ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Աղքատութիւնը Աստուծմէ տրուած պատի՞ժ է մարդուն:

Պատասխան. Երբե՛ք: Աղքատութիւնը պատիժ չէ՛ Աստուծմէ տրուած, այլ կարգավիճակ է, որ ինչ-ինչ պաճառներով, կամ ինչ պարագաներու բերումով մարդ այդ վիճակին մէջ կը յայտնուի: 

Առակացին մէջ հետեւեալ համարը կը կարդանք. «Իր կատարելութեան մէջ քալող աղքատը՝ ծուռ ճամբաներու մէջ քալող հարուստ մարդէն աղէկ է» (Առ 28.6): 

Առակագիրին այս տողերը կարդալով, անգամ մը եւս կը համոզուինք, որ աղքատութիւնը Աստուծմէ տրուած պատիժ մը չէ՛ մարդուն համար, որովհետեւ եթէ այդպէս ըլլար, ապա Իմաստունը այս համեմատականը չէր կատարեր:

Հայր Թատրոս Եաագուպ Մալթին վերոյիշեալ համարին մասին այսպէս կը գրէ. «Ոմանք կը կարծեն, թէ աղքատութիւնը Աստուծոյ՝ մարդուն վրայ բարկանալու նշաններէն մէկն է, իսկ հարստութիւնը եւ բարիքներու առատութիւնը՝ Աստուծոյ հաճութեան նշանը: Սակայն, աղքատ սուրբեր կան, որոնք ուղիղ կ՚ընթնան, ինչպէս օրինակ՝ Ղազարոսը (Ղազարոսի ու մեծահարուստին առակը), մինչ հարուստը չար էր:

Այն ինչը որ մեզ Աստուծոյ առջեւ արդար կը դարձնէ, մեր հարստութիւնը կամ աղքատութիւնը չէ, մեր նիւթական արժանապատուութիւնը կամ մարդոց առջեւ մեր ամօթը, ո՛չ մեր նախնիներու հոգեւոր կամ նիւթական կարգավիճակը, այլ՝ Աստուծոյ հետ մեր ընկերակցութիւնը եւ մեր սէրը աստուածային պատուիրանին հանդէպ»:

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը այս համարին մասին կը գրէ.

* Իսկական ազնուականութիւնը ո՛չ թէ քու նախնիներուդ բարձր կարգավիճակին մէջ է, այլ՝ քու բնաւորութեանդ բարութեան մէջ: Ինծի մի՛ ըսեր, թէ հայրս մարզպետ է: Ի՞նչ առընչութիւն ունի ատիկա…: Եթէ նոյնիսկ հայրդ Սուրբ Պօղոսն էր, նոյնիսկ եթէ եղբայրներդ նահատակներ ըլլային, բայց դուն արդարութեամբ իրենց նման չես. ազգականութիւնդ անոնց հետ քեզի օգուտ չի՛ բերեր: Աւելին, ատիկա կը վնասէ քեզ ու կը դատապարտէ: Կարելի է ըսել, որ մայրս մարդասէր է, որ գումար կը նուիրէ: Ասիկա ի՞նչ օգուտ կրնայ ունենալ ձեզի համար, եթէ դուք այդքա՜ն դաժան էք: Անոր կարեկցանքը մարդոց նկատմամբ, քեզի համար մեղադրանք է, որ պէտք է աւելցուի ձեր մեղքերու ցուցակին վրայ: Յովհաննէս Մկրտիչը հրեաներուն ի՞նչ ըսաւ. «Ապաշխարութեան արժանի պտուղներ ունեցէք եւ մի՛ կրկնէք, ըսելով, թէ՝ “Աբրահամը մեր հայրն է” (տե՛ս Ղկ 3.8)»:

Նախնիներէդ մէկը փառաւորուած սո՞ւրբ է (պարծենալու արժանի): Եթէ դուն անոր կը նմանիս, ապա կը շահիս, իսկ եթէ դուն անոր չես նմանիր, ապա այդ առաքինի ծերուկը կ՚ըլլայ քեզ մեղադրողը, որովհետեւ դուն լաւ ծառին դառն պտուղ եղած ես: Երբե՛ք մի մտածեր, որ ան, ով որ արդար ազգական ունի, բախտաւոր է, եթէ անոր վարքը իր այդ արդար ազգականին չի՛ համապատասխաներ: Մայրդ չա՞ր է: Ատիկա քեզի հետ առընչութիւն չունի (այդ քու վրադ չ՚ազդեր), ինչպէս բարեպաշտ մօր բարութիւնը քեզի ընդհանրապէս օգուտ չի՛ տար, եթէ դուն չընդօրինակես զինք [այսինքն՝ չի՛ փորձես անոր նմանիլ]:

