ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Մարդ եթէ իր յանցանքներն ու մեղքերը ծածկէ կամ փորձէ գաղտնի պահել, ի՞նչ կը պատահի այդպիսիին հետ:
Պատասխան. Ղուկասի Աւետարանին մէջ կը կարդանք, թէ ինչպէս առիթով մը Տէր Յիսուս զԻնք լսողներուն ուղղելով Իր խօսքը, կը զգուշացնէր զանոնք կեղծաւորութենէ, ըսելով. «Նախ եւ առաջ զգուշացէ՛ք Փարիսեցիներուն թթխմորէն, այսինքն՝ անոնց կեղծաւորութենէն: Չկայ ծածուկ բան որ չյայտնուի եւ ոչ ալ գաղտնի բան՝ որ չգիտցուի: Որովհետեւ ինչ որ մութին մէջ կ՚ըսէք՝ օր ցերեկով պիտի լսուի, եւ ինչ որ առանձին սենեակի մէջ իրարու ականջին կը փսփսաք՝ տանիքներէն բարձրաձայն պիտի քարոզուի» (Ղկ 12.1-3):
Այս տողերը կարդալով յստակ կը դառնայ, որ չկայ ոչ մէկ բան, որ կրնայ ծածուկ մնալ: Թերեւս այս աշխարհին վրայ, մարդիկ կարենան որոշ բաներ ծածուկ պահել, բայց Աստուծոյ համար գաղտնի եւ ծածուկ բան չկայ, եւ հանդերձեալին մէջ մարդ անպայմանօրէն հաշիւ պիտի տայ իր թէ՛ ծածուկ մնացած ու գործած եւ թէ յայտնի եղած ու գործած արարքներուն, մեղքերուն եւ յանցանքներուն համար:
Հոգեւոր կեանքով ապրող մարդը՝ մանաւանդ, որ ակնկալիք ու նպատակ ունի յաւիտենական կեանքը ժառանգելու եւ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ ըլլալուն, շատ զգոյշ պէտք է ըլլայ եւ իր գործած սխալները, յանցանքներն ու մեղքերը բնաւ չփորձէ ծածկել կամ գաղտնի պահել, այլ միշտ խոստովանի զանոնք, որպէսզի կարենայ հասնիլ իր նպատակին: Առակացի իմաստուն հեղինակը այս մասին այսպէս կը գրէ. «Իր յանցնանքները ծածկողը յաջողութիւն չի գտներ, բայց զանոնք խոստովանողն ու մէկդի ձգողը ողորմութիւն կը գտնէ» (Առ 28.13): Այստեղ յաջողութիւն աշխարհիկ հասկացողութեան կողքին, սակայն այդ հասկացողութենէն շա՜տ անդին պէտք է հոգեւորապէս փորձենք ըմբռնել ու հասկնալ, քանի որ առանց այդ հասկացողութեան չե՛նք կրնար ճշգրտօրէն ըմբռնել խոսոտովանութեան եւ մեր յանցանքներն ու մեղքերը չծածկելու վտանգաւորութեան էութիւնը, որ ի զօրու է մեզ զրկել Աստուծոյ ներկայութենէն եւ յաւիտենականութենէն՝ երանական յաւիտենականութեան, ատոր փոխարէն մեզ տանելով տանջալից յաւիտենականութեան:
Աստուածաշունչին երբ նայինք, ապա իրենց յանցանքը առաջին ծածկողները մեր նախահայրերը՝ Ադամն ու Եւան եղան դրախտի մէջ: Երբ արգիլուած ծառէն կերան եւ Աստուած ձայն տալով կանչեց զիրենք, անոնք պահուըտեցան Աստուծմէ: Կը կարդանք. «Տէր Աստուած Ադամը կանչեց ու ըսաւ անոր. “Ո՞ւր ես”: Եւ անիկա ըսաւ. “Պարտէզին մէջ Քու ձայնդ լսեցի ու վախցայ, վասն զի մերկ էի ու պահուեցայ”: Եւ Աստուած ըսաւ. “Ո՞վ յայտնեց քեզի քու մերկ ըլլալդ. արդեօք կերա՞ր այն ծառէն՝ որուն համար քեզի պատուիրեցի, որ անկէ չուտես”: Ադամ ըսաւ. “Այն կինը, որ ինծի հետ ըլլալու տուիր, ա՛ն ինծի տուաւ ծառէն ու ես կերայ”: Տէր Աստուած ըսաւ կնոջ. “Ի՞նչ է այս քու ըրածդ”: Կինը ըսաւ. “Օձը զիս խաբեց ու ես կերայ”» (Ծն 3.9-13):
