ԿԵԱՆՔԸ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԱՐԳԵՒ
«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը».
ՅՈՎՀ. ԺԴ 6
Յիսուս յարութեան հաւատքը Իր իսկ անձին կը զօդէ. «Ես եմ Յարութիւն եւ կեանք». (ՅՈՎՀ. ԺԱ 25)։ Արդարեւ, Յարութեան հաւատքը կը հիմնուի հաւատքին վրայ այն Աստուծոյ, «որ Աստուածն է ոչ թէ մեռեալներուն, այլ՝ կենդանիներուն». (ՄԱՐԿ. ԺԲ 27)։ Յիսո՛ւսն է որ վերջին օրը պիտի յարուցանէ՝ պիտի վերակենդանացնէ անոնք, որ Իրեն հաւատացին (ՅՈՎՀ. Ե 24-25, Զ 40), Իր մարմինը ճաշակեցին եւ Իր արիւնը ըմպեցին (ՅՈՎՀ. Զ 54)։ Այս ճշմարտութեան նշանը եւ գրաւականը Յիսուս այժմէն իսկ կու տայ՝ վերստին կեա՛նք պարգեւելով կարգ մը ննջեցեալներու (ՄԱՐԿ. Ե 21-43), (ՂՈՒԿ. Է 11-17), (ՅՈՎՀ. ԺԱ), միանգամայն աւետելով Իր իսկ Յարութիւնը՝ որ սակայն տարբեր կարգի պիտի պատկանի։
Իր տեսակին մէջ միա՛կը եղող այս եղելութեան մասին Ան կը խօսի իբր «նշանը Յովնանի» (ՄԱՏԹ. ԺԲ 39), «նշանը Տաճարին» (ՅՈՎՀ. Բ 19-22)։ Յիսուս բացայայտօրէն կ՚աւետէ թէ Իր մահուան երրորդ օրը Յարութիւն պիտի առնէ (ՄԱՐԿ. Ժ 34)։
Կեանքը պարգեւ մըն է Աստուծմէ, որովհետեւ կեանքը Աստուծոյ ստեղծագործութեան ծրագրին առաջնահերթ իրողութիւնն է՝ ցոլք մը՝ արարչութեան։ Կեանքը, այս իմաստով, Աստուծոյ անմիջական ներկայութիւնն է։
Եւ այս իսկ պատճառով, Յարութեան տօնի ուրախութիւնը՝ կեանքին փառաբանութիւնը եւ տօնախմբութիւնը, տօնակատարութիւնն է։ Արդարեւ, Յարութիւնը՝ վերաստեղծումն է կեա՛նքին։
Աստուծոյ ճառագայթումն է կեանքը, որ խափանուած, կասեցուած, պղծուած էր մարդոց կողմէ, Յիսուս՝ մարմնացած, մարդացած Աստուածը եկաւ աշխարհ վերաստեղծելու, վերականգնեցնելու զայն։ Եւ քանի որ կեանքը Աստուծոյ պարգեւն է եւ Անոր ստեղծագործութեան ծրագրին կարեւորագոյն մասը, ապա ուրեմն կեանք եւ մահ երբեք չեն գոյակցիր, ինչպէս՝ բարին եւ չարը, լոյսը եւ խաւարը, օգտակարը եւ վնասակարը։
Աստուած բարի՛ է. բացարձակ բարին եւ բարին երբեք չի ստեղծեր չարը, եւ Աստուած լոյս է, եւ երբեք խաւար չի վստեղծեր։ Աստուած կեանքին պատճառն է եւ ո՛չ թէ մահուան։ Ապա ուրեմն ուրկէ՞ է մահը։ Մահը ո՛չ թէ Աստուծմէ, այլ մարդէն է, չարին խաբուած եւ Աստուծմէ հեռացած մարդէն, այսինքն մեղքէն է ստեղծուած մահը՝ որպէս պատիժ մեղքին։ Այս իմաստով մահը՝ հատուցում մըն է եւ ո՛չ թէ ստեղծուած իրականութիւն։ Եւ այս իմաստով կեանքը յաւիտենական է, անվերջ, այս մահը՝ ժամանակաւոր եւ ո՛չ մշտական։
Ուստի, կեանքը պէտք է ապրիլ Աստուծոյ փառքին համար եւ պահել զայն որպէս անգին աւանդ։ Կեանքին տէրը Աստուած է եւ կեանքը բարի է, որովհետեւ զայն ստեղծող Աստուած բարի՛ է։ Բարի ծառը բարի պտուղ կու տայ եւ ո՛չ թէ չար եւ անօգուտ պտուղ։
Այս իմաստով կեանքը պէտք է ապրիլ «ուրիշ»ի համար՝ Աստուծոյ եւ Անոր արարածներուն օգտին համար, ծառայելով, հոգալով, խնամք տանելով, ինչ որ կը նշանակէ՝ ինքնակեդրոն չըլլայ, այլ՝ աստուածակեդրո՛ն։
Կեանքը բարի է եւ բարութեան միջոց մըն է. մարդ բարութեամբ, բարի ստեղծուած է եւ ան պէտք է գործածուի միջոց՝ աստուածպաշտութեան, Աստուած փառաբանութեան, նաեւ իրերօգնութեան իր նմաններուն՝ որոնք իւրաքանչիւրը Աստուծոյ որդիներն են։
Գլխաւորութեամբ մարդասիրութեան՝ եղբայրսիրութիւն, ծնողասիրութիւն, աղքատսիրութիւն մարդուս սկզբնական պարտականութիւնները եւ պատասխանատուութիւնն է։ Ան որ կը սիրէ կեանքը՝ կը սիրէ Աստուած եւ Անոր բոլոր արարածները՝ գլխաւորութեամբ մա՛րդը։ Եւ ան որ չի սիրեր մարդը եւ բոլոր միւս արարածները, չի սիրեր նաեւ Աստուած եւ ապա ուրեմն՝ կեա՛նքը։
Եւ Յիսուս է որ կը վերականգնէ, կը վերաստեղծէ կեանքը, քանի որ Ա՛ն է ճաապարհը, ճշմարտութիւնը եւ կեա՛նքը. (ՅՈՎՀ. ԺԴ 6)։
Կեանքը Աստուած է, եւ Աստուած՝ կեանք։
Պարգեւ մը, աւելին՝ անգին աւանդ մըն է կեանքը՝ որը պէտք է ապրիլ բարեգործութեամբ, իրերօգնութեամբ եւ սիրով՝ որը ամէն բանի կորի՛զն է։
Եկէ՛ք սիրելի՜ներ, նայինք Յարութեան այս տեսանկիւնէն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 29, 2025, Իսթանպուլ