80-ԱԿԱՆ, 90-ԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀՆ ՈՒ ԻՐ ԵՐԳԱՐՈՒԵՍՏԸ

Եւ Ռոքսէթի ձայնաերիզը «Լսէ ձայնը սրտիդ» երգով կը բանար հորիզոններ, բեմին վրայ նոյն երգչուհիին բոպիկ կեցուածքով եւ բաւական կարճ ու մարմինը ցոյց տուող հագուստով: Բեմ մը, որ յարդարուած էր հին բերդի մը ներքին տարածքին մէջ եւ որ կարծես կ՚ակօսէր անցեալը հաստատուն արդիականութեամբ, անտրտունջ կ՚աւանդէր ապագայ մը, որ անյայտ չէր, անկապ չէր, անորոշ չէր, այլ ընդհակառակն, հաստատօրէն նուաճուած էր հարազատ ազատութեամբ:

Ազատութեան ճիչը ունի իր մեղեդիները եւ կարծես ընդհանուր երաժշտութիւնը կը ձգտի այդ դերը առնելու իր վրայ կամ կը հպարտանայ ու պարզ զարկով կ՚ըլլայ իր հիմքին հետ, երբ ազատութեան կանչն է ինքը։ Անկախ այն բանէն, թէ ինչպէ՛ս է այդ ազատութիւնը մարդուս մօտ. մարմնական, ընկերային, տնտեսական, քաղաքական, օրէնսդրական կամ կամ… Ազատութիւնը ինքնին գործադրելի կաղապար մը չէ. ան չի գար, չ՚իրականանար, չի մարմնաւորուիր վերջնականապէս կամ նոյնիսկ ժամանակաւորապէս: Ազատութիւնը ինքնին գաղափարն է մերկ, առանց հագցնելու անոր վրայ որեւէ պատմական, կրօնական ու ազգային-քաղաքական հագուստ կամ կապ: Ազատութիւնը անկապ է՝ բայց գեղեցիկ, բացարձակ է, խորհրդաւոր՝ բայց վեհ, արարող ու երջանիկ: Հոն էր Ռոքսէթի եւ Ռոքսէթներու երգը. այն ռոքը, որ սկսաւ 80-ականներուն եւ որ շարունակեց ու կոփեց 90-ականներու տեսակ մը հնամենիութիւնը: 

Չկանք մենք, երբ չկայ մեր տեսիլքը, իսկ աւելի կանք, երբ այդ տեսիլքը տեղ մը կը շօշափենք կամ կը զգանք, որ շօշափման մէջ ենք: Ազատութեան պատկերացումը տեսիլքային բարձրագոյն հանգանակն է մեր ապրելու լինելութեան, իսկ եթէ ուրախ ու ազատ պիտի ըլլանք (որ մեր կոչումն է ու ձգտումը յաւերժական), պէտք է վանենք կեղծ ու բռնատիրական կամ պարտադրուած միջոցները՝ սովորութիւններով ու կրօնաբարքերով կամ ընդհանուր ընկերաբանութեան կողմէ: Նոյնիսկ հաւատքը, որ ուրախ պէտք է ըլլանք, թէ մեզ կը սաւառնեցնէ, ինչքան ալ խաբուած ու շարժեցուած ըլլանք համակարգերով: Մարդը իբրեւ անհատ յաւերժապէս համակարգերէն մեծ է, ինչքան ալ հաւաքականօրէն ստեղծէ համակարգ ու զայն տնօրինէ նոյն իր անձնական ու հաւաքական կեանքը այդ համակարգով:

Ընդհանուր ազատատենչութեան իր կոչման կողքին կանչ է, ճիչ է, պատգամ է, մարդկային հոգիի քոտերուն նուագագրումն է երգը, որ կը բանայ ամէն ելքերը գոյութենական իրականութեան: 

Եւ Ռոքսէթը իր երգով եւ հարիւրաւոր «Լսէ ձայնը սրտիդ»ներով կը լեցնէին ազատութեան ու իրականութեան տատանումները մեր պատանեկան պատկերացումով կեանքին, նաեւ միաժամանակ կը կերտէին ապագայի իտէալական ազատատենչութիւնը, որ, այո, կը մարմնանար արեւմուտքի յաջողութիւնը հիւսելով եւ տեղ մը աշխարհային անկապանք եւ բացարձակ անկախ ազատութեան անհատական կերտումով: Իմ իտէալացումովս՝ ինչքան ալ ուզէի տարբեր տեսնել, մեր անհատական ու շրջանակային հրապուրումներուն նոյն ազատականացման կամ նուազագոյնը ազատատենչութեան ճամբուն վրայ կը հաւաքուէինք ընկերներով, ակամայ կը յամենար ներկայացուցիչներ ու անկոչ կամ կոչեցեալ մասեր ըլլալու մեր տառփանքի լիակատար չիրականացումը: Երբ մաս ու շարժիչ կը համարես դուն քեզ հեռուէն եկած իրողութեան, կ՚ունենաս այն համոզումը, որ դուն նոյնիսկ իրեն՝ այդ հեռուն ալ որդեգրած ես ու արդին ես, ազատը, իրականն ու արդարը քեզմով ալ կը սկսի։ Ի վերջոյ, անհատական է ազատութեան կերտումն ու իւրացումը, իր մանրամասնութիւններուն մէջ ինչքան ալ համակարգով անխուսափելիօրէն կանոնագրենք մենք մեզ եւ կայացուի համակարգող ընկերաբանութիւնը: Որեւէ ընկերաբանութեան կապանքները կ՚երեւին, զայն խախտողի արարքին ընդմէջէն, իսկ առանց կապանքներու հասարակարգ չկայ։ Այն հասարակարգը, որ նոյնինքն գոնէ կը խօսի զայն շրջանցնելու ու ազատական բացարձակութիւններու մասին, ան յարաբերաբար յաղթած է ու վեհ: Ճիշդ այս կէտին էր մեր արտացոլացած ու մարմնացած արեւմուտքը կամ աշխարհի ազատացման ծայրը՝ իմ ու հայ եւ արեւելքցի պատանիին ալ ընդմէջէն, արեւմուտքէն աւելի արեւմուտք, բայց բարեմասնաբար արեւելքի ալ բարքի ներառմամբ ու այն մեծ առաքելութեան հաւատքով, որ ահա արեւելք-արեւմուտք ու տեղ մըն ալ հարաւ-հիւսիսը կատարեալ բաղադրականութեամբ կը յառնին տոկունօրէն մեր միջոցաւ: «Լսէ ձայնը սրտիդ, քանզի չունիս ուրիշ տարբերակ». այդ էր ուղղակի պատգամը, որ այնքան կլանող էր, որ նոյնիսկ ծանուցումն ու գովազդը ինքնին կը չքանային ու անկեղծացումը կը գերազանցէր ինքն իրեն:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•շարունակելի…

Երեւան

Շաբաթ, Ապրիլ 26, 2025