ԵԿԱԾ Է ԺԱՄԱՆԱԿԸ
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հերթական անգամ յայտարարեց, որ ժամանակն է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը լուծարելու։ Ան համոզուած է, թէ Հայաստան պէտք է քայլերու ձեռնարկէ այս ուղղութեամբ։ Ծանօթ է, որ այս խնդիրը Պաքուի կողմէ նախապայմանի մը վերածուած է Երեւանի հետ ստորագրելու համար խաղաղութեան պայմանագիրը, որու նախագիծին բովանդակութիւնը արդէն համաձայնեցուած է։
Երէկ, Ալիեւ Պաքուի մէջ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուն, որ մօտաւոր անցեալին այցելած էր Երեւան։ Զրոյցի ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահը դիտել տուաւ, որ Մինսքի խումբը լիովին ձախողած է հայ-ատրպէյճանական անցեալի հակամարտութեան կարգաւորման առումով։
Սինիրլիօղլու Երեւանի մէջ անդրադարձած էր նաեւ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։ Մինսքի խումբի լուծարման պահանջին կապակցութեամբ Հայաստան Ատրպէյճանին կ՚առաջարկէ այդ կարգադրութիւնը նոյնաժամանակ իրականացնել խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման հետ։