ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՆՇԵՑ ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՂԱՒԱՐԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին մեծ շուքով նշեց Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մատուցուած տաղաւարի Հայրապետական Ս. Պատարագը այս տարի եւս մագնիսացուց համայն հայութեան ուշադրութիւնը։ Սուրբ Էջմիածնի վերանորոգեալ Մայր Տաճարին մէջ երկար ընդհատումէ մը վերջ դարձեալ հնչեց Ս. Յարութեան աւետիսը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ առաւօտ զանգակներու զուարթ ղօղանջով, ծանրաշուք թափօրով առաջնորդուեցաւ Մայր Տաճար, ուր պատարագեց՝ առընթերակայութեամբ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեանի եւ Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեանի։ Հոծ բազմութիւն մը հետեւեցաւ արարողութեան, որու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը տաղաւարի պատգամը յղեց համայն հայութեան։ Օրուան տեւողութեան հազարաւոր հաւատացեալներ այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր տաղաւարի առթիւ կատարեցին իրենց ուխտի աղօթքը։
Ս. Զատկի պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը յորդորեց՝ Քրիստոսի օրինակով խաւարի մէջ ըլլալ լոյսի ջահակիրը։
Մայր Տաճարի Հայրապետական Ս. Պատարագի ընթացքին հոծ թիւով հաւատացեալներ ստացան Սուրբ Հաղորդութիւն։ Աւարտին, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը տօնական աւետիսով արձակեց բոլորը։ Ելքի թափօրին ան հաւատացեալներուն կողմէ շրջապատուեցաւ ջերմօրէն։ Նորին Սրբութիւնը բոլորին երկարեց իր ձեռքի խաչը, որու հպելով հաւատացեալները հաղորդ դարձան Սուրբ Յարութեան խորհուրդին եւ ստացան բիւր օրհնութիւններ։