ՀԱՅԵՐՈՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ. ԹՈՐԳՈՄԵԱՆՆԵՐՈՒ ՏՈՒՆԸ

Վերջին շրջանին համաշխարհային մամուլի մէջ յաճախ հանդիպելի են հայ անուններու մասին յօդուածներ, որոնք աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ ապրող, զանազան բնագաւառներու մէջ գործող հայերու յաջողութեան պատմութիւններ կը ներկայացնեն։ 

Աշխարհի ամենահեղինակաւոր եւ ամենայայտնի տնտեսական տպագրական հրատարակութիւններէն մէկը՝ «Ֆորպս» ամսագիրը, վերջերս յօդուած մը հրապարակած է հայաստանցի ճարտարապետ Ժիրայր Թորգոմեանի՝ Ֆրանսայի մէջ կառուցած տունին մասին։ Մինչ «Ֆորպս»ի այս հրապարակումը՝ երկու տարի առաջ ալ «Ֆրանս 3» պետական հեռուստաընկերութիւնը հաղորդում մը պատրաստած էր նոյն տունին մասին։ 

Այդ տունը Փարիզի մէջ եւ անոր շրջակայքը յայտնի է «Լաքշըրի վիլլա» անունով եւ կը գտնուի Մոնժերոնի խաղաղ թաղամասին մէջ, Փարիզէն 20 քիլօմեթրէն պակաս հեռաւորութեան վրայ։

«Ֆորպս» ամսագիրը կը գրէ, որ Թորգոմեաններու շքեղ ապարանքը ճարտարապետական երազանքէն ծնած տուն մըն է, որ ութ տարի շարունակ կառուցած են Ժիրայր Թորգոմեան եւ անոր կինը՝ Ատրինէ Մանուկեան։

Հայաստանցի ճարտարապետները Ֆրանսա տեղափոխուելէ առաջ ճարտարապետական մասնագիտական կրթութիւն ստացած են Երեւանի մէջ, սակայն, իրարու հանդիպած են Փարիզի ճարտարապետական ​​դպրոցը: Սկիզբը անոնք ապրած են փոքրիկ ստութիոյի մը մէջ, ապա նեղ բնակարաններ նստած են, հակառակ որ վարժ էին ընդարձակ տուներու: Իրենց բազմացող ընտանիքին հետ անոնք կը պատկերացնէին այն տունը, որ ամբողջական կը դարձնէր ընտանիքի երջանկութիւնը։ 

Տունը ոգեշնչուած է ֆրանսացի նշանաւոր ճարտարապետ՝ ծագումով Զուիցերիայէն ժամանակակից ճարտարապետութեան առաջնորդ, ճարտարապետութեան ներկայացուցիչ, նկարիչ եւ ձեւաւորող Շարլ Էտուար լը Քորպիւզիէի (1887-1965) նախագիծերէն։ Ան շատ ճարտարապետներու ոգեշնչողը եղած է իր նորարարական գաղափարներով, ազդած է սերունդներու վրայ եւ մինչեւ հիմա ալ անոր միտքերը եւ գաղափարները արդիական են կառոյցներու ժամանակակից գծագրողներուն համար։ 

Այս տունը Ժիրայր Թորգոմեան եւ կինը նախագծած եւ կառուցած են 2013-2021 թուականներու ընթացքին՝ մօտէն հսկելով եւ հետեւելով իրենց երազանքի թռիչքին, որ կեանք առած է օրէ օր։ 

Ամուսինները տունին ճարտարապետական կառոյցները համեմած են արուեստի եւ նորաձեւութեան շունչով՝ ժամանակակից լուծումներ տալով ապարանքին։ 

Ընտանիքը, սակայն, տունին մէջ ապրած է միայն երկու տարի։ Տեսնելով տունին հանդէպ հետաքրքրութիւնը՝ Թորգոմեան սկսած է զանազան նախագիծերու համար վարձով տրամադրել իր առանձնատունը։ 

Ժամանակակից ընկերութիւնները հետզհետէ աւելի շատ կը նախընտրեն իրենց ​​միջոցառումները կազմակերպել եզակի վայրերու մէջ։ Ամսագիրը կը գրէ, որ այդ ցանկութիւնը կը բացատրուի ոգեշնչող տարածքներու ջերմութեամբ, ինչպիսին է Թորգոմեանի Մոնժերոնի շքեղ առանձնատունը, որ կը խթանէ ստեղծագործականութիւնը եւ կ՚ամրապնդէ խումբի մը համախմբուածութիւնը։ 

