ԻՍՐԱՅԷԼ ԵՒ ԻՐԱՆ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ ԿՈՒ ՏԱՆ ԻՐԱՐՈՒ՝ ՄԻՆՉ ԱՇԽԱՐՀ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ Է
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ կազմակերպուած յարձակումները կը համարուին խափանարարութիւններ, որոնք ակնյայտօրէն միջազգային իրաւունքը առ ոչինչ կը համարեն։
Ամբողջ աշխարհ մտահոգութեամբ կը հետեւի Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւններուն՝ մանաւանդ վերջին երկու օրերուն Իսրայէլի կողմէ Իրանի վրայ գործուած յարձակումներուն։ Երէկ Իրանն ալ պալիսթիք հրթիռներով փոխադարձեց Իսրայէլի յարձակումներուն եւ այս պահու դրութեամբ երկու երկիրները կը շարունակեն փոխադարձաբար զիրար թիրախաւորել։
Թուրքիա մօտէն կը հետեւի տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն՝ մինչ երէկ Անգարայի մէջ ստեղծուած իրավիճակը արժեւորուեցաւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու խորհրդակցութիւնով մը։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր, ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Մեթին Կիւրաք եւ ՄԻԹ-ի ղեկավար Իպրահիմ Քալըն մասնակցեցան այս խորհրդակցութեան։ Այս առթիւ Հաքան Ֆիտան յայտնեց, որ պատերազմի միակ այլընտրանքն է դիւանագիտութիւնը։
Իրան երէկ տեղեկացուց, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ անհրաժեշտ է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ իր հիւլէական ծրագրին շուրջ ձեռնարկուած բանակցութիւններու շարունակուիլը։ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդն ալ երէկ հրատապ քննարկում ծաւալեց Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ ծագած պատերազմին կապակցութեամբ։ Միջազգային աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ Միացեալ Նահանգներ զօրքերու կուտակումներ կը կատարէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ՝ մասնաւորապէս ռազմանաւեր կ՚ուղարկէ տարածաշրջան։
Կը հաղորդուի, որ տարածաշրջանի բազում երկիրներ արդէն իրենց օդային մարզը փակած են պատերազմի հետեւանքով։