ԱԿՆԱՐԿ - 117 - «ՄԵՐԸ ԸԼԼԱՐ…»
Անցեալ շաբաթակէսին ֆութպոլային աշխարհէն ներս տօնախմբութիւն էր: Եւրոպայի առաջնութեան կիսաեզրափակիչ հասած չորս ակումբները, հիանալի ֆութպոլ ցուցադրեցին, արժանի եւ վայելուչ դիտում ապահովելով ֆութպոլասէրներուն:
Յատկապէս իտալական «Ինթեր Միլան»ի եւ սպանական «Պարսելոնա»ի երկու խաղերն ալ դիտարժան էին եւ բարձրակարգ ֆութպոլային տօնախմբութիւն էր իւրաքանչիւր ֆութպոլասէրի համար:
Մեր ազգին վերջին մէկ-երկու տասնամեակներու ամենէն նշանաւոր դէմքերէն մէկը՝ Հենրիխ Մխիթարեանը արդէն քանիերորդ տարին է, որ հանդէս կու գայ «Ինթեր Միլան»ի կազմին մէջ: Երթի խաղին ժամանակ մանաւանդ, Հենոն արտակարգ ֆութպոլային խաղ ցուցադրեց, նոյնիսկ մէկ գնդակ արձանագրեց, սակայն խաղէ դուրս վիճակի պատճառով՝ չարձանգրուեցաւ Մխիթարեանի արձանագրած գնդակը: Երկու խաղերուն արդիւնքով «Ինթեր Միլան»ը դուրս եկաւ Եւրոպայի առաջնութեան եզրափակիչ խաղէն, ուր այս ամսուան աւարտին «Հենրքիք» ակումբը պիտի մրցի ֆրասնական «Փարի Սեն Ժերմեն»ին հետ:
Մխիթարեանը հակառակ իր յառաջացած տարիքին՝ արդէն քանիերորդ տարին ըլլալով «Միլան»ի կազմէն ներս բարձրակարգ եւ մասնագիտական ֆութպոլ կը ցուցադրէ, եւ «Միլան»ը գլխաւոր իտալացի մասնագէտ՝ Ինզակիի հիմնական սիւներէն մէկն է, որուն վրայ յենելով է, որ շատ յաճախ իտալացի մասնագէտը կը կառուցէ իր ակումբին խաղը: Հենրիխն ալ, իրեն տրուած վստահութիւնը լաւագոյնս կը թարգամնէ խաղադաշտին մէջ: Մխիթարեանի զսպուածութիւնը, դաշտը տեսնելու իր կարողութիւնը եւ ամենէն կարեւորը խմբային խաղ մշակելու իր բարձր ընդունակութիւնը, զինք բարձր մակարդակի վրայ կը պահեն արդէն տարիներէ ի վեր: Եւ զուր տեղ չէ, որ Հենրիխ Մխիթարեանը իր ակումբին հետ միասին վերջին երեք կամ չորս տարիներու ընթացքին, արդէն երկրորդ անգամն է, որ Եւորպայի առաջնութեան եզրափակիչ հասած է:
Այս բոլորը բնականաբար պատիւ կը բերեն ո՛չ միայն Հենրիխ Մխիթարեանին, այլեւ ընդհանրապէս մեր ազգին, որովհետեւ ի վերջոյ Մխիթարեանը ֆութպոլային աշխարհէն ներս որպէս հայ ճանչցուած է:
Եկուր տես սակայն, որ հայաստանեան իրականութիւնը տարբեր կերպով կը մտածէ եւ հայաստանեան իրականութեան համար այդքան ալ կարեւոր կամ էական չեն Մխիթարեանի արձանագրած յաջողութիւնները: Սկսած ՖԱՍԹ ՍՊՈՐՏ-ի մեկնաբաններէն մինչեւ ուր կ՚ուզէք հասնինք: Մեկնաբանները խաղը այնպէս կը մեկնաբանէին, կարծէք Հենրիխ Մխիթարեանը խաղադաշտին մէջ չըլլար, այնքան զբաղած էին «Պարսելոնա»ի խաղացողներուն գովքը հիւսելով, որ նոյնիսկ չէին նկատեր ո՛չ միայն Մխիթարեանի, այլեւ ընդհանրապէս «Ինթեր»ի ցուցադրած բարձրակարգ ֆութպոլային խաղը:
Անկախ այն բանէն, որ ֆութպոլի մեկնաբան մը պէտք է աշխատի չէզոք դիրք մը ունենալ, յարգելու համար այդ ալիքին հետեւողներուն կողմնորոշութիւնները, որովհետեւ բոլորը չեն որ «Պարսելոնա»ի համակիր են, կամ «Արսենալ»ի, «Ինթեր»ի, եւ այլն, եւ մեկնաբանը պարզապէս պէտք է աւելի գրաւիչ դարձնէ հանդիպումը, մեր տղաները սակայն ո՛չ միայն իրենց մասնագիտութիւնը չէին յարգեր, ո՛չ միայն «Պարսելոնա»ի ֆութպոլիստները աստուածացնելով զբաղած էին, աւելին իրենց խօսքերուն մէջ ծածուկ կերպով թոյն կը սրսկէին Հենոյի վրայ, անոր ցուցաբերած բարձրակարգ ֆութպոլին վրայ, հակառակ իր յառաջացած տարիքին:
Այս երեւոյթը մեր մէջ խորացած է, որովհետեւ ո՛չ միայն մեկնաբանները նման մտածողութիւն ունէին կամ ունին, այլ մեր ժողովուրդի զաւակներէն շատերը նման կերպով կը մտածեն:
Լրագրող եւ հրապարակագիր Թաթուլ Յակոբեանի մէկ հրապարակումին տակ այս արձագանգիս՝ «սկսած ՖԱՍԹ ՍՊՈՐՏԻ մեկնաբաններից.... այնպէս էին Բարսելոնայի խաղացողների գովքը հիւսում... մեկ-մեկ էլ, յիշում էին որ մեր ՀԵՆՈՆ էլ է խաղում...», ի պատասխան, մէկը այսպէս գրած էր. «Հենոն մերը լինէր, մեր հաւաքականում էլ կլինէր։ Միգուցէ ձեր Հենոն»:
…
Այո, այո, սիրելի՛ ընթերցող, գրողը հայ մըն է եւ ո՛չ թէ օտարական: Մեր ժողովուրդը այնքան սնանկացած է, այնքան տմարդացած է, որ ամէն ինչ սկսած է իրար խառնել: Մխիթարեանին Ազգային հաւաքականէն հեռանալուն պատճառը կամ պատճառները շատերուն յայտնի են, սակայն խնդիրը այդ չէ, խնդիրը այն է, որ մեր ժողովուրդին մէջ կայ հատուած մը, որ ամէն ինչ ոտնակոխ ընելով կ՚ապրի, թերագնահատելով, անարգելով ու ուրանալով մարդոց ունեցած տաղանդը կամ կատարած ծառայութիւնները այս ժողովուրդին համար:
Այսօր գաղտնիք չէ, որ Հայաստանի մէջ եթէ քաղաքական հայեացքներ ունիս եւ այդ հայեացքները չե՛ն համապատասխաներ գործող անողնաշար, անսկզբունք եւ ո՛չ ազգային իշխանութիւններուն, ուրեմն դուն դաւաճան, դասալիք, անպէտք ես, եւ եթէ նոյնիսկ տարիներով՝ երկար տարիներով ծառայած ես Հայաստանին, այդ բոլորը կը ջրուին պարզ այն պատճառով, որ քու քաղաքական հայեացքներդ չե՛ն համապատասխաներ գործող իշխանութիւններու հայեացքին: Աւելի ցաւալին այն է, որ մեծ թիւով Հայաստանի քաղաքացիներ կուրօրէն կը հետեւին այս քաղաքականութեան եւ ատելութիւն սերմանելէ եւ մարդոց տարած աշխատանքը նսեմացնելէ բացի, ուրիշ բան չեն ըներ:
