ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ ընդունեց խումբ մը երիտասարդներ, որոնք սփիւռքի զանազան թեմերէն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մեկնած են՝ հայագիտական եւ կրօնագիտական նորահաստատ դասընթացքներու մասնակցելու համար։ Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ «Գարեգին Ա.» կեդրոնէն ներս կազմակերպուած դասընթացքներու նպատակն է զօրացնել երիտասարդներու հայոց լեզուի եւ պատմութեան իմացութիւնը, հոգեւոր գիտելիքները, ինչպէս նաեւ հնարաւորութիւն ընձեռել հաղորդ դառնալու Հայաստանի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան եւ արժէքներուն։ Այս դասընթացքներու մասնակիցներուն համար կը կազմակերպուին նաեւ մշակութային ծրագրեր եւ ուխտագնացութիւններ դէպի զանազան սրբավայրեր։ Ծրագիրը կը համակարգուի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի տնօրէն Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննիսեանի կողմէ։
Նորին Սրբութիւնը երէկուան զրոյցի ընթացքին հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց սփիւռքահայ երիտասարդներուն։ Ան ուրախութիւն յայտնեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ անոնց համախմբման բերումով, հետաքրքրուեցաւ դասընթացքներու մասնակիցներու առօրեայով եւ ուսումնառութեան ընթացքով։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը մասնաւորապէս ընդգծեց դասընթացքներու կարեւորութիւնն ու օգտակարութիւնը գիտելիքներու հարստացման, ազգային ոգիի, առ հայրենիք եւ ազգը սիրոյ առաւել ամրապնդման առումով։ Նորին Սրբութիւնը երիտասարդներուն յորդորեց համախմբուիլ Հայոց Եկեղեցւոյ շուրջ, ջանասիրութեամբ շարունակել ուսումը եւ ձեռք բերուած գիտելիքներով հարստացած՝ իբրեւ ազգի արժանաւոր զաւակներ, իրենց ներդրումը ունենալ Հայաստանի, նաեւ իրենց աշխարհասփիւռ համայքներու առաւել զօրացման ուղղութեամբ։