ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ՝ ԱՐԱՐՉԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի (1346-1409 թթ.), «Ոսկեփորիկ»ի մէջ (1401 թ.) «Վկայութիւններ Համագոյ եւ Զուգապատիւ Սուրբ Երրորդութեան եւ նոյնագործ Արարչութեան մասին» խորագրով կը գրէ.
«Արարիչ է Հայրը, արարիչ է Որդին, արարիչ է Սուրբ Հոգին, ինչպէս գրուած է.- Երկիրը լի է Տիրոջ ողորմութեամբ։ (ՍԱՂՄ. ՃԺԸ 68) եւ.- Տիրոջ խօսքով հաստատուեցաւ երկինքը եւ բերանը շունչով։ (ՍԱՂՄ. ԼԲ 6) եւ այլն։ Բովանդակ աշխարհը Հայրը լիացուց, սակայն ո՛չ առանց Որդիի, ըստ այն գրուածի, թէ՝ Երկինքը եւ երկիրը ես լեցուցած եմ, կ՚ըսէ Տէրը. (ԵՐԵՄ. ԻԳ 24)։ Լիացուցած է նաեւ Որդին, քանի որ ամենայն ինչ անով եղաւ. (ՀՌՈՎՄ. Ա 3)։ Եւ Հոգիի մասին կ՚ըսէ.- Տիրոջ Հոգին լիացուց տիեզերքը։ (ԻՄԱՍՏ. Ա 7)։ Պօղոս կ՚ըսէ.- Այն, որ ներգործեց մեր վրայ, Աստուած է, որը ե՛ւ օծեց մեզ ե՛ւ կնքեց։ (Բ ԿՈՐՆԹ. Ա 21)։ Կը կնքէ նաեւ Ս. Հոգին, որով կնքուեցաւ ձեր փրկութեան օրը։ (ԵՓԵՍ. Դ 30)։
«Մեծ է Հայրը, մեծ է նաեւ Որդին, անբովանդակելի է նաեւ Սուրբ Հոգին ըստ հոգենուագի (=հոգիի կամ Սուրբ Հոգիի ներշնչումով նուագող կամ նուագ-ւած), որ կ՚ըսէ.- Մեծ է Տէրը, եւ մեծ է անոր զօրութիւնը. Քրիստոսն է Աստուծոյ զօրութիւնը, եւ անոր իմաստութիւնը սահման չունի։ (ՍԱՂՄ. ՃԽԶ 5), այսինքն՝ Սուրբ Հոգին։
«Խաղաղութիւն է Հայրը՝ Ես իմ խաղաղութիւնը, կ՚ըսէ, կը բխեցնեմ որպէս գետ (ԵՍԱՅԻ ԽԸ 18)։ Խաղաղութիւն է նաեւ Որդին, ըստ Պօղոսի.- Ան է մեր խաղաղութիւնը, որ երկուքը մէկ դարձուց, եւ իր Խաչի արիւնով խաղաղութիւն ըրաւ։ (ԵՓԵՍ. Բ 14-16)։ Խաղաղութիւն է նաեւ Սուրբ Հոգին։ Կ՚ըսէ.- Հոգիի պտուղը այս է՝ սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն։ (ԳԱՂ. Ե 22)։
«Աղբիւր է Հայրը, քանզի անկէ է կեանքի աղբիւրը. (ՍԱՂՄ. ԼԵ 10)։ Աղբիւր է նաեւ Որդին, որ ըսաւ.- Այն ջուրը, որ ես անոր պիտի տամ, պիտի ըլլայ անոր ներսիդին ջուրի աղբիւր մը՝ որ յաւիտենական կեանքի համար կը բխի։ (ՅՈՎՀ. Դ 10-14)։ Աղբիւր է նաեւ Հոգին, որովհետեւ մենք բոլորս նոյն Հոգին կը խմենք. (ՅՈՎՀ. Դ 14)։
«Լոյս է Հայրը, քանի որ լոյսը Աստ-ւած կը կոչուի. (Ա ՅՈՎՀ. Ա 5)։ Լոյս է նաեւ Որդին, որ կ՚ըսէ.- Ես եմ աշխարհի լոյսը։ (ՅՈՎՀ. Ը 12)։ Լոյս է նաեւ Սուրբ Հոգին, ինչպէս Պօղոս կ՚ըսէ.- Հոգին մի՛ մարէք։ (Ա ԹԵՍ. Ե 19)։
«Կեանք է Հայր Աստուած, ըստ այն խօսքի, թէ.- Ես կը սպաննեմ եւ ես կ՚ապրեցնեմ։ (Բ ՕՐՆ. ԼԲ 39)։ Կեանք է նաեւ Որդին, որ ըսաւ.- Ես եմ յարութիւնը եւ կեանքը։ (ՅՈՎՀ. ԺԱ 25)։ Կեանք է նաեւ Սուրբ Հոգին, ըստ այն խօսքի, թէ.- Հոգին Տէր եւ կենդանարար է։ (ՅՈՎՀ. Զ 64)։
«Տէր է Հայրը, ըստ Եսայիի.- Մեր հայրը Տէր է։ (ԵՍԱՅԻ ԼԳ 22)։ Տէր է նաեւ Որդին, ըստ Պօղոսի.- Մենք ունինք մէկ Տէր՝ Յիսուս Քրիստոս։ (Ա ԿՈՐՆԹ. Ը 6)։ Տէր է նաեւ Հոգին, որովհետեւ, Տէրը. Հոգի է, կ՚ըսէ Պօղոս։ (Բ ԿՈՐՆԹ. Գ 17)։
«Բարի է Հայրը, քանի որ եւ ոչ մէկը բարի չէ, բացի միակ Աստուծմէ։ (ՂՈՒԿ. ԻԸ 19)։ Բարի է Որդին, ինչպէս կ՚ըսէ.- Դուն ես միայն բարերար Աստուած, իմ Յիսուս։ Բարի է Հոգիս, ըստ այն խօսքի, թէ.- Քու բարի Հոգին թող առաջնորդէ։ (ՍԱՂՄ. ՃԽԲ 10)։
«Կը խոստովանիմ ամենասուրբ Երրորդութեան՝ Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին՝ որպէս երեք անձնաւորութիւն եւ մէկ բնութիւն եւ մէկ Աստուած. Հայրը՝ անծին եւ անսկիզբ, Որդին՝ ծնուած Հօր բնութենէն նախքան յաւիտենականութիւնը՝ անախտ եւ անմարմին բոլոր ժամանակներէն առաջ, Սուրբ Հոգին՝ բխած Հօրմէն, ո՛չ թէ Որդիի ծննդեան նման, այլ միայն իրեն մատչելի եւ արարածներու համար անիմանալի եղանակով՝ աղբիւրի նման դուրս գալով։
«Եւ Հայրը Որդիէն եւ Հոգիէն առաջ չէր, այլ ինչպէս Հայրը միշտ Հայր է, որը յետագային չէ, որ ստացած է հայրութեան անունը, այսպէս ալ Որդին միշտ Որդի՝ իր Հօրը մշտնջենակից, նոյնպէս Սուրբ Հոգին՝ միշտ Աստուծոյ Հոգի՝ Հօրմէ եւ Որդիէն անբաժանելի. մէկ էութիւն, մէկ իշխանութիւն, մէկ կամք եւ մէկ արարչագործ զօրութիւն երեք անձնաւորութեան մէջ։
«Անոնցմէ ո՛չ մեծութիւն, ո՛չ փոքրութիւն, ո՛չ բարձրութիւն, ո՛չ խոնարհութիւն, ո՛չ առաւելութիւն եւ ոչ նուազութիւն կայ, այլ մէկ կարգը, մէկ պաշտօնը եւ մէկ երկրպագութիւնը կը դաւանի համագոյ Սուրբ Երրորդութեան, որու շնորհիւ բոլոր արարածները ոչինչէն գոյացան՝ երկինքը՝ երկնաբնակներով եւ երկիրը՝ երկրաբնակներով՝ երեւելի եւ աներեւոյթ արարածները, որոնք սկիզբը եղան արարչագործութեան։
«Արարածներէն եւ ոչ մէկը կարող չէ՛ քննել աստուածային խորքերը, ըստ այն խօսքի թէ.- Ոչ ոք գիտէ Հայրը, եթէ ոչ Որդին՝ որ Աստուած է։ (ՄԱՐԿ. ԺԳ 32)։ Աւելին՝ Կորնթացիներու ղրկուած նամակին մէջ Պօղոս կ՚ըսէ.- Հոգին է, որ կը քննէ ամենայն ինչ եւ նաեւ՝ աստուածային խորքերը։ (Ա ԿՈՐՆԹ. Բ 10)»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 23, 2025, Իսթանպուլ