«ԱՊՐԻ ԱՐՄԵՆԻԱ»Ի 2025-Ի ՖՈՐՈՒՄԸ. ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄ

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «ԱՊՐԻ Արմենիա» 2025-ի ֆորումը, որ կազմակերպուած էր՝ «Գտնելով կայունութիւն անկայուն աշխարհի մէջ» խորագրին ներքեւ։ «Մարիոթ Արմենիա» պանդոկի «Տիգրան Մեծ» սրահի երդիքին տակ ծաւալուեցան ֆորումի քննարկումները, որոնք բազմակողմանի նիւթերու վրայ լոյս սփռեցին։ Հիմք ունենալով նախորդ երեք յաջող ֆորումներու փորձը՝ այս տարուանը համախմբեց քաղաքական, դիւանագիտական, ակադեմական եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ մտաւորականներ եւ ամբողջ աշխարհէն լրագրողներ։ Քննարկումները հետամուտ էին բացայայտելու Հայաստանի զարգացման հիմնական ոլորտներէ ներս յառաջ շարժուելու ուղիները։ Եռօրեայ քննարկումները տեղի ունեցան նաեւ փորձագիտական նիւթերու շուրջ։

Ֆորումի ատենախօսներու շարքին էին Հայաստանէն շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ. օրինակ՝ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան։

Ֆորումի բացման նիստին «Արմէնփրէս» գործակալութեան տնօրէնուհի Նարինէ Նազարեան յայտնեց, որ շատ կարեւոր է, որպէսզի լրատուամիջոցը ձգտի մնալ վստահելի, իսկ այս պատճառաւ անհրաժեշտ է երբեք չհատել ճշմարտութեան սահմանագիծը։

Շաբաթ, Յունիս 14, 2025