Մենք մեր մեծութիւնները յարգելու խնդիր ունինք: Այսօր Հենրիխ Մխիթարեանը մեր ազգի ամենէն նշանաւոր անձնաւորութիւններէն մէկն է, որուն ունեցած համբաւը եւ հեղինակութիւնը կարելի էր օգտագործել, բայց ցաւօք ճիշդ հակառակն է, որ կը կատարուի:
Հենրիխ Մխիթարեանը իմ կամ քու, կամ ուրիշի մը ըսի ըսաւներուն, կամ կարծիքներուն համաձայն չէ, որ լաւ կամ վատ պիտի ըլլայ: Մխիթարեանը ինքզինք փաստելու ձեւը ճի՛շդ կերպով գտած է՝ իր ցուցաբերած բարձրակարգ ու մասնագիտական ֆութպոլով, ինչի մասին անդրադարձած են ֆութպոլային աշխարհի նշանաւոր մարզիչներ. ինչպիսիք են՝ Ֆապիօ Քափելոն, Խոզէ Մորինիոն, Եուրկէն Քլոպը, Սիմոնէ Ինզակին եւ ուրիշներ:
Աւարտեմ Թաթուլ Յակոբեանի 7 մայիս 2025-ին կատարած մէկ գրառումը՝ արեւմտահայերէնի վերածելով, ուր պարզ բառերով բայց յստակ կերպով նկարագրած է Մխիթարեանի ֆութպոլային տաղանդն ու հայաստանցի ամենէն յաջողակը ըլլալը:
* Հենրիխ Մխիթարեանը երկրոդ անգամ պիտի խաղայ Չեմփիոններու լիկայի եզրափակիչ: Նախորդ անգամ իր «Ինթեր»ը պարտուեցաւ «Մենչըսթըր Սիթի»ին:
Երէկ «Պարսելոնա»ին յաղթելէ ետք, այս անգամ «Ինթեր»ն հնարաւորութիւնները աւելի բարձր են, Հենրիխը, կրնայ դառնալ պատմութեան առաջին հայաստանցին, ով այս տիտղոսը կը նուաճէ:
Մխիթարեանը անկախ Հայաստանի ո՛չ միայն լաւագոյն ֆութպոլիստն է, այլ՝ կարծիքովս, մեր նոր պատմութեան ամենէն յաջողած հայաստանցին, կամ անոնցմէ մէկը:
Ֆութպոլ սիրող եւ Հայաստան սիրող իւրաքանչիւր հայաստանցի ու հայ, պէտք է հպարտութիւն զգայ, որ «Փիւնիկ»ի սանը՝ այսպիսի յաջողութիւններու հասած է:
Հայաստանը այսպիսի յաջողութիւններու կարիքը ունի: Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը 17 դեկտեմբեր 2016-ին ըսած է. «Ազգի հպարտութեան միակ առարկան Հենրիխ Մխիթարեանն է»:
Բայց Հենրիխի այս յաջողութիւնը չէր ըլլար, եթէ անոր մէջ չըլլային աշխատասիրութիւնը, նուիրումը, կամքը, պայքարը, մարզական ազնուութիւնը, կրթուածութիւնը, գիրք կարդալը…
Մեր երեխաներուն համար Հենրիխը պէտք է լուսաւոր օրինակ ըլլայ:
Հայաստանը կրնայ տաղանդաւոր ֆութպոլիստներ տալ, Հայաստանը կրնայ ֆութպոլային երկիր դառնալ՝ միջինէն բարձր յաւակնութիւններով:
Կը շնորհաւորեմ բոլորիս Հենրիխ Մխիթարեան ունենալու համար եւ որպէս հայ ու հայաստանցի չեմ կրնար թաքցնել հպարտութիւնս ու ուրախութիւնս:
Յառաջ, ԻՆԹԵՐ:
Յառաջ, Մխիթարեան:
Յառաջ, Հայաստան:
7 մայիս 2025, Դովեղ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
12 մայիս 2025, Վաղարշապատ