Այս դրուագին մէջ ո՛չ միայն յանցանքը ծածկելու միտում կը տեսնենք, այլ նաեւ յանցանքը դիմացինին վրայ նստելու միտում: Այսօր եւս մենք նոյն կերպ չե՞նք վարուիր արդեօք: Յաճախ երբ նման իրավիճակներու մէջ կը յայտնուինք, փոխանակ համարձակութեամբ խոստովանելու մեր գործած սխալը, կը փորձենք ծածուկ պահել, իսկ եթէ չյաջողինք եւ հասկնանք, որ կատարուածը յայտնի դարձած է, կը դիմենք երկրորդ սխալին՝ մեր յանցանքը ուրիշին վրայ կը բարդենք, այսինքն՝ մեր գործած սխալը աւելի մեծ ու ծանր ուրիշ սխալով մը կը փորձենք սրբագրել:
Մարդը անսխալական չէ, ընդհակառակը, միշտ ենթակայ է սխալելու: Աւելին, այն մարդը՝ որ կ՚ըսէ, թէ ինք սխալներ չունի, այդպիսին կամ հպարտութեան գերին դարձած է եւ կամ ալ այնքան տկար է, որ համարձակութիւն չ՚ունենար նոյնիսկ ինքն իր մէջ ընդունելու, թէ ինք սխալներ ունի:
Ինչպէս ըսինք, սխալիլը մեր մարդկային բնաւորութեան յատուկ է, անմարդկայինը սակայն մեր գործած սխալները չընդունիլն ու զանոնք չսրբագրելն է, որով գործած մէկ փոքրիկ սխալի մը վրայ կու գան աւելնալ բազմաթիւ այլ սխալներ:
Հոգեւոր կեանքին մէջ սխալները ընդունիլն ու անոնց մասին բարձրաձայնելը խոստովանութիւն կը կոչուի: Եկեղեցւոյ հայրերը իրենց գրութիւններուն, քարոզներու եւ ճառերուն մէջ միշտ խօսած են ու կը շարունակեն խօսիլ խոստովանութեան կարեւորութեան մասին: Մարդ եթէ սայթաքի, պէտք է համարձակութիւն ունենայ իր մէջ նախ եւ առաջ գտնել այդ սայթաքումին պատճառը, խոստովանիլ զայն, որով այդ սայթաքումէն կանգնելու գործընթացը շատ դիւրացած կ՚ըլլայ եւ Իմաստունին ըսածին պէս ողորմութիւն կը գտնէ. իսկ ան, որ հակառակ գործընթացը կը կատարէ, սայթաքումէ սայթաքում կ՚երթայ եւ Իմաստունին ըսածին պէս յաջողութիւն չի՛ գտներ:
Մեղքերը, յանցանքներն ու սխալները խոստովանիլը եւ զանոնք սրբագրելը քաջութեան կը կարօտին, ու միայն զօրաւոր անհատականութիւն եւ կամք ունեցողներն են, որոնք կրնար այդ ճանապարհը անցնիլ: Մինչ, անոնք որոնք այդ բոլորը կը փորձեն ծածկել ու գաղտնի պահել, տկար եւ թոյլ անհատականութիւն ունեցող մարդիկ են, որոնք ամենէն չնչին սխալն իսկ չեն կրնար խոստովանիլ կամ ընդունիլ, ի՜նչ ինչ վախերէ ու դրդապատճառներէ ելլելով:
Մարդ եթէ կ՚ուզէ թեթեւ ու ազատ ապրիլ, ապա իր սխալներն ու յանցանքները խոստովանիլը սովորութիւն պէտք է դարձնէ, ո՛չ թէ քարացած եւ անհոգի սովորութիւն, այլ՝ շինիչ ազդեցութիւն ու հոգի ունեցող սովորութիւն, որ կը նպաստէ մարդուն այս աշխարհի վրայ բարօր ու առաքինի կեանք մը ունենալուն, իսկ հանդերձեալին՝ յաւիտենական երանութիւնը ժառանգելուն:
Աւարտենք, իններորդ դարուն ապրած եւ գործած Սուրբ Թէոփիլոսի խոստովանութեան մասին գրածով.
* Ամէն մարդ պէտք է խոստովանի եւ մեղքերէն սրբուի։
Խոստովանութիւնը՝ մեղքերէն կը սրբէ։
Խոստովանութիւնը՝ մեղքերու ծանրութիւնը կը ջնջէ։
Խոստովանութիւնը՝ ոսկիէն աւելի սուրբ կ՚ընէ։
Խոստովանութիւնը՝ որով ապաշխարութիւն կ՚ըլլայ։
Խոստովանութիւնը՝ մարդուն (դիմաց) ողորմութեան դուռը կը բանայ։
Խոստովանութիւնը՝ հոգիին պարիսպ է եւ Աստուծոյ մօտ՝ պարծանք։
Խոստովանութիւնը՝ քաղցր գործ է եւ հոգիին առողջութիւն ու պատիւ։
Խոստովանութիւնը՝ արքայութեան (դուռը) բացող է եւ Տիրոջ առջեւ հանող, ապաշխարողներուն առաջնորդ է եւ երկնաւոր քաղաքին մէջ հաւաքող։
Խոստովանութիւնը՝ մոլորածներուն ճանապարհն է եւ խաւարածներուն՝ լոյսը. մանուկներուն՝ դաստիարակ եւ յուսահատածներուն՝ յոյս եւ հաւատք։
Խոստովանութիւնը՝ եկեղեցւոյ զարդն է, քահանաներուն՝ քարոզ, բարեգործներուն՝ պսակ եւ մանուկներուն՝ առագաստ։
Խոստովանութիւնը՝ այստեղ-այնտեղ անմաշ փնտռտուք է։
Խոստովանութիւնը՝ դժոխքէն փրկող է, անմահ կեանք եւ (դէպի) աստուածային սեղան հրաւիրող է։
Խոստովանութիւնը՝ մահուան դռներէն փրկող է, անմահ հաց տուող, ապաշխարութեան դուռ, յանցանքներու քաւիչ, մեղքեր սրբող, ընդունողներու մաքրիչ, թագաւորներուն ոսկեթագ եւ աղքատներուն հարստութիւն եւ առողջութիւն։
Խոստովանութիւնը, (անոնց համար) որոնք եկեղեցւոյ հրեղէն պարիսպ ու կանթեղ խոստովանեցան, (ինչպէս նաեւ) խունկն ու ձէթը, (անոնք) որոնք այսպէս խոստովանեցան հրեշտակ են։
Խոստովանութիւնը՝ երկիրը կը սրբացնէ։
Խոստովանութիւնը՝ հոգին արեգակէն աւելի կը պայծառացնէ։
Խոստովանութիւնը՝ տունը կ՚ամրացնէ եւ խոստովանողը Աստուծոյ կը միանայ։
Դատաստանին օրը՝ Աստուած խոստովանողը ճակատաբաց պիտի ընէ։
Խոստովանողը Տիրոջ գալուստին օրը, հրեշտակները պիտի ուրախացնէ եւ սատանան ամօթահար պիտի ընէ։
Խոստովանողին ննջեցեալները, արքայութեան պիտի արժանանան եւ ուրախանան։
Խոստովանողներն ու հաղորդուողները դէմ առ դէմ պիտի տեսնեն զԱստուած եւ ուրախանան։
Խոստովանողը ամէն արդարներուն (վրայ) կը թագաւորէ։
Աստուած խոստովանողին կ՚ըսէ. Ան իմ մէջս կը բնակի եւ ես անոր մէջ. (Հմմտ. Յհ 6.57)։
Խոստովանողը արքայութեան կ՚արժանանայ եւ հրեշտակները կը սիրեն զինք։
Քահանան, որ խոստովանողէն վարձք կը պահանջէ, իր կարգէն կը լուծուի։
Քահանան, որ խոստովանութիւնները կը յայտնէ եւ խոստովանողը որպէս օրինակ կը բերէ, կարգէն կը լուծուի եւ կ՚անջատուի հաւատքէն։
Քահանայի մը, որ խոստովանութեան համար վարձք տան, փոխան առնելու՝ իր կարգէն կը լուծուի։
Քահանան, որ խոստովանանքը կը յայտնէ, մահուան ատեն հաղորդուելու եւ գերեզմանի մէջ թաղուելու արժանի չ՚ըլլար։
Ժողովո՛ւրդներ, (դուք) որ չէք խոստովանած եւ քրիստոնեայ չէք, եկեղեցի եւ ժամատուն մի՛ գաք, որովհետեւ անհաւատ եւ անաստուած էք։
Խոստովանողները՝ հաւատքի պարծանք են. ութ օր անգամ մը խոստովանեցէք եւ քառասուն օր անգամ մը հաղորդուեցէք։
Ով որ կը խոստովանի, Աստուծմէ եւ ամէն սուրբերէն օրհնուած է տունով միասին՝ ողջերով եւ ննջեցեալներով։
Ով որ չի՛ խոստովանիր, անոր հանգիստը դժոխքին մէջ կ՚ըլլայ եւ դատաստանը՝ յաւիտենական կրակը. դատողը՝ սատանան եւ կուռքերուն զոհած բոլոր ընծաները. խոստովանողը ատոնցմէ թող չուտէ՛։
Քրիստոսի փառք, յաւիտեան։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 143
Վաղարշապատ