Թորգոմեաններու տունին մէջ արդէն նկարահանուած են աւելի քան հարիւր տեսահոլովակներ, որոնց մէջ կան մինչեւ 10 միլիոն դիտում ունեցող տեսահոլովակներ։ Այնտեղ նկարահանուած են տեսաֆիլմեր, հարցազրոյցներ, հաղորդումներ, ներկայացումներ, նշանաւոր խմիչքներու եւ բազմաթիւ այլ ընկերութիւններու գովազդներ, կազմակերպուած են նշանաւոր մարդոց ներկայութեամբ ճաշկերոյթներ, որոնց շարքին էին Ֆրանսայի երկաթգծի ղեկավարի հրաւէրը, նշանաւոր մարզիկներու, դերասաններու Ֆրանսայի կիներու ոտնագնդակի ազգային հաւաքականի ճաշկերոյթները եւ այլն։ Շուտով առանձնատունին մէջ շարժանկար մը պիտի նկարահանուի «Նեթֆլիքս»ի համար։ 

Ամսագիրը կը գրէ, որ առանձնատունը բազմաթիւներ կը գրաւէ իր լաւ կահաւորանքով, ժամանակակից պայմաններով, գիշերակացի եւ ցերեկային հանգստի համար ստեղծուած անկիւններով։ Այնտեղ գերարագ համացանց ներդրուած է, ինչ որ յարմար է նաեւ աշխատելու համար, իսկ հիւրերը կրնան հոն ունենալ խոհարարական փորձառութիւն, համտեսել տեղական արտադրանքը։

Թորգոմեանները ուրախ են, որ իրենց երազանքի իրականացումը գրաւած է բազմաթիւ մարդիկ, որոնք ծանօթ են ժամանակակից բարձրախաւային կեանքին եւ լաւ կը զգան այդ տունին մէջ։

ՏՈՄԻՆԿՕ ՀԻՆՏՈՅԵԱՆ՝ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍՒ ՕՓԵՐԱՅԻ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՏՆՕՐԷՆ

«Ուաշինկթըն փոստ»ը կը տեղեկացնէ, որ Վենեզուելլայէն հայկական ծագումով խմբավար Տոմինկօ Հինտոյեան նշանակուած է Լոս Անճելըսի Օփերայի երաժշտական տնօրէն։ Հայ երաժիշտը այս պաշտօնը պիտի ստանձնէ 2026 թուականին՝ փոխարինելով Ճէյմս Քոնլընը։

Հինտոյեանին հետ կնքուած է հինգ տարուան պայմանագիր մը, իսկ առաջին տարին ան պիտի ներկայացնէ առնուազն երեք բեմադրութիւններ։ Ան անցեալ նոյեմբերին Լոս Անճելըսի Օփերային մէջ «Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթ»ը ներկայացնելով՝ տպաւորած էր Օփերայի ղեկավարութիւնը։

45-ամեայ Տոմինկօ Հինտոյեան զաւակն է յայտնի ջութակահար եւ Վենեզուելլայի «Օրքեսթրա սիմֆոնիքա»ի նախկին նախագահ Տոմինկօ Կարսիայի եւ իրաւաբան եւ Վենեզուելլայի օրէնսդիր մարմինի անդամ, հալէպահայ Վիքի Հինտոյեանի։ Ան ժառանգած է իր մօր հայկական մականունը։ 

Մինչ այս նոր պաշտօնը՝ Հինտոյեան տարիներ առաջ ալ ստանձնած էր Լիվըրփուլի Արքունի ֆիլարմոնիք նուագախումբին ղեկը, զուգահեռաբար ղեկավարելով նաեւ Լեհաստանի ազգային սիմֆոնիք նուագախումբը:

Հինտոյեան աշխատած է միջազգային ճանաչում ունեցող շարք մը այլ նուագախումբերու եւ օփերաներու հետ. ինչպէս՝ Լոնտոնի ֆիլարմոնիք նուագախումբը, «Մեթրոփոլիթըն» օփերան, Վիեննայի «Սթաատեր»ը, Սեն Փեթերսպուրկի ֆիլարմոնիքը, «Մարինեան» թատրոնը եւ այլն:

