ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՍՐԻՆԳՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ. ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՆԱԵՒ՝ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՁԵՌԱԳԻՐԸ
Վերջին օրերուն Երեւանը կը շնչէր «Թանգարանային գիշեր» ծրագրի պարգեւած մշակութային խանդավառ շունչով։ Այդ շունչը տակաւին զգալի է՝ թանգարաններու օրուայ առիթով բացուած որոշ ցուցահանդէսներ երկարած են մինչեւ մայիսի վերջը։ Անոնցմէ մին Կոմիտասին նուիրուած ցուցադրութիւնն է, որ մինչեւ մայիսի վերջը պիտի շարունակուի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ։ Բոլոր թանգարանները, պատկերասրահները իրենց պահոցներէն հանած էին բացառիկ ցուցանմոյշներ եւ ի ցոյց դրուած այդ օրերուն։
«Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը իր հիմնական ցուցադրութենէն զատ այցելուներուն ներկայացուցած էր նաեւ Կոմիտաս Վարդապետի սրինգը՝ ինքնագիր յօդուածի մը հետ։ Այդ մէկը ձեռագիր է, սակայն սրինգին նուիրուած երաժշտագիտական այդ յօդուածը օրին տպագրուած է մամուլին մէջ, ապա տեղ գտած՝ Կոմիտասի ժողովածոներուն մէջ։ Իսկ ընդհանրապէս Կոմիտասի արխիւին մէջ մեծ կարեւորութիւն ունի այդ թանգարանին մէջ պահուող անոր ձեռագիրները, որոնց մէջ են երաժշտական ուսումնասիրութիւններու անոր տետրակները։ Սրինգին նուիրուած յօդուածին մէջ Կոմիտաս կը գրէ, որ սրինգը նոյն բլուլն է. սրինգը կը նոյնականացնէ բլուլին՝ հայկական փողային գործիքին հետ, այդպէսով հայկական նկատելով զայն։
Ցուցադրուած սրինգը Կոմիտասի եօթը սրինգներէն մէկն է․ եօթն ալ կը պահուին Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ։
Ինչպէս ծանօթ է, Կոմիտաս ինք փայլուն նուագած է թէ՛ շուի, թէ՛ սրինգ. սրինգը իր հետ ամէն տեղ տարած է, նոյնիսկ՝ Եւրոպա։
Սրինգի եւ երաժշտագիտական յօդուածի այս ցուցադրութեամբ շեշտը կը դրուի Կոմիտաս սրնգահարի եւ երաժշտագէտի վրայ։ Սրինգի մասին Կոմիտաս գրած է, որ տեղ տեղ բլուլին հետ նաեւ դլուլ կը կոչեն եւ զուտ հովուական ազգային նուագարան մըն է։ Վարդապետը նկարագրած է, թէ ի՛նչ նիւթերէ կը շինուի սրինգը կամ փողը՝ եղեգէ, ծիրանենիի փայտէ եւ նոյնիսկ մետաղէ, կու տայ սրինգին երկարութիւնը՝ 40-70 հարիւրամեթր, ունի տասը ծակ, կը գործածեն վերին ութը, որովհետեւ ցածի երկուքը շատ հեռու են, մատները չեն հասնիր։ Սրինգ նուագելուն ժողովուրդ կ՚ըսէ՝ փող փչել, կը գրէ Կոմիտաս եւ կ՚աւելցնէ, թէ փող փչելը չորս աստիճան ունի՝ մեղմիկ, մեղմ, միջակ եւ սաստիկ։ Նօթերու ձեւով կու տայ, թէ մեղմիկ, մեղմ, միջակ եւ սաստիկ փչելով ամէն մէկուն համար ի՛նչ ձայներ կ՚ելլէ։ Ըստ Կոմիտասի, սրինգը շատ ճկուն նուագարան մըն է՝ իր ձայներու եւ յարմարութեան սահմանին մէջ, ամէն եղանակ ալ անով կարելի է նուագել՝ ամէն գեղարուեստական նրբութիւններով։
Ընդհանրապէս յօդուածը գիտական է. Կոմիտաս մանրամասն, երաժշտագիտական բառերով եւ հասկացութիւններով կը բացատրէ սրինգ նուագելու մանրամասնութիւնները եւ կը նշէ, որ հովիւները զայն սովորաբար կը նուագեն ոչխարը ջուրը տանելու ժամանակ, ջուրէն ետ բերելու, արածելու ատեն եւ ամէն անգամ զանազան եղանակ կը հնչեցնեն։ Իսկ հօտի հանգստացած ժամանակ կը թիկնեն ծառի մը եւ սիրտը կը բանան, հուր ու կրակ կը թափեն բնութեան գիրկը կամ խինդ ու ծիծաղ կը խոստովանին խօլ ձորերուն, բաց հովիտներուն եւ զով հովերուն, կամ ալ դիւցազնի մը կտրիճութիւն կը գովեն փողի նուագներով եւ առանձնութեան մէջ ուժ կ՚առնեն եւ ուժ կու տան։ Իբրեւ հովուական սրնգանուագի տեսակներ կը թուարկէ՝ հովուական, սիրահարական, դիւցազնական, պարի նուագներ եւ երեւակայութիւններ։
Հրաչեայ Աճառեան իր յուշերուն մէջ նկարագրելով Կոմիտաս երաժշտագէտը, նաեւ կը խօսի վարդապետի ուրիշ յատկութիւններու մասին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք հատուածներ՝ Հրաչեայ Աճառեանի «Յուշեր Կոմիտասի մասին»էն։
*
- 1899 թուականէն սկսեալ, երեք տարի շարունակաբար Կոմիտասին հետ պաշտօնավարած ենք Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը: Այդ ժամանակամիջոցին կ՚ապրէինք նոյն սենեակին մէջ: Երեք տարի Կոմիտասին հետ օր ու գիշեր նոյն երդիքին տակ ապրելով, մօտէն ճանչցայ անոր նկարագրի գիծերը… Կոմիտաս մարդկային բացառիկ առաքինութիւններու ծով էր: Չափազանց աշխատասէր, աննկուն կամքի տէր, անկեղծ, բարեհոգի, ընկերասէր, քաղցր եւ համեստ՝ ամէնուն նկատմամբ: Մաքրակրօն էր ան եւ մեծ հայրենասէր մը: Բացի իր երաժշտական հանճարէն, քովնտի շնորհքներ ալ ունէր. բանաստեղծ էր եւ ճարտար կոմիկ դերասան մը, որ ֆարսի մէջ ալ մեզի յայտնի էր:
Վերին աստիճան սրամիտ, կենսուրախ եւ պատրաստաբան էր Կոմիտաս եւ սիրուած՝ ճեմարանի մեծէն ու փոքրէն: Կոմիտաս բացառիկ դուրեկան ձայն մը ունէր եւ արժանացած էր Խրիմեան Հայրիկի մասնաւոր համակրանքին, Խրիմեան Հայրիկի կարգադրութեամբ, տօնական օրերը Կոմիտասը կը ղեկավարէր դպրաց դասը եւ պատասխանատու էր խորանէն երգուած սաղմոսերգութիւններու եւ աւետարաններու ընթերցման:
Անգամ մը Ս. Գէորգի տօնին, պատարագէն վերջ, օրուան մեղեդիները Կոմիտասին կողմէ այնքան անուշ երգուելուն համար, Հայրիկը անձամբ ուզեց յայտնել իր գոհունակութիւնը Կոմիտասին. շտապ կանչեց իր մօտ եւ կ՚ուզէր, որ այդ օրը իրեն հետ սեղանակից ըլլար ան: Մեծ էր անշուշտ կաթողիկոսի հրամանը: Ճեմարանի ուսուցիչ եւ ուսանող աջ ու ձախ ինկանք՝ Կոմիտասը շտապ գտնելու համար… Այդ օրը հաւաքուած էին Հայաստանի շրջաններէն հազարաւոր ուխտաւորներ, որոնք, աւանդական սովորութեան համաձայն, խնջոյքի սեղաններ բացած, կը զուարճանային՝ ժողովրդական երգի ու պարի, դահուլի ու զուռնայի աղաղակներով լեցնելով օդը: Կոմիտասի անյայտանալուն լուրը հասաւ Վեհափառին… Այդ օրը ուշ երեկոյ էր, երբ Կոմիտասը ճեմարանի կտուրէն իջնելով մտաւ մեր սենեակը եւ ուրախութեան բացագանչութիւններով ցոյց տուաւ օրուայ իր հաւաքած ժողովրդական երգերն ու պարերգները, որոնք նօթագրած էր հայկական ձայնանիշերով: Երբ քանի մը րոպէ վերջ Վեհափառի մօտ գացինք, վրդովուած էր Հայրիկը: Կոմիտաս ծունկի եկաւ անոր առջեւ եւ աջը առնելով ըսաւ. «Եթէ վեհդ ցանկանայ՝ մեղքս շատ շուտ կը քաւեմ՝ հիմա իսկ երգելով այսօրուան հաւաքած հայկական ժողովրդական երգերէն եւ պարերգերէն»: Եւ Խրիմեան Հայրիկի ներողամիտ հայեացքին տակ՝ Կոմիտաս երգեց իր նօթագրած երգերէն: Այդ օրուընէ վերջ, Խրիմեան Հայրիկի հրամանով՝ ամէն տաղաւարներու, պատարագէն վերջ Կոմիտաս ազատօրէն կը շրջէր եւ կը հաւաքէր հայ ժողովուրդի երաժշտութեան գանձերը:
Կոմիտաս մեծ ընթերցասէր մըն էր, ուժեղ էր հայոց լեզուի մէջ, եւ հայոց պատմութիւնը շատ լաւ գիտէր: Մասնաւորապէս կը կարդար Մովսէս Խորենացին եւ Նարեկացին, իսկ Աբովեանին «Վէրք Հայաստանին» կ՚անուանէր իր մասունքը: Կը պատմէր, որ իր ուսանողական տարիներէն ան ընտրած էր իր կեանքի ուղին: Ան յաճախ կ՚ըսէր, որ «Երաժշտական չոր մասնագիտութիւնը ոչ մէկ բաւարարութիւն չի ներկայացներ իրեն, իր միակ փափաքը խորանալն է անոր մէջ»: Միշտ կ՚ըսէր, որ ժողովրդական բանահիւսութիւնը իր հոգւոյն մէջ զուգընթաց էր ժողովրդական երաժշտութեան հետ: Եւ կ՚աւելցնէր վստահ շեշտով մը. «Ես պիտի հասնիմ իմ բուն նպատակին եւ մեր հայ ժողովրդական երաժշտութեան գանձերը դուրս պիտի բերեմ հայրենի աւերակներէն…»: Կոմիտաս քաջ պարող մըն ալ էր, միեւնոյն ատեն կատակերգակ դերասանի հակումներ ունէր. ձեւեր եւ բարբառներ հարազատօրէն ընդօրինակելու բացառիկ շնորհք ունէր: Ճեմարանի մեր մտերմական հաւաքոյթներուն, որքա՜ն հաճելի էր մեզ, երբ ան, մեր խնդրանքին վրայ, իր ծննդավայրէն սորված թրքական պարերը թէ՛ կ՚երգէր, թէ կը պարէր, եւ մենք ծափերով կ՚ոգեւորէինք իր մատներուն շխշխկոցները՝ իր բազմաձեւ ճօճումներուն մէջ: Ճեմարանի ուսուցիչներուն մէջ յայտնի ժողովրդական պարողն էր: Տղամարդկանց խիզախ, խրոխտ շորորէն, ծանր ճօճումներով եւ մարտական սուրով պարերէն մինչեւ շինական կանանց պարերը, իրենց ձայնի հարազատ ելեւէջներով եւ մարմնի ու ձեռքերու նուրբ արտայայտութիւններով առյաւէտ անմոռանալի կը մնան: Կոմիտաս շատ կը սիրէր ազատ ժամերուն երկար զբօսնել բացօթեայ դաշտերուն մէջ եւ կ՚ըսէր. «Ես սակաւ ուտելիքով կ՚ապրիմ, բայց առանց օդ ծծելու՝ երբեք. իմ առաջին սնունդը ազատ օդի մէջ զբօսնելս է»:
- Կոմիտաս բծախնդիր էր մաքրութեան: Անոր թխորակ դէմքը, սեփ սեւ մազերը մաքրութեան մէջ միշտ կը փայլէին: Մեծ խնամք կը տանէր իր հագուստներուն մաքրութեանը: Երկար ժամեր ճամբորդելէ վերջ, երբ կը վերադառնայինք փոշեթաթախ վիճակով, ան մինչեւ բոլորովին չմաքրուէր՝ չէր կրնար ճաշել, նոյնիսկ ամենաքաղցած վիճակին մէջ:
Մաքրասէր Կոմիտասը ճանճի թշնամի էր: Բացի սենեակին պատուհաններէն, դուռն ալ շղարշով փակած էր: Կ՚արժէր տեսնել զինքը, երբ յանկարծակի կատակալի բառերով կը յարձակէր դուռէն ներս մտնողին վրայ, պոռալով. «Շուտ, շուտ ներս մտի՛ր», եւ եթէ այդ միջոցին ճանճ մըն ալ ներս մտնէր, ան չէր հանգստանար, մինչեւ որ դուրս չհանէր զայն: Անիծելով վռնտուած ճանճը՝ կ՚ըսէր. «Ի՞նչ, նորէն նոթերուս վրայ սրբագրի՞չ եկար…»:
Կոմիտաս ոխերիմ թշնամին էր ճանճերուն: Անգամ մը, երբ մեր սենեակին մէկ ճանճը սատկցնելու համար ապակին կոտրեց, իր սրամիտ խօսքով արդարացուց ինքզինքը՝ ըսելով. «Այս ճանճը իր միքրոպով կարող էր մեր երկուքին գլուխը ուտել…»:
- Կոմիտաս օր մը ինծի ըսաւ. «Հայկական 50 հատ խազ կայ: Ես կը կարծեմ, որ հայոց ձայնանիշը քանի մը ձայն կը պարունակէ իր մէջ» եւ ուրախութեամբ վրայ բերաւ. «Ես գաղտնիքը գտեր եմ…»:
- Իմացեր եմ, որ 1906 թուին Փարիզի մէջ Կոմիտասի ցուցադրական մէկ համերգէն վերջ, ֆրանսացի յայտնի երաժշատահան-դաշնակահար Քլոտ Տեպիւսին ծունկի գալով կը համբուրէ Կոմիտասի ձեռքերը, ըսելով՝ «Հանճարեղ հայր Կոմիտաս, Ձեր երաժշտական հանճարին առջեւ կը խոնարհիմ…»:
- 1901 թուին Կոմիտասը Էջմիածնէն արտասահման երթալու ատեն անկէ խնդրեցի, որ իմ «Բաց նամակ» հաւաքածուիս համար անցած բոլոր տեղերէն ինձ պատկերազարդ բացիկներ ուղարկէր: Կոմիտասը յարգեց իր խոստումը. 7 հատ պատկերազարդ բաց նամակներ ուղարկեց. 7-րդ բացիկը մեր սիրաջերմ ընկերական թղթակցութեան վերջին յիշատակը եղաւ:
ՄԱՆՈՒԿ ԱԲԵՂԵԱՆ՝ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՄԱՍԻՆ
Մանուկ Աբեղեանի յուշագրութեան մէջ կը կարդանք.
Կոմիտաս կը սիրէր առանձին զբօսնիլ. թռչուններուն ճռուողիւնը եւ սոխակին կլկլոցը լսել անտառին մէջ, որ արուեստական կերպով տնկուած էր Ներսիսեան լիճէն ներքեւ բաւական ընդարձակ տարածութեան վրայ: 1900-ի գարնան, մայիսի առաջին կէսին, ես եւ Կոմիտասը կը զբօսնէինք այդ անտառին մեծ ծառուղիին մէջ, որուն երկու կողմի առուներուն եզրերը սկիզբէն տնկուած էին մասրենիներ եւ վարդենիներ: Կոմիտաս վարդ կը քաղէր: Ան կը սիրէր թէյին հետ (որուն ամենալաւ եւ ամենասուղ տեսակը միշտ կը գործածէր) երբեմն չորցած վարդի տերեւներ խառնել: Մեր զրոյցին նիւթը ժողովրդական երգն էր: Ան կը գանգատէր, թէ մեր ժողովրդական քառեակները՝ իբր բանաստեղծութիւն, յաճախ անմտութիւն են, եւ թէ ինքը քառեակ մը երգել տալու համար չի գիտեր, թէ ինչ երգել տայ, որ լաւ ըլլայ: Ես այդ ժամանակ զբաղած էի ժողովրդական քառեակներու ուսումնասիրութեամբ, որոնք, իմ կարծիքով, անմտութիւն էին միայն այն ժամանակ, երբ աղճատուած են, որովհետեւ ժողովրդական երգերը շատ սիրուած էին այդ թուականներուն, ուստի մտադրուեցանք միասին երգարան մը հրատարակել, սկսելով ժողովրդական երգերէն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան