ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆՍ
Հակառակ անոր, որ ողորմած մայրս Պոլիս ծնած էր, մենք, երեք եղբայրներով, մեր մանկութեան, պատանեկութեան եւ վաղ երիտասարդութեան տարիներուն, մեր տան մէջ եւ կամ նոյնիսկ եօթը դրացիներով խճողուած բազմամարդ բակէն ներս, թրքերէնով խօսակցութեան կամ թրքերէնով արտայայտութիւններու, շատ քիչ հանդիպած էինք:
Նաեւ յիշեմ. երբեմն կը պատահէր, որ ծնողքս կամ մեր դրացիները, մեր իսկ ներկայութեան իրարու գաղտնի «բաներ» մը ուզէին խօսիլ, այն ժամանակ միայն անոնց բերնէն մեզի բոլորովին անծանօթ այս լեզուն կը լսէինք: Ու մենք՝ փոքրերս, կռահած ըլլալով որ այդ խօսքերը կամ ակնարկութիւնները մեզի համար բոլորովին անհասկնալի էին, հարցական աչքերով իրարու երես կը նայէինք, եւ ապա անմեղօրէն բարձրաձայն կը խնդայինք:
Աւելին.- նախակրթարանի տարիներուս, երբ մօրս ընկերակցելով մեր տան մօտ գտնուող մեծ շուկան կ՚երթայի, խեղճ մայրս բաւականաչափ արաբերէն չգիտնալուն, իր միտքը թրքերէնով կը պարզէր «հաճի Ահմէտ» նպարավաճառին, կամ հացագործ՝ Պուլոսին: Միայն այսքան: Ո՛չ աւելի եւ ո՛չ պակաս:
Ապա յետոյ, տարուէ տարի, եւ ինքնաբերաբար, փողոցէն, ընկերներէն, եւ շուկայէն, արաբերէնին նման, նաեւ սորված էինք այս «նոր» լեզուին «զարդարուն» բառերն ու ասացուածքները, եւ յատկապէս՝ հայհոյանքները: Մէկ խօսքով՝ փշրանք մը թրքերէն:
Ու ի՜նչ մեղքս պահեմ, երբեմն ալ մեր թաղին մէջ, ընկերներով կամ դրացի տղոց հետ մեր խաղի տաքարիւն ու ջղային մէկ պահուն, կը դիմէինք մեր մտապաշարին մէջ տեղ գտած արաբերէն կամ թրքերէն բառերուն, այս ձեւով մեր զայրոյթն ու բարկութիւնը կ՚արտայայտէինք, առանց անդրադառնալու, որ քիչ ետք, նման «անհնազանդութեան» պարագային, մեզի պիտի հրամցուէր, մեր ծնողներուն սահմանած խիստ պատիժները:
Այսչափ էր այդ անհոգ, ուրախ եւ անգիտակից մեր օրերուն մեր «թրքագիտութեան» աստիճանաչափը: Հայհոյանք կամ հայհոյել.- կը կարծեմ որ համամարդկային վարակիչ բնազդի մը արդիւնքը ըլլալու էր ու ես կամ տարեկիցներս, բացառութիւն մը չէինք կրնար կազմել: Ու այսպէս, երբ այդ օրերուն մենք թրքերէն լեզուին իբրեւ օտարականներ կը մեծնայինք, անդին տակաւին հայաբնակ կարգ մը թաղերէն, տուներէն, յստակ կը լսուէին այս լեզուով խօսակցութիւններն ու նոյնիսկ անոնց երգած «շարքըները»: Տակաւին… թիվիներէն նաեւ կը դիտուէին ֆիլմերը:
Ու հակառակ այս բոլորին, մինչեւ այս տարիքիս իսկ, նոյն այս լեզուն «գործածելու» կամ անոր «դիմելու» կարիքը թէեւ հազուադէպօրէն զգացած եմ, բայց ամէն առիթով կը յիշեմ սա հաճելի միջադէպս, կապուած թրքախօսութեանս… աւելի ճիշդ՝ «թրքագիտութեանս»:
Այսպէս, տարիներ առաջ, աւելի ճիշդ Դամասկոսի մէջ համալսարանական օրերէս մէկուն, երեկոյ մը, երկարատեւ, յոգնեցուցիչ դասերէ ետք, երբ քալելով յարկաբաժինս կը վերադառնայի, ճամբուս վրայ աղմկոտ բազմութիւն մը ուշադրութիւնս կը գրաւէր:
Դէպի Մէքքէ գացող թուրք ուխտաւորներ էին, որոնք իրենց արաբ մեքենավարին հետ բարձրաձայն կը վիճէին: Այդ վայրկեանին, ինչո՞ւ ինքզինքս անզգալաբար այս մարդկային ժխոր-քաոսին մէջ նետած էի. մի՛ հարցնէք… չեմ գիտեր ինչու…: Նաեւ տեսանելի էր, թէ ինչպէ՞ս արաբ մեքենավարը, գրեթէ կատղած, ամրօրէն բռնած էր ուխտաւորի մը ձեռքը, որուն ափին մէջ սուրիական հարիւրնոց թղթադրամ մը կար: Միւս կողմէ, ուխտաւորին խմբակիցները կը փորձէին իրենց ընկերոջ օգնել ու ազատել անոր ձեռքը:
Ու յանկարծ, ի՜նչ «հրաշք», թիւով այդ հինգ յաճախորդները, զիս տեսնելով իրենց անօրինակ աղմուկը դադրեցուցին: Հիմա, բոլորն ալ զիս կը դիտէին ապշահար: Իրենց աչքերէն կարելի էր կարդալ.- «այս մարդը ուրկէ՞ բուսաւ» հարցումը: Իսկ ես, առանց իրար անցնելու, առաջին իսկ հերթին, արաբերէնով, մեքենավարին հարցուցի, թէ «բանն ինչո՞ւմն էր»: Խեղճ մարդը, քրտնած, յոգնած ու հեւալով եւ ընդվզելով բացատրեց, թէ ուխտաւորները իր իրաւունքը չէին տուած: Աւելին՝ անոնց մօտ ալ միայն «հարիւրնոց» ըլլալով ինք կը փորձէր նախ «մանրել» այդ մեծ դրամը: Եւ ահա՝ անհասկացողութիւն:
Հարցը, թերեւս ինծի համար շատ պարզ էր, բայց ո՛չ վիճողներուն: Թէեւ բոլորն ալ լռած եւ անհամբեր իմ որոշումիս կը սպասէին, սակայն մէջս կարծես տեսակ մը ինքնածին վախ մըն ալ կար, չես գիտեր ինչու: Ուստի, հարցին քաջատեղեակ ըլլալով, նախ ինքզինքս փորձեցի հաւաքել եւ ապա ըսելիքս հայերէնով մտքիս մէջ դասաւորելէ ետք, նօսրացած թրքերէն բառամթերքս զօրակոչի ենթարկեցի, եւ բաւական ինքնավստահ ուխտաւորներուն դառնալով բարձրաձայն ըսի.
-Պապամ… վէ՛ր, որ մանրէ…:
Փորձած էի բացատրել, որ նախ դուք այդ մեծ գումարը տուէք, որ խեղճ մարդն ալ զայն մանրէ եւ վրադիրը ձեզի տայ: Մտքիս մէջ, թրքերէնով ըսելիքս, հայերէնովս այսպէս դասաւորած էի: Բայց… եկուր տես որ…: Չեմ յիշեր այդ վայրկեանին ի՞նչ եւ կամ ինչպէ՞ս զիս հասկցան: Միայն այն գիտեմ, որ բոլորն ալ զարմացած եւ կասկածոտ, ինծի սկսած էին նայիլ, թէ այս մարդը ի՞նչ ըսաւ…:
Բայց, վայրկեանին կը կարծէի, որ արդէն իմ բառերովս հարցը լուծած էի, առանց անդրադառնալու, որ նոյն այդ անիծեալ անհասկացողութիւնը իմ ապիկարութեանս շնորհիւ, առաւել բարդացած էր: Որովհետեւ, իբրեւ «պարծենկոտ» նապաստակ, կը կարծէի որ իրապէ՛ս լաւ եւ յստակ ձեւով բացատրած էի միտքս եւ խնդիրը՝ լուծած: Բայց, միւս կողմէ ալ երբեք մտքէս չէի անցուցած, որ թրքերէն արտասանած նախադասութիւնս իրապէս որ անիմաստ «բան» մըն էր: Անհասկնալի: Բարեբախտաբար արագ մը կռահեցի, որ ըսածս կացութենէն ոչ մէկ «բան» կրցած էր փոխել, որովհետեւ շինծու նախադասութիւն մըն էր, անտեղի, եւ նոյնքան ալ… խայտառակ: Ուստի որոշեցի խոյս տալ: Աներեւութանալ: Վիճաբանութեան դաշտէն փախիլ: Առաւել, ծիծաղելի չդառնալու համար՝ «շոգիանալ»:
Չեմ յիշեր ինչպէ՞ս եւ որքա՜ն արագ անհետացայ: Միայն այն գիտեմ, որ խումբը կրկին վերադարձած էր իր նախկին իրավիճակին, իր աւելի սուր վիճաբանութեան:
-Ծօ՛, ես ո՜ւր… թրքերէն գիտցող կամ խօսողը ուր.- կ՚ըսէի մտովի.- ինծի ինչ… ինչո՞ւս պէտք… ինքնակոչ թարգման ըլլալս պակաս էր… ան ալ թրքերէնի… վրաս գրէ…:
Հաստատապէս… միջնորդութիւնս ձախողած էր, որովհետեւ, նաեւ ձախողած էի թրքերէն բառագիտութեանս մէջ:
*
Երկար տարիներ սահած են այս միջադէպին վրայէն ու ամէն անգամ երբ յիշեմ, կամ հաճոյքով այցելուներուս սկսիմ պատմել, դէմքիս վրայ լայն ժպիտ մը կը բացուի: Ու այդ վայրկեանին միշտ մտովի կը մէջբերեմ.- «որքան լեզու գիտնաս… այնքան աւելի մարդ ես…» ժողովրդական նշանաւոր սա առածը:
Կարծեմ ակնարկութիւնս, ինծի ալ կանուխէն պէտք է հասցէագրէի…:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