ՀԱՅ ԳԻՏՆԱԿԱՆԻՆ ՅԱՅՏՆԱԳՈՐԾՈՒՄԸ

Հայազգի գիտնականը Ալպերթ Այնըշթայնի «յարաբերականութեան տեսութենէն» կարեւորագոյն խնդիր մը լուծած է, որուն լուծման համար համաշխարհային գիտական աշխարհը կը պայքարէր 1915 թուականէն սկսեալ եւ լուծում չէր գտներ։ Վերջին շրջանին այս խորագրերով յօդուածներ հրապարակուած են միջազգային մամուլին մէջ, երբ հայաստանցի գիտնական Գագիկ Տէր-Ղազարեանի գիտական մէկ յօդուածը լոյս տեսած է «Gravitation and Cosmology» համաշխարհային գիտական ամսագրին մէջ։ Այդ յօդուածէն յետոյ մամուլը գրեց, որ գիտնականը կարողացած է հաշուարկել կոր տարածութեան մէջ մասնիկի եւ դիտորդի իրական յարաբերական արագութիւնը, այսինքն` այն արագութիւնը, որ կը նկարագրէ մեր տիեզերքը: Մինչ այժմ այդ մէկը անհնար կը նկատուէր։ Աւելին՝ Տէր-Ղազարեան ստացած է բանաձեւ մը, որով կարելի է ճշգրիտ որոշել հեռաւոր կէտերու հեռացման շարժազօր արագութիւնը։ Մամուլը նաեւ կը գրէ, թէ ինչպէ՛ս տիեզերքի ընդլայնումէն բխող ձգողականութիւնը կ՚ազդէ մարմիններու շարժման վրայ, եւ այդ մէկը նոր հորիզոններ կը բանայ աստղաբնագիտութեան մէջ:

Գագիկ Տէր-Ղազարեան Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Բիւրականի «Վիքթոր Համբարձումեան» աստղադիտարանի առաջատար գիտաշխատող է, Խորեզմի միջազգային մրցանակի դափնեկիր, տոքթոր։

Գիտնականը ծնած է 1950 թուականին՝ Երեւանի մէջ։ 1972 թուականին աւարտած է Երեւանի Պետական համալսարանի բնագիտութեան բաժինը։ Աշխատած է համալսարանին մէջ, այնուհետեւ՝ 1983 թուականին՝ Բիւրականի աստղադիտարանը։ Ան միջազգային ճանաչումով փորձագէտ մըն է, մասնաւորապէս՝ ամերիկեան եւ եւրոպական կարգ մը առաջնակարգ գիտական ամսագրերու փորձագէտ։ Տէր-Ղազարեան Միջազգային աստղագիտական միութեան անդամ է, բազմաթիւ աշխատութիւններու հեղինակ եւ յաճախ դասախօսութիւններով հանդէս եկած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ճաբոնի, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Ռուսաստանի, Իրանի, Օմանի համալսարաններու մէջ:

ՀԱՅ ՆԿԱՐՉՈՒՀԻԻ ՈՐՄՆԱՆԿԱՐԸ՝ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ

Հայաստանէն Ֆրանսա տեղափոխուած եւ հոն ապրող ու ստեղծագործող նկարչուհի Ամալի Գալստեան-Պուժոս վերջերս բարձր ընդունելութեան եւ յարգանքի արժանացած է Ֆրանսայի պետական եւ ռազմական ղեկավարութեան կողմէ, ինչ որ տեղ գտած է ֆրանսական մամուլին մէջ։

Ամալի Գալստեան-Պուժոս իր ստեղծած մէկ որմնանկարը նուիրած է 1963 թուականի Քամերունի ճակատամարտին մէջ Ֆրանսայի օտարերկրեայ զօրագունդի յաղթանակին եւ զայն տեղադրուած է Ֆրանսիայի հարաւը գտնուող շքեղ տաճարին մէջ: 

Ամալի Գալստեան-Պուժոս ուսանած է Հայաստան, Կիւմրի, ուր Գեղարուեստի ակադեմիոյ մասնաճիւղին մէջ ստացած է մասնագիտական կրթութիւն, որ շարունակած է Ֆրանսա։ Ան գործակցած է նշանաւոր ձեւագէտներու, նկարիչներու, ճարտարապետներու հետ, իր աշխատանքները եւ նախագիծերը ներկայացուցած է թէ՛ Ֆրանսա, թէ՛ արտասահման։ Այժմ ունի իր արուեստանոցը՝ Փարիզի մէջ, յաճախ ցուցահանդէսներ կը կազմակերպէ։ 