Այդպէս ալ, չար (գէշ) մօր չարիքները քեզ չե՛ն վնասեր, եթէ կեանքիդ համար այլ ճանապարհ բռնես: Տակաւին, հանդերձեալին մեծ դատապարտութիւն եւ մեղադրանք պիտի ստանաս, որովհետեւ արդար օրինակ մը ունէիր տունէդ ներս, սակայն անկէ օրինակ չես առած, այդ պատճառով ալ ան, որ չար մայր ունի, սակայն չէ՛ ընդօրինակած անոր չարութիւնները, ապա ան արժանի է մե՜ծ վարձատրութեան, որովհետեւ լաւ եւ հասուն պտուղ մըն է, դառն արմատէ մը:

Հետեւաբար, քու նախնիներուդ բարձր կարգավիճակը չէ՝ որու կարիքը ունիս, այլ՝ քու լաւ բնաւորութեանդ: Արդարեւ, ես կը կարծեմ, որ նոյնիսկ ստրուկը լաւ եւ ազնիւ մարդ է, իսկ տէրը [ստրուկին] շղթաներով կապուած՝ եթէ գիտնայի անոր բնաւորութեան յատկութիւնները: Բարձր կարգավիճակ ունեցող մարդը եթէ ստրկութեան յատկանիշներ ունի, ապա ինք աւելի ցած մակարդակի մը կը պատկանի: Իրականութեան մէջ ո՞վ է ստրուկ, եթէ ոչ ան՝ որ մեղք կը գործէ: Ինչ կը վերաբերի միւս ստրկութեան, ապա ատիկա արտաքին հանգամանքներու բերումով մեր ունեցած վիճակն է: Իսկ այս ստրկութիւնը մեր ցանկութիւններուն քմահաճոյքն է:

Արդարեւ, մենք մեզ ստրուկ չդարձնենք մեր քմահաճոյքներուն, միւս կողմէ ալ մեր ծնողներուն կամ բարեկամներուն ու ազգականներուն արդարութեամբ եւ բարի համբաւով չպարծենանք, որովհետեւ ինչպէս տեսանք այդ պարծանքը մեզի համար շատ յաճախ դատապարտութեան կը վերածուի, եթէ մեր նախնիներուն ընթացքը չպահենք ու անոնց շաւիղէն չընթանանք:

Յակոբ Պատրիարք Նալեան կը գրէ, թէ Քրիստոսի Աւետարանական առաջին խրատը կամաւոր աղքատութիւնն է: Կը կարդանք. «Արդ, Քրիստոսի Աւետարանական առաջին խրատը՝ աղքատութիւնն է, որպէսզի մարդ կամաւորաբար հրաժարի ունեցուածքէն, երբ տեսնէ, թէ վնաս կը բերէ իր հոգիին: Ուստի, Քրիստոս ըսաւ, ով որ իր ամբողջ ունեցուածքէն չհրաժարի, չի՛ կրնար Ինծի աշակերտ ըլլալ:

Իւրաքանչիւր ոք որ կամաւորաբար կը հրաժարի աշխարհական մեծութենէ, ինչպէս կրօնաւորները, վարդապետները, կոյսերը եւ ուրիշներ, հարիւրապատիկը վարձատրութիւն պիտի ստանան Քրիստոսէ: Ասոր կամաւոր աղքատութիւն կ՚ըսուի»:

Այս տողերը կարդալէն ետք կրնանք ըսել, որ հարստութիւնը պէտք է որպէս պատիժ ընկալենք, եթէ չիմանանք մեր ունեցած հարստութեան հետ ճիշդ կերպով վարուիլ: Աւելին, եթէ մենք մեր հարստութեան գերին դառնանք, քան թէ մեր հարստութիւնը ծառայեցնենք եւ ենթարկենք մեզի: Եթէ մեր ունեցած հարստութիւնը վնաս կը պատճառէ մեզի, ապա աւելի լաւ պէտք է ըլլայ, որ հրաժարինք անկէ կամաւորաբար, որպէսզի Երկինքի Հարստութիւնը չկորսնցնենք: Որովհետեւ, մինչ այս աշխարհի վրայ մեր ունեցած հարստութիւնը ժամանակաւոր է, ապա երկինքի հարստութիւնը մնայուն եւ յաւիտենական է: Մինչ այս աշխարհի հարստութիւնը մեզ դատապարտութեան կը մատնէ, ապա երկինքի հարստութիւնը մեզի յաւիտենական կեանք կու տայ: Մինչ այս աշխարհի հարստութիւնը մեզ սատանային եւ անոր արբանեակներուն ընկերակից կը դարձնէ, ապա երկինքի հարստութիւնը մեզի կը պարգեւէ Աստուծոյ յաւիտենական ներկայութիւնը: 

Ընտրութիւնը մե՛րն է, աշխարհի՞ վրայ հարուստ ըլլալ, թէ ժառանագել Երկինքի Անվախճան Հարստութիւնը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 140

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2025