400 ՄԱՐԴ ՊԱՐԵԼՈՎ ԿԸ ՄԵՌՆԻ
Ինչպէս մեր նախորդ գրութեան մէջ ըսինք, խնդալը յաճախ կը դիտուի որպէս ուրախութեան եւ ներքին հանգստութեան արտայայտութիւն, սակայն, ժպիտը ունի իր միւս ծածուկ կողմը, որ հոգեբանութեան մէջ կը կոչուի ժպտացող ընկճուածութիւն (Smiling Depression)։ Այս մէկը այն հոգեկան վիճակ մըն է, որ մարդը արտաքնապէս ուրախ կը պահէ, սակայն, ներքնապէս տառապանքի մէջ կը դնէ ներաշխարհը:
Անշուշտ, նեղութեան ժամանակ լալու փոխարէն ծիծաղիլը ունի որոշ պատճառներ. անոնցմէ մէկն է, օրինակ, ընկերութեան ակնկալիքները: Այսօր հասարակութեան մէջ կայ սխալ այն ըմբռնումը, որ լալը ձախողութեան, տկարութեան եւ անկարողութեան նշան է եւ հետեւաբար ուժեղ մարդիկ չեն լար՝ այլ կը պայքարին: Այդ իսկ պատճառով այսօր մարդկութեան մէջ շա՜տ են այնպիսիներ, որոնք հակառակ իրենց ներքին աշխարհին, կը փորձեն կեղծ արտաքին ուրախութիւն մը ստեղծել, որովհետեւ հասարակութիւնը կը պահանջէ ըլլալ քաջ։ Շատեր ժպիտը կը գործածեն որպէս վահան՝ պաշտպանելու եւ պահելու իրենց ներքին յոյզերը, որովհետեւ ներկայ ընկերութիւնը ճշմարտութենէն աւելի կարեւորութիւն կու տայ երեւոյթին եւ հետեւաբար այդ քաջ երեւոյթը պահելը շատ աւելի կարեւոր կը թուի մարդոց համար՝ քան ճշմարտութիւնը ամենայն հանգստութեամբ արտայայտելը:
Հոգեբանութիւնը այս ընթացքը կ՚որակէ որպէս յարմարուողականութեան զգացում, որովհետեւ մարդ արարած վերջապէս կոչուած է յարմարելու ամէն կացութեան հետ՝ այդ մէկը ինչքան դժբախտ ըլլայ։ Երբ մարդուն ներքին աշխարհն ու արտաքինը իրարու համապատասխան չեն, ապա այդ մէկը կը կոչուի զգացումներու հակասութիւն եւ այդ հակասութիւնը մեր դիմաց կը յայտնուի գրեթէ ամէ՛ն օր։ Այսօր հոգեպէս ամենէն դժբախտ ու թշուառ մարդը անգամ «ինչպէ՞ս ես» հարցումին կը պատասխանէ «լաւ եմ»ով՝ հակառակ անոր, որ ներքին աշխարհը բացարձակ լաւ վիճակի մէջ չ՚ըլլար: Անշուշտ, այս ընթացքը շատերու կողմէ կը դիտուի որպէս առողջ ընթացք՝ պարզապէս «քաջութիւն» ցոյց տուած ըլլալուն պատճառով, սակայն, հոգեբանութիւնը կու գայ ըսելու, որ այդ մէկը ունի իր բազմաթիւ բացասական կողմերը.