Անոր ստեղծած որմնանկարը, որու առթիւ հայ նկարչուհիին անդրադարձած է ֆրանսական մամուլը, 8 մեթր երկարութեամբ, 3,5 մեթր լայնութեամբ աշխատանք մըն է, որու բացումը կատարած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմաիւէլ Մաքրոն՝ Քամերունի ճակատամարտին նուիրուած հանդիսութեան ժամանակ։ Նկարչուհին նախագահին ձեռքը սեղմելու ատեն ըսած է, որ հայ է, ինչ որ ոգեւորած է Մաքրոնը, ան ալ ըսած է՝ հայերը մեր բարեկամներն են։ Մաքրոն նաեւ հետաքրքրուած է նկարչուհիի գործունէութեամբ եւ շնորհակալութիւն յայտնած է անոր։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ

Հեղինակաւոր «Time Magazine» ամսագիրը իր վերջին թիւին մէջ Հայաստանի մասին յօդուած մը հրապարակած է, ուր կ՚ըսուի․ «Կովկասի սիրտին մէջ, ուր ձիւնածածկ գագաթները կը հանդիպին արեւաշող հովիտներուն, լուռ յեղափոխութիւն սկսած էր»։ Առաջին տողերէն այն տպաւորութիւն կը թողէ, թէ քաղաքական յօդուած մըն է, մինչդեռ ամսագիրը կը նկարագրէ յառաջընթաց մը, որ Հայաստանի եւ տարածաշրջանի համար ստեղծած է Դաւիթ Ղազարեանի հիմնած «Սփայկա» խոշոր ընկերութիւնը։ Ամսագիրը այս ընկերութիւնը կը ներկայացնէ որպէս Հայաստանի գիւղատնտեսական յառաջընթացի խորհրդանիշ, որ Հայաստանի միջազգային հեղինակութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգած է։ 

«Ղազարեանի ստեղծած «Սփայկա»ն դարձաւ ռազմավարական մտածողութեան եւ ձեռներէցութեան կամքի խորհրդանիշ՝ փոխակերպելով Հայաստանի գիւղատնտեսական ոլորտն ու արտահանման ներուժը այնպէս, ինչպէս քիչեր կարող էին պատկերացնել», կը գրէ «Time Magazine»ը եւ կը յաւելէ, թէ Ղազարեան վերաիմաստաւորած է հայկական գիւղատնտեսութեան զարգացման ուղին։

Ամսագիրը մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է «Սփայկա»ի գործունէութենէն՝ նշելով, որ այն բազմատեսակ է՝ մշակութենէն եւ ժամանակակից գործարաններէն մինչեւ խելացի ծրարաւորում եւ լայնածաւալ կշռադատուած ցանց։ 

Ըստ պարբերականի, Դաւիթ Ղազարեանի առաջնորդութեամբ «Սփայկա»ն դարձած է ո՛չ միայն յաջողակ ընկերութիւն, այլեւ՝ ազգային հարստութիւն։ Ամսագիրը այս ընկերութիւնը օրինակ բերած է իբրեւ երկրի մը հեղինակութիւնը միջազգային դաշտի մէջ բարձրացնող ընկերութիւն մը, որ տեսլական ունի։ 

Տարածաշրջանի յառաջատար գիւղատնտեսական հսկայ ընկերութիւնը կը զբաղի ո՛չ միայն գիւղատնտեսական արտադրութեամբ, այլեւ կայուն դիրքեր կը զբաղեցնէ միջազգային բեռնափոխադրումներու ասպարէզին մէջ, իսկ 2007 թուականէն սկսեալ նաեւ արեւահամ պտուղներու ու բանջարեղէնի խոշորագոյն արտադրողն ու արտահանողն է դէպի Եւրոպա, ԱՊՀ եւ Ծոցի երկիրներ: Այսօր այս ընկերութիւնը կ՚ապահովէ Հայաստանի գիւղատնտեսական արտադրանքի արտահանման ծաւալի 70 առ հարիւրը։ 

«Սփայկա»ն նաեւ կ՚արտադրէ բարձրորակ կաթնամթերք, այդ կարգին՝ կապոյտ պանիր եւ կարագ։ «Մենք ոչ միայն ապրանք կը վաճառենք, այլեւ կը վաճառենք հայկական տոկունութիւն եւ կը ստեղծենք որակի պատմութիւն», ըսած է ընկերութեան հիմնադիր նախագահ Դաւիթ Ղազարեան։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունիս 17, 2025