքային, որուն հովանաւորութեամբ կը սկսուի Սուրբ Էջմիածնի՝ Սուրբ Աստուածածնին նուիրուած Կաթողիկէ Մայր Տաճարին շինութիւնը։ Քրիստոսի իջման վայրը կը դառնայ Իջման Սուրբ Սեղանի կառուցման տեղը։ Այս շինարարութեան մասնակցած են նաեւ Տրդատ արքան եւ Աշխէն թագուհին։
Ըստ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի «Ծիսական բառարան»ի՝ «կաթողիկէ» կը նշանակէ աթոռանիստ մայր եկեղեցի, եւ այս անունը յատուկ տրուած է Էջմիածնի Մայր Տաճարին։ Այլ իմաստով՝ կաթողիկէ անուանած են նաեւ բոլոր գմբէթաւոր եկեղեցիները ընդհանրապէս, իսկ աստուածաբանութեան մէջ այդ եզրը կը ներկայացնէ եկեղեցւոյ ընդհանրականութեան խորհրդապատկերը։ Այս բոլոր իմաստներով Էջմիածնի Մայր Տաճարը իսկապէս կաթողիկէ է՝ աթոռանիստ, գմբէթաւոր եւ ընդհանրական՝ բոլոր հաւատացեալներուն համար։
Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը կը նշուի Սուրբ Զատկէն 64 օր ետք՝ կամ Հոգեգալստեան կիրակիին յաջորդող երկրորդ կիրակիին։ Տօնի օրը կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ, իսկ ժամերգութիւններուն ընթացքին, այլ շարականներու հետ կ՚երգուի նաեւ յայտնի «Էջ Միածինն ի Հօրէ» շարականը, որ գրած է 8-րդ դարու կաթողիկոս Սահակ Ձորափորեցի։ Շարականը կը պատմէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի տեսիլքի եւ տաճարի կառուցման մասին։ «Էջ Միածինն ի Հօրէ» շարականով կ՚աւարտի Սուրբ Էջմիածնի՝ կամ Շողակաթի տօնին կանոնը։
Էջ Միածինն ի հօրէ
Էջ Միածինն ի հօրէ
Եւ լոյս փառաց ընդ նըմա,
Ձայնք հնչեցին սանդարամետք անդնդոց։
Տեսեալ զլոյս մեծ
Հայրապետին Գրիգորի,
Պատմէր ցնծութեամբ հաւատացեալ արքային։
Եկայք շինեսցուք
Սուրբ զխորանն լուսոյ.
Քանզի ի սմա ծագեաց մեզ լոյս
Ի Հայաստան աշխարհի։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան