ԽԱՌՆԱԿԻՉ ՄԱՐԴԻԿ

Պէտք է զգուշանալ մանաւանդ բանակրկիտ, այսինքն՝ խօսք պրպտող, խծբծող, քաշքշող եւ խօսքի մէջ միշտ բացասական իմաստ փնտռող նենգամիտ, չարարուեստ անձերու խառնակիչ ազդեցութենէն։ Սաստիկ զգուշանալ այդ վերջին դերը ուղղակի եւ կամ անուղղակի, կամայ թէ ակամայ մեր անձին վրայ փորձելէ։ Ուստի, Քրիստոսի բոլոր «վա՜յեր»ը այդպիսի կեղծաւոր նենգախոհներու վրայ են. այդպիսիներ կը հաւասարին այն ստորին մարդոց՝ որ գործածուած է անոնց դէմ Ս. Աւետարանին մէջ, եւ որոնց առջեւ սրբութիւնը եւ մարգարիտը պիտի վախնայ նետելու ամէն ուղղամիտ մարդ։

Այնպիսիներն են Քրիստոսի յիշած այն ստախօսները եւ կեղծաւորները՝ որոնք մեզի կու գան ոչխարի հագուստով, իբրեւ թէ մեր օգուտը ուզելու համար՝ ուրիշը չարախօսելով, եւ սակայն ներսէն յափշտակող գայլեր են անոնք։ Փուշեր են անոնք՝ որոնցմէ խաղող չի կթուիր. տատասկներ են անոնք՝ որոնցմէ թուզ չի քաղուիր։

«Անոնց պտուղէն ճանչցէք զիրենք», կ՚ըսէ Տէրը, այսինքն իրենց՝ ձեզի բերած բանբասանքի խօսքերուն ցած աստիճանէն դատեցէք անոնց նկարագիրը եւ զգուշացէք անոնցմէ. որովհետեւ անոնք պիտի կտրուին եւ կրակը պիտի նետուին իբրեւ մարդկութեան վնասակար չորցած ճիւղեր։ Զգուշացէք, որպէսզի ձեզի ալ իրենց հետ չչորցնեն եւ կրակը նետեն, ո՛րքան ալ բարեպաշտ ձեւացնեն իրենք զիրենք, ո՛րքան ալ իմաստուն, անոնց կեանքը դէպի կորուստ կը տանի զիրենք։

Հետեւաբար, խցենք մեր ականջները այդ անձերու բերած նենգամիտ բամբասանքներուն եւ ուղղակի կտրուկ կերպով մեր ընկերոջ հետ մեր խնդիրը կարգադրենք. փոխադարձապէս լաւատես ըլլալով իրարու նկատմամբ, առանց կասկածոտութեամբ, առանց երկմտութեամբ, անկեղծապէս խորհելով անոր օգուտը եւ բարիքը՝ ուրա՛խ ըլլալով անոր յաջողութիւններուն եւ երջանկութեանը համար, ատով մենք ալ յաջող եւ երջանիկ կ՚ըլլանք եւ իրաւունք կ՚ունենանք ընդունելու փոխադարձը։

Սէր մը՝ անկեղծ եւ սրտաբուխ, որ ընկերին եւ մերձաւորին չարիքը չ՚ուզեր, որ անոր դէմ եղած անիրաւութիւններու վրայ չի խնդար, այլ կ՚ուրախանայ անոր վրայ ստոյգ՝ իրական, արդիւնաբեր եւ օգտակար բարեմասնութիւններ լսելով եւ տեսնելով, այդպիսի տեսլական-իտէալ սէր մը իրաւունք կ՚ունենայ առաջին պտուղը վայելելու։ Այսինքն փոխադարձաբար ինքն ալ սիրուելու, իրաւունք եւ արժանիք կ՚ունենայ սէր գտնելու անկէ՝ որուն վրայ ունէր այդ բարի զգացումը, եւ երբ այդ բոլորը գործնականի կը վերածէ՝ աշխատելու եւ ընելու ընկերին համար բարիք եւ զոհողութիւն, այն ատեն իրաւունք եւ արժանիք կ՚ունենայ փոխադարձապէս անոր զոհողութիւնը եւ աշխատութիւնը ընդունելու։

Այս գաղափարը կը յենուի սա սկզբունքին վրայ թէ՝ «Ուստի ամէն ինչ որ կ՚ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք, քանզի այս է օրէնքը եւ մարգարէները». (ՄԱՏԹ. Է 12)։

Այս վերջին պարբերութիւնը մեծագոյն յատկանիշն էր հրեաներուն մտքին առջեւ, զոր տուաւ Յիսուս փոխադարձ սէրը եւ փոխադարձ զոհողութիւնը սահմանելու, քանի որ հրեաներու համար օրէնքներէն եւ մարգարէներէն բարձրագոյն ուղղութիւն մը չկար աշխարհիս վրայ։

Հին կտակարանի այդ բազմահատոր եւ հիանալի՜ գրուածները՝ երկու խօսքի մէջ բովանդակեցուց Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս. «փոխադարձ սէր». փոխադարձ ծառայութիւն, այսինքն՝ սիրել ընկերը եւ անկէ սիրուիլ. ընկերէն բարիք ստանալ եւ ընկերին բարիք ընել՝ ընկերին բարիքը կամենալ եւ բարիք ընել՝ եւ անոր բարեացակամութեանը արժանի ըլլալ։ Այս կ՚ենթադրէ հասկացողական համակրանք. (empathy

Տարբեր գոյներով գծագրուած աշխարհը լեցուն է զանազան խնդիրներով։ Այս աշխարհի վրայ չկայ մարդ մը՝ որ զերծ մնայ դժուարութիւններէ եւ խնդիրներէ՝ ինչպիսի հնարաւորութիւն ալ ունենայ կամ յաջողած ըլլայ։

Ուստի, հասկացողական համակրանք. քրիստոնէական օրէնքը ա՛յս է՝ մեր յարաբերական օրէնքն ալ ա՛յս է, եթէ կ՚ուզենք երկու ընկեր իրարու հետ ապրիլ, եկու ամուսին՝ այր կամ կին, երկու եղբայր կամ քոյր, համերկրացիներ, ազգակիցներ, միեւնոյն Եկեղեցւոյ զաւակներ. նախ մեր ամենէն մօտաւորին չարիք չկամենալ եւ չընել, այս ըլլալու է մեր առաջնակարգ պարտաւորութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը եւ այն ատեն ընդհանուր մարդկութեան ալ բարիք կը կամենանք եւ կրնանք ծառայել անոր…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 13, 2025, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Մայիս 14, 2025