ՏԵՐԻՔԻ ՄԷՋ ԼՈՒՐՋ ԹՆՃՈՒԿ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս միշտ առաջնահերթութիւն կը համարուին գաւառի սրբավայրերը։ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր իշխանութեան սահմաններուն ներքեւ մնացած է ընդամէնը հինգ եկեղեցի, որոնք տարեկան ուխտագնացութիւններով կը շէննան եւ համայնքի զգայնութեան առարկայ կը դառնան։ Այդ հինգ սրբավայրերէն մին է Տերիքի Ս. Գէորգ եկեղեցին, որու պարագային վարչական լուրջ թնճուկ մը յառաջացած է վերջին շրջանին։ Արդարեւ, այս սրբավայրը առանց օրինական վաքըֆի մը գոյութեան լինելութիւնը կը շարունակէ։ Այս հանգամանքը պաշտօնական գետնի վրայ սեփականութեան իրաւունքի մտահոգիչ պղտորութեան մը դուռ բացած է։ Աւելին, Տերիքի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ խնամքն ալ սկսած է կաղալ՝ կալուածատիրոջ հարցի պարագային ծագած անորոշութեան հետեւանքով։
Վերջերս խմբագրատանս մէջ ընդունեցինք մեր համայնքէն Զեքերիա Սապունճուն, որ կը ջանայ միշտ տէր կանգնիլ իր ծննդավայրի՝ Տերիքի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ։ Ան մեզի մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ այս սրբավայրի պարագային ստեղծուած կացութեան շուրջ։ Մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը Տերիքի մէջ եօթ եկեղեցի գոյութիւն ունեցած է։ Պատմութեան հոլովոյթի ամբողջ դառն իրադարձութիւններէն վերջ կարելի եղած է պաշտամունքի վերաբանալ Տերիքի Ս. Գէորգ եկեղեցին, որ աւելի քան 370 տարուան անցեալ մը ունի։ Զեքերիա Սապունճու զրոյցի ընթացքին մեզի բացատրեց, որ եկեղեցւոյ շէնքի սեփականութեան իրաւունքը անցած էր պետութեան։ Շուրջ 40 տարի շարունակեց այդ վիճակը, որմէ վերջ տեղական իշխանութիւններու հետ տարուած աշխատանքին զուգահեռ՝ քաղաքական մթնոլորտի յարաբերական լիցքաթափումով պայմանաւորուած իրավիճակի մէջ, կարելի եղած էր այս եկեղեցին պաշտամունքի վերաբանալ։ Այդ ժամանակ պաշտօնական անհրաժեշտ կարգադրութիւնները յաջողցնելու համար ձեւականօրէն կազմակերպուած էր մրցոյթ մը՝ դիւանակալներու տուած խորհուրդներուն համապատասխան։ Այսպէսով, թէեւ պետութիւնը եկեղեցւոյ շէնքի սեփականութեան իրաւունքը փոխանցած էր, սակայն, անձի մը անունով կատարուած էր արձանագրութիւնը, որովհետեւ եկեղեցւոյ վաքըֆն ալ դադրած էր գոյութիւն ունենալէ։
Այցելութեան ընթացքին Զեքերիա Սապունճու բացատրեց, որ այս միջանկեալ կարգադրութիւնը որոշ ժամանակ կայունութիւն մը ապահոված էր՝ այն առումով, որ եկեղեցին արդէն կը գործէր։ Տերիքցիները միասնաբար վերականգնած էին խոնարհուած սրբավայրը, ուր կ՚այցելէր հոգելոյս Տ. Կիրակիոս Քահանան։ Մինչ այդ, կալուածի սեփականութիւնը ստանձնած անձնաւորութիւնն ալ միշտ պատրաստակամութիւն կը յայտնէր՝ այդ իրաւունքը անմիջապէս փոխանցել՝ Պատրիարքարանի տնօրինելիք ձեւով։ Ժամանակի ընթացքին արդէն փոխուած է այդ սերունդը, իսկ այդ մարդոց շառաւիղներէն ոմանք հաստատուած են արտասահման։
Տերիքի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգածութիւնը 12 տարիէ ի վեր կամաւորապէս ստանձնած է Զեքերիա Սապունճու։ Արդէն շէնքը վերանորոգման կարիքն ունի։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ ան դիմած է տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն, որպէսզի ապահովէ անոնց աջակցութիւնը։ Ընթացքին շէնքը արդէն վերանորոգութեան համար պաշտպանութեան տակ ալ առնուած է։ Ըստ Զեքերիա Սապունճուի՝ վերանորոգման աշխատանքներուն սկիզբ տալու համար քաղաքապետարանը կ՚ակնկալէ սեփականատիրոջ հաւանութիւնը։ Նկատի ունենալով, որ սեփականատէրութիւնը առաջին ստանձնած անձնաւորութիւնը ունի բազում ժառանգորդներ, այս գործընթացը մատնուած է փակուղիի մը։ Արդարեւ, այդ ժառանգորդներուն հաւանութիւնը ապահովել կարելի չ՚ըլլար գործնականօրէն։ Զեքերիա Սապունճու մեզի բացատրեց, որ առաջին հերթին խնդիրները կազմակերպչական ըլլալ կը թուէին, սակայն, աւելի վերջ ինք սկսած է չկամութեան տպաւորութիւն ունենալ, որովհետեւ ենթակաները հաղորդակցութենէ խուսափիլ սկսած են։ Ան ցաւով յայտնեց, որ նախկին սերունդներու ներքին անմիաբանութենէն ծագած աններդաշնակութիւնը կարծես փոխանցուած է այսօրուան սերունդներուն, ինչ որ կը խոչընդոտէ այս պատմական սրբավայրի վերանորոգութիւնը։
«Ո՞ր եկեղեցւոյ սեփականութեան իրաւունքը անհատի մը կը պատկանի։ Այդ իրաւունքը պէտք է փոխանցել, բայց, ոչ թէ ուրիշ անհատի մը, այլ հաստատութեան մը, որպէսզի անոր վարչական խորհուրդը զբաղի եկեղեցիով», նշեց Զեքերիա Սապունճու մեզի հետ զրուցելու ընթացքին՝ մատնանշելով, որ Իսթանպուլի մէջ տերիքցիներ ջանք կը գործադրեն այս խնդրի յաղթահարման համար եւ կ՚ակնկալեն համայնքային շրջանակներու զօրակցութիւնը։ Այսօր Տերիքի մէջ ծխական կառոյց մը գոյութիւն չունի, սակայն, եկեղեցին կանգուն է։ Այս հակասութիւնը կարելի է բարեացակամութեամբ հարթել, ինչ որ պիտի խթանէ պատմական այս սրբավայրի յարատեւութիւնը։