ԴՐՈՒԱԳՆԵՐԸ ԳՈՒՆԱՏԵՑԱՆ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն իր մահկանացուն կնքած է վաստակաշատ լուսանկարիչ Տիգրան Թոփալեան, որու կորուստը խոր սուգի մատնած է թէ՛ իր ընտանիքը եւ թէ սիրելիներու շրջանակը։ Ան հայ մամուլի ուխտեալ ու նուիրեալ, բծախնդիր սպասաւոր մըն էր՝ մանաւանդ, որ երկար տասնամեակներ սերտօրէն համագործակցած էր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին հետ։
Տիգրան Թոփալեան լուսանկարչութեան կալուածէն ներս մուտք գործած էր՝ իր բարեյիշատակ հօր՝ նոյնպէս լուսանկարիչ Բարունակ Թոփալեանի հիմնադրած «Ֆօթօ Շէնէլ»ին միջոցաւ։ 1961 թուականին, երբ երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը քաղաքս այցելած էր, Տիգրան Թոփալեան հայրապետական այցելութեան օրերուն առաջին հերթին իր հօրը օգնելու մղումով ձեռք առած էր լուսանկարչութեան գործիքը։ Այդ պահուն, անշուշտ, ան չէր գիտակցած, թէ ամբողջ ասպարէզ մը կամ նոյնիսկ առաքելութիւն մը ժառանգելու ճանապարհին առաջին քայլը կ՚առնէր, սակայն, յաջորդող տասնամեակները արդէն վէճէ դուրս դարձուցած էին այդ պարագան։
Տիգրան Թոփալեան երկար տասնամեակներ իր ոսպնեակով որսած դրուագներով վարպետօրէն վաւերագրած էր պոլսահայութեան արդի տարեգրութեանց բազում առանցքային իրադարձութիւնները։ Առանց չափազանցութեան կարելի է ըսել, որ ան թողած է իր հետքը թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին վրայ՝ հնարաւորութիւն ընձեռելով հաւաքական յիշողութեան փոխանցման. յիշողութիւն, որ թէ՛ անհատական-ընտանեկան եւ թէ ընկերամշակութային հարթութիւններուն վրայ կը բիւրեղանայ որակով, արհեստավարժ մակարդակով։ Բացի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի բերած աշխատակցութենէն, Տիգրան Թոփալեան երկար ժամանակ եղած էր նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի պաշտօնական, արարողակարգային լուսանկարիչը։
Լուսանկարչութեան բնագաւառէն ներս ծաւալած երկարամեայ գործունէութեամբ եւ արձանագրած յաջողութիւններուն առընթեր, Տիգրան Թոփալեան ապրած էր բազմակողմանի կեանք մը։ Երիտասարդութեան տարիներուն եղած էր մարզիկ։ Շիշլի մարմնամարզական ակումբի կռփամարտութեան առասպելներէն մին էր։ Որպէս կռփամարտիկ՝ ակումբի պատմութեան մէջ առանձին տեղ մը զբաղեցուցած էր ու կը շարունակէ զբաղեցնել իր հասած նուաճումներով։ Բաց աստի, կեանքի զանազան փուլերուն զբաղած էր շինարարութեամբ։
Տիգրան Թոփալեան եւ բոլորին համար նոյնքան սիրելի եւ համակրելի կողակիցը՝ Նատիա Թոփալեան բախտաւորուած էին երկու որդիով, նաեւ թոռնիկներով։ Ան տիպար ընտանեկան հայր մըն էր, որու սիրոյ հովանին բոլոր հարազատներուն վրայ կը տարածուէր անխնայօրէն։ Ի լրումն այս բոլորին, թէ՛ գործարար եւ թէ ընկերային կեանքի մէջ համատարած սիրոյ եւ յարգանքի արժանացած էր՝ քանի որ իր հեզահամբոյր ու վստահելի նկարագիրով կը յաջողէր գրաւել բոլորին սիրտը եւ կը մշակէր համագործակցութեան միշտ բաց ներդաշնակ յարաբերութիւններ։
Տիգրան Թոփալեան ծնած էր 1947 թուականին։ Թէեւ կը պատկանէր երէց սերունդի, սակայն, խոր ծերութեան հասած չէր՝ մանաւանդ, որ որոշ չափով աշխոյժ կեանք մը վարելու ի վիճակի էր։ Իր տառապած սրտի անբաւարարութիւնը, ափսոս, որ վերջին շաբաթներուն խաթարեց ընդհանուր առողջութիւնը։ Ան որոշ ժամանակ մնաց հիւանդանոցի մէջ, մասնագէտները փորձեցին յաղթահարել մարմնէն ներս յառաջացած բորբոքումներու հետեւանքները։ Բնակարանը վերադառնալէ երեք օր վերջ, այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն, Տիգրան Թոփալեան աւանդեց իր հոգին։ Ան աչքերը կեանքին փակեց ընտանեկան յարկի խաղաղ միջավայրին մէջ։
Նորոգ հանգուցեալ Տիգրան Թոփալեանի հրաժեշտը տեղի պիտի ունենայ այս շաբաթավերջին։ Յուղարկաւորութեան մանրամասնութիւնները պիտի հրապարակուին առանձնապէս։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք մեր անմոռանալի ու ազնիւ գործընկերոջ՝ Տիգրան Թոփալեանի բարի հոգւոյն՝ խոնարհելով ծով վաստակին ու անթառամ յիշատակին առջեւ։ Խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր այրիին՝ Նատիա Թոփալեանին եւ զաւակներուն՝ Շահէ Թոփալեանին, Վաչէ եւ Սէրտա Թոփալեան ամոլին եւ բոլոր պարագաներուն ու սիրելիներուն։