ԱՄԵՐԻԿԱՆ ԵՒ ԵՒՐՈՊԱՆ ՈՒ ԱՆՈՆՑ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպան իբրեւ աշխարհագրական բաժանումներ կը գրաւեն Անդրատլանտեան ովկիանոսի երկու կողմները, իբրեւ տարբեր ցամաքամասեր, իսկ անոնց ամենակարեւոր ու ցուցանիշային բաժանումը ԱՄՆ-ն ու Եւրոպական Միութիւնն է: Այդ երկուքը քաղաքական համաշխարհային արդի քարտէսի հիմնական մասերն են եւ անոնց լայն ու նեղ մակընթացութիւններով զարգացաւ մարդկութիւնը վերջին գոնէ յիսուն տարուան ընթացքին:
Եւրոմիութիւնը եւ ԱՄՆ-ը գծեցին ու տակաւին կը գծեն ուղին եւ պատկերը՝ մեր արդի աշխարհի քաղաքական, մշակութային, տնտեսական, ընկերային… եւ այլն ոլորտներուն:
Դժուար է պատկերացնել մարդկային արդի պատմութիւնը առանց այդ երկուքին, որոնք հիմնական ճարտարապետներն են: Քաղաքակրթութիւնները եղած են ու զարգացած տարբեր կեդրոններու մէջ. այդ կեդրոնները իրենց երդիքին տակ հաւաքած են՝ հաւաքական մարդկային ջանք, աշխատանք, յարատեւութիւն, նուիրուածութիւն, նաեւ բազմաթիւ դրական կէտեր ու լիցքեր եւ ապահոված են քաղաքակրթական նուաճումներն ու իրագործումները: Առաւելաբար այդ կառոյցները եղած են կայսրութիւնները, ո՛չ թէ սովորական պետութիւնները:
Պատմականօրէն կան բազմաթիւ կայսրութիւններ, որոնք ունին քաղաքակրթական նուաճումներ, բայց, Եւրոպան (որ քաղաքակրթականօրէն կը համարուի մայր ցամաքամաս) ընդգրկած է քաղաքակրթական շարժումը, որուն աղբիւրը հանդիսացած է՝ գոնէ զարթօնքի շրջանէն ետք: Եւրոպական ցամաքամասով կազմուած են կայսրութիւններ եւ հետաքրքրականը այն է, որ միաժամանակ հոն եղած է միակ տեղը, ուր տեսակաւոր պետական միաւորներու ճիւղաւորումներով ու զարգացմամբ (Ֆրանսա, Գերմանիա, Անգլիա, Սպանիա եւ այլն) ձեւաւորուած են քաղաքակրթական նուաճումներ, նոյնինքն տուեալ պետութիւններու կայսրութիւններու վերածումով: Այո՛, խնդրայարոյց ու անարդար կրնայ դիտուիլ նոյն այդ պետութիւններու գաղութատիրական նկրտումներն ու գործելաոճերը, բայց, տեղ մը մարդկութեան տուած անոնց քաղաքակրթական աւանդն ու հանրագումարը մեծ է ու անուրանալի: Իր ծագումէն ի վեր Եւրոպան իբրեւ միասնական միաւոր չէ ներկայացած միջազգային բեմահարթակի վրայ, բացի այն փորձերէն, որու ընթացքին ուժ մը կամ միակ պետութիւն մը փորձած է ենթարկեցնել բոլոր Եւրոպան. Ինչպէս՝ Նափոլէոնը կամ Հիթլէրը փորձեցին ու ձախողեցան։
Եւրոպայի անցած ճանապարհը շատ բարդ էր եւ ոլորապտոյտ, միեւնոյն ժամանակ հետաքրքական, բացայայտիչ եւ տեղ մըն ալ ուղենիշային էր մարդկային հաւաքական քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, ընկերային շատ մը բաղադրիչներուն՝ նկարագրութեան, մանրամասնութիւններուն ու խմորումներուն համար:
Մարդկային հայեացքները նուազագոյնը վերջին երեք դարուն սեւեռուած էին Եւրոպայի վրայ եւ անոր յաջողութիւններն ու սայթաքումները ճակատագրան էին ամբողջ մարդկութեան համար: Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք Եւրոպան ապրեցաւ իր ոսկեդարու սկիզբը, իսկ Սովետական Միութեան քայքայումէն եւ արդէն իսկ վերջնական փուլով ձեւաւորուող Եւրոպական Միութեան միջոցաւ ան բոլորեց իր ամենածաղկուն շրջանը եւ ներկայացաւ նոր, առինքնող ու յարաբերաբար իտէալական տեսքով: Մարդկային քաղաքական պատմութան մէջ ոչ մէկը ունեցած է յարաբերաբար այսքան առաւելագոյն չափով մարդկային իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ արդար օրէնսդրութեան վրայ հիմնուած գունդ-միաւորում, որ յաջողեցաւ բռնազբօսիկ ու կեղծ միաւորում չըլլալով՝ հաւաքել այսքան ազգ-պետութիւն ու ըլլալ գրաւիչ, մագնիսացնող եւ օրինակելի բազմաթիւ երկիրներու համար։ Նոյնիսկ մշակութային ու կրօնական տարբեր առանցքներով երկիրներու համար։ Եւրոպական երազանքը ինքզինք պարտադրեց ո՛չ թէ ուժով, այլ վերջին քառասուն տարուան իր քաղաքակրթական նուաճումներով:
Կարծես Եւրոպան՝ մանաւանդ 21-րդ դարուն վերջնականապէս ծալեց հակամարտութիւններու, անհասկացողութիւններու, շահերու բախման ու մշակութային-ընկերաբանական վնասաբեր մրցակցութիւններու էջը, նախ իր ցամաքամասին մէջ եւ ան ներկային համեմատական արդարութեամբ ապրիլ կը փորձէ։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
•շարունակելի…
Երեւան