ա.- Անդադար ուրախ ձեւանալը՝ հակառակ ներքին տխուր վիճակին մարդուն մօտ յոգնութիւն կը յառաջացնէ։ Երբ մարդ անդադար լարուած ըլլայ եւ իր հոգեկան վիճակը բռնի տխրութենէն ուրախութիւն ձեւացնելու առաջնորդէ, ինքնաբերաբար այդ յոգնածութիւնը կը զգայ: Ուսումնասիրութիւններ կը յայտնեն, որ նման անձեր առաւօտեան կ՚արթննան աւելի յոգնած վիճակի մէջ՝ նոյնիսկ եթէ երկար քնացած ըլլան:
բ.- Մինակութեան զգացում.- Երբ մարդ իր ներքին զգացումները կը կեղծէ եւ սուտ ուրախութիւն մը կը ձեւացնէ, ինքնաբերաբար ինքզինք մինակ կը զգայ՝ նոյնիսկ եթէ շրջապատուած ըլլայ բազմաթի՜ւ մարդոցմով։ Կեղծելն ու պահելը ինքնին վատառողջ յարաբերութիւններու մեծագոյն փաստն է, որովհետեւ եթէ մարդ կը պահէ՝ կը նշանակէ առողջ յարաբերութեան մը պակասը գոյութիւն ունի: Բազմաթիւ ընկերներ ունենալը ներքին վիշտը դարմանելու համար բաւարար չէ:
գ.- Հետաքրքրութեան պակաս.- Նման հոգեվիճակի մէջ գտնուող մարդ մը կը սկսի ունենալ հետաքրքրութեան պակաս. այն ամէնը՝ որ առաջ ուրախութիւն կը պատճառէին, կը սկսին դառնալ անհետաքրքրիր՝ մարդուն մօտ ստեղծելով երկար «ինչո՞ւ»ներու շարք մը: Օրերը կը դառնան միապաղաղ ու անիմաստ:
դ.- Հոգեբանական այս զգացումը կրնայ որոշ ժամանակ ետք հոգեկան ցաւէն անդին երթալով մարմնական որոշ ցաւեր տալ. օրինակի համար՝ ուսումնասիրութիւններ կը փաստեն, թէ ինչպէս հոգեկան յոգնածութիւնն ու տխրութիւնը կրնան ստամոքսային խանգարումներ յառաջացնել, ինչպէս նաեւ գլխացաւեր պատճառել. զգացումները խեղդելը լարուածութիւն կը ստեղծէ եւ այդ լարուած վիճակի հետեւանքով կը տկարանայ մարդուն դիմադրողականութիւնը։
Քոլումպիացի գրող Կարիսա Մարքեզ իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ հետեւեալ տողը գրի կ՚առնէ. «Մարմինը երբեք չի ստեր: Եթէ դուք լռէք, ապա ան կը սկսի խօսիլ»։ Հոգին եւ մարմինը իրարու կապուած են եւ, բնականաբար, հոգեկանը մարմնականին եւ մարմնականը հոգեկանին կ՚ազդէ:
Սակայն, ներկայ աշխարհը այդ կը պահանջէ. պէտք է ստել եւ իրականութիւնը չբացայայտելու համար պէտք է հաւատալ այդ սուտին՝ ժամանակ մը ետք համոզուելու համար, որ մի՛շտ լաւ ենք: Գրականութեան մէջ կարելի է բազմաթի՜ւ խորիմաստ խօսքեր գտնել այս մասին. Ահաւասիկ ուրիշ մը. «Կեղծ ժպիտով ապրող մարդիկ, որոշ ժամանակ ետք կը մոռնան, թէ իրականութեան մէջ ո՞վ են»:
Հոգեբանութիւնը կը հաւատայ, որ յոյզերը՝ որոնք կը թաքցնենք, իրականութեան մէջ երբեք չե՛ն մեռնիր։ Իւրաքանչիւր կեղծուած զգացում, որպէս բարդոյթ, որպէս հոգեբանական ու ֆիզիքական հիւանդութիւն կը դառնայ մարդուն:
•վերջ
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Պէ՞տք է զգացումները անկեղծօրէն արտայայտել, թէ պէտք է նաեւ պահել զանոնք:
Պատասխան. Զգացումները անկեղծօրէն արտայայտելը կարեւոր է հոգեկան առողջութեան, ինչպէս նաեւ փոխադարձ վստահութեան համար, սակայն, երբեմն կ՚արժէ զանոնք պահել կամ զսպել՝ կախուած իրավիճակէն եւ միջավայրէն: Ամէն զգացում չի պահանջեր արտայայտութիւն, մասնաւորաբար այն ժամանակ, երբ այդ մէկը կրնայ ուրիշը վիրաւորել ու վնասել յարաբերութիւնները: Հիմնականը մարդուն համար զգացումները հասկնալն ու կառավարելն է՝ ընտրելով զանոնք արտայայտելու ճիշդ պահն ու ձեւը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան