ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ՊԱՏԳԱՄԸ
Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն։
«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»:
Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ ի հայրենիս եւ ի սփիւռս,
Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան ցնծագին աւետիսով եւ աստուածային շնորհներու հայցով կը բերենք ամէնքիդ Հայրապետական Մեր սէրը, օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները։
Փրկչի Սուրբ Յարութեան տօնը կը հռչակէ մահուան հանդէպ կեանքի յաղթանակը. յաղթանակ, որու համար Աստուածորդին Իր անձը զոհաբերեց, յաղթանակ, որ հաստատուեցաւ՝ որպէս մարդկութեան հանդէպ աստուածային սիրոյ լուսաշող վկայութիւն։ Մեր Տէրը հալածուեցաւ, չարչարանքներու ենթարկուեցաւ, խաչուեցաւ եւ մահը ճաշակեց։ Աստուածորդիի անձնազոհութեան վշտագին իրողութեան յանդիման, ինչպէս կը վկայեն աւետարանիչները, Տիրոջ աշակերտներն ու հետեւորդները համակեցին վհատութիւնն ու յուսահատութիւնը։
Մահուան թուացեալ յաղթութեան տագնապի մէջ, սակայն, մշտավառ յոյս, զօրութիւն ու ոգեշնչում դարձաւ Քրիստոսի թափուր գերեզմանէն հնչած Սուրբ Յարութեան հրեշտակաձայն աւետիսը. «Չէ աստ, այլ յարեաւ» (Ղուկ. 24.6)։ Այս ցնծալի աւետիսը, արդարեւ, յաղթերգն է Քրիստոսի փրկչական առաքելութեան։
Մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, Իր հրաշափառ Յարութեամբ կեանքը ազատագրեց մահուան շղթաներէն, փրկութեան լոյսը ծագեցուց աշխարհի մէջ եւ Իրեն հաւատացողներուն ժառանգորդ դարձուց յաւիտենական կեանքի եւ երկնքի արքայութեան՝ ըստ Իր կենարար խոստման. «Ով հաւատում է Ինձ, թէպէտ եւ մեռնի, կ՚ապրի» (Յովհ. 11.25)։ Տիրոջ փրկչական առաքելութիւնը եղաւ չարի դէմ բարիի, խաւարի դէմ լոյսի, մահուան դէմ կեանքի պայքար, որ պսակուեցաւ Յարութեան փառապանծ յաղթանակով։ «Ո՞ւր է մա՛հ, քո յաղթանակը, ո՞ւր է գերեզմա՛ն, քո խայթոցը» (Ա Կորնթ. 15.55), քաջալերուած կը բարձրաձայնէ առաքեալը։ Աստուածորդիի Յարութեամբ աշխարհի առջեւ կը բացուի յաւիտենութեան եւ փրկութեան ճանապարհը եւ երկրաւոր իրականութիւնը սահմանաւորէն կ՚ընդարձակուի դէպի անսահմանը, դէպի երկնայինը։
Սիրելի բարեպաշտ հաւատաւոր զաւակներ, Քրիստոսի Սուրբ Յարութեամբ, յիրաւի, կը վերափոխուի մարդկութեան պատմութիւնը, կը բացայայտուի կեանքի իմաստը։ Յարութեան շնորհը փրկութիւն կը պարգեւէ բարի, արդար եւ հաւատաւոր կեանքի համար, Տիրոջ հետեւորդները կ՚արժանացնէ աստուածային առատ օրհնութիւններու ու բարիքներու, ուրախակից կը դարձնէ երկնայիններուն եւ մասնակից՝ յաւերժական երանութեան անանց բերկրանքին։ Տիրոջ փրկարար կամքին հակառակ, չար ու մեղսալի ընթացքը, սակայն, դատապարտութիւն է եւ յաւիտենական պատիժ՝ անվերջանալի տանջանքներու մէջ։
Այսօր, ցաւօք, ականատես կ՚ըլլանք կործանարար դրսեւորումներու աշխարհի տարբեր կողմերուն, ուր կը մոլեգնին անարդարութիւններ, ատելութիւն ու թշնամանք։ Պատերազմն ու աւերածութիւնները, մահն ու սովը ահասարսուռ արհաւիրքներ կը սփռեն, կը խեղեն մարդկային կեանքեր, թշուառութեան կը մատնեն բազմահազար ընտանիքներ։ Քաղաքական, տնտեսական ու ռազմական հակամարտութիւններու յորձանուտին մէջ կ՚ոտնահարուին ազգերու ու պետութիւններու իրաւունքներ, կ՚անտեսուին խղճի եւ բարոյականութեան արժէքներ, կ՚