ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ
Մինչ Հայ Երուսաղէմը կը դիմագրաւէ գոյաբանական մարտահրաւէրներ, Հայոց Պատրիարքարանէն ներս վերջերս գումարուեցաւ միաբանական ընդհանուր ժողով։ Սա Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան միաբանական ընդհանուր ժողովին 14-րդ նիստն էր։ Աշխատանքը տեւեց երկու օր։ Միաբանական ընդհանուր ժողովին նախագահեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան։ Սուրբ Աթոռի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան տեղւոյն վրայ գտնուող 24 միաբանէն 22-ը մասնակցեցաւ երկօրեայ աշխատանքին։ Դիւանի ատենապետներն էին Տ. Արշակ Աբեղայ Ղազարեան եւ Տ. Գէորգ Վրդ. Հայրապետեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց դիւանի գործունէութեան համար եւ նիստերը վարելու հրաւիրեց Սաղիմական միաբանութենէն՝ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը։ Այսպէս, բացի Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանէն, դիւանին մաս կազմեցին՝ Տ. Թէոդորոս Եպսկ. Զաքարեան (Բ. ատենապետ), Տ. Սիոն Աբեղայ Թաքուշեան (ատենադպիր) եւ Տ. Սերովբէ Աբեղայ Անտոնեան (Բ. ատենադպիր)։
Ժողովական հայրերը փակ քուէարկութեամբ տնօրէն ժողովի անդամ ընտրեցին՝ Տ. Թէոդորոս Եպսկ. Զաքարեանը, Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեանը եւ Տ. Վազգէն Վրդ. Ալեքեանը։
Սուրբ Աթոռի դիմագրաւած չափազանց ծանր պայմաններու ներքեւ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձան անցեալ շրջանի գործունէութեան վերաբերեալ տեղեկագիրները։ Տ. Թէոդորոս Եպսկ. Զաքարեան ներկայացուց ելմտական հաշուետու-զեկոյցն ու պիւտճէն, իսկ կալուածոց տեսչութեան տեղեկագիրը՝ Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղասարեան։ Այսպէսով, վերջին շուրջ երկու տարուան ժամանակաշրջանի պարագային միաբաններու մտքին մէջ բաւական յստակ ու ամբողջական պատկեր մը գոյացաւ։ Սա թափանցիկութեան տեսակէտէ կարեւոր քայլ մըն էր՝ քանի միաբանութեան անդամները իրազեկուեցան ժողովականութեան, համախումբ մթնոլորտի մը մէջ։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանն ալ մանրամասնութիւններ ներկայացուց այն խորհրդատուական աշխատանքներուն շուրջ, որոնք յառաջ կը տարուին Ս. Աթոռի առկայ դժուարութիւններու յաղթահարման նպաստելու համար։
Միաբանական ընդհանուր ժողովը եզրափակուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեան խօսքով եւ աղօթքով։