ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

Հայ ժողովուրդը ունի բազմաթիւ մտահոգութիւններ ու խնդիրներ, սակայն, անոնցմէ ամենէն կարեւորներէն մէկը անկասկած Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորումն է, որ շատերու համար անմիջական ու անհրաժեշտ, իսկ շատերու համար դաւաճանութիւն կը նկատուի. ոմանք Հայաստանի ներկայ իշխանութեանց քայլերը կը նկատեն դիւանագիտական ու ճիշդ, իսկ ուրիշներ զայն կ՚որակեն որպէս չարիք հայ ժողովուրդին: 

Անձամբ կ՚ընդունինք, որ քաղաքականութենէ այնքան հասկցող մը չենք, սակայն, կը սիրենք պեղել պատմութիւնը, աչքի դիմաց ունենալու համար ընդհանուր պատկերը։ Պէտք է ընդունիլ ու ըսել, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու խնդիրը նոր ստեղծուած խնդիր մը չէ. եթէ լաւապէս ուսումնասիրենք պատմութիւնը՝ պիտի տեսնենք, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը եւս կարեւոր եւ մինչեւ իսկ անհրաժեշտ նկատած է այդ մէկը եւ այդ նպատակով Հայաստանէն Թուրքիա մեկնած են խորհրդական Պ. Գէորգ Խատիսեան, Բ. պատուիրակ Պ. Ալեքսան Խատիսեան, զինուորական խորհրդական տեղակալ Պ. Յարութիւն Աղապապօֆ, պատուիրականութեան նախագահ Պ. Աւետիս Ահարոնեան, պատուիրակութեան զինուորական անդամ տեղակալ Պ. Լիսիցեան եւ Ա. քարտուղար Պ. Յակոբ Քօչարեան: 

Վերոյիշեալ պատուիրակութեան կատարած այցելութեանց ու բանակցութիւններուն մասին կարելի է ուսումնասիրողը գտնել մեր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 10 յունիս 1918-ի թիւին առաջին էջին մէջ. այդ թուականներուն Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան առաջին արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանդր Խատիսեան Թուրքիոյ մէջ տուած մամուլի ասուլիսի ընթացքին հետեւեալ կարեւոր հաստատումը կ՚ընէ. 

«Դրացի կառավարութեանց հետ մեր յարաբերութիւնը Թուրքիոյ եւ մեր ունենալիք յարաբերութենէն կախում ունի: Օրինակի համար, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը Թուրքիոյ հետ համակրօն եւ համացեղ է, ուստի տարակոյս չկայ, թէ Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւնը Ատրպէյճանի հետ մեր յարաբերութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենայ»: Իրականութեան մէջ տակաւին նոր ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ազատած Հայաստանի մը համար նման յայտարարութիւն մը թէեւ անսպասելի, սակայն կարեւոր էր, որովհետեւ անկախութիւնը պահելու համար դաշնակցութիւնը կարեւոր է՝ մանաւանդ դրացի պետութիւններու հետ եւ այս միտքով է, որ Խատիսեան շարունակելով կը կատարէ իր կարեւոր հաստատումներէն մին. «Հայոց կառավարութիւնը չորս կառավարութիւններէ շրջապատուած ըլլալով, անոր ապագայ բարգաւաճումը Թուրքիոյ հետ բարւոք յարաբերութեան մէջ գտնուելէն կախում ունի»: 

Իրականութեան մէջ այս տողը թէ՛ այսօր եւ թէ օրին քննադատութեան թիրախ դարձած է, սակայն, այդ ժամանակուան Հայաստանն ու մերօրեայ Հայաստանը նոյն մարտահրաւէրները չէ, որ կը դիմագրաւէին. այդ թուականներուն այս բանակցութիւններուն աթիռով գրուած բաց նամակի մը մէջ կը հանդիպինք հետեւեալ արտայայտութեան. «Չէզոք, առանց բանակի, ժխորի Հայաստան մը». ինչպէս գիտենք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան ժամանակ Հայաստան կը դիմագրաւէր լուրջ հարցեր. կար տարածուած ժանտախտ մը, միւս կողմէ Հայաստան սովի դիմաց կը գտնուէր. Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը չունէր իր դրօշը, չունէր իր դրամը, չունէր բանակ եւ գրեթէ ո՛չինչ ունէր: Նման պարագաներու մէջ անկախութիւնը պահպանելու համար դիւանագիտական համաձայնութիւնները անհրաժեշտ էին. արդեօք մերօրեայ յարաբերութիւնները բարւոքելու գործընթացը ունի՞ նոյն հիմքը. չենք գիտեր: 

Այդ հաշտութեան պատճառները հասկնալու համար պէտք է պեղել պատմութիւնը. այդ ժամանակ Հայաստան սովի դիմաց կը գտնուէր եւ պարտաւոր էր իր դրացի երկիրներէն ալիւր ապահովել՝ ժողովուրդը սովէ փրկելու համար. այդ ժամանակ Հայաստանին կրնայ ալիւր տալ Ատրպէյճանի պետութիւնը, սակայն, այդ մէկը իրագործելու համար անհրաժեշտ էր Թուրքիոյ միջնորդութիւնը: Իրականութեան մէջ երբ ժողովուրդը սովամահ ըլլալու դիմաց կը գտնուի, Թուրքիոյ հետ հաշտութեան նիւթը անհրաժեշտ էր, որովհետեւ Ատրպէյճան պայման դրած էր Էնվէր փաշայի համաձայնութիւնը ալիւր տրամադրելու համար: 

Խատիսեան կը նշէ, որ ո՛չ միայն Հայաստանի համար կարեւոր է Թուրքիոյ հետ հաշտութիւնը, այլ նաեւ կարեւոր է Թուրքիոյ համար. Թուրքիոյ համար ինչո՞ւ համար կարեւոր էր՝ յստակ չէ մեզի համար, սակայն, Հայաստանի համար կարեւոր էր, որովհետեւ ժողովուրդը հացի կարիք ունէր: 

Անցեալի հաշտութեան պատճառները յստակ էին, իսկ մերօրեայ պետութիւնը ժողովուրդի թշնամութենէն խուսափելու համար պարտաւոր է ներկայացնել տրամաբանական պատճառներ, որոնք անհրաժեշտ կը դարձնեն յարաբերութիւններու բարելաւումը: 

Մենք եւս կը գիտակցինք, որ դարեր շարունակ թշնամութեամբ ապրիլը անկարելի է՝ մանաւանդ դրացի երկիրներու պարագային, որովհետեւ թշնամութիւնը դարեր շարունակ տուած է միայն զոհ եւ արիւն:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Դրացի պետութեանց հետ հաշտ ապրիլը ինչքանո՞վ կարեւոր է:

Պատասխան. Դրացի պետութեանց հետ հաշտ ապրիլը կարեւոր է, որովհետեւ այդ մէկը առիթ կու տայ փոխադարձ զարգացման, համագործակցութեան եւ խաղաղութիւնը պահպանելու հնարաւորութեան: Հաշտութիւնը դրացիներու միջեւ հիմք է կայունութեան, տնտեսական աճի եւ բարեկեցութեան, որ կը նուազեցնէ հակամարտութիւններու վտանգը՝ ստեղծելով միջավայր, ուր մարդիկ կրնան հանգիստ եւ ապահով ապրիլ: Հաշտ ապրիլը կարեւոր է նաեւ մշակութային եւ հոգեբանական առումով:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Ապրիլ 26, 2025