ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Ս. Հռիփսիմեանց յիշատակութեան տօնը։ Այս առթիւ, ըստ աւանդութեան, Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան անուան տօնախմբութիւն։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան, Տ. Զօհրապ Աւ. Քհնյ. Ճիվանեան, Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա եւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որու ընթացքին ատենապետ Մինաս Մեծատուրի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Նորին Սրբազնութիւնը, քահանայ հայրերը եւ բոլոր հաւատացեալները։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան օրհնեց թաղային խորհուրդին կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը՝ յղելով յաջողութեան մաղթանքներ։

Երեքշաբթի, Յունիս 17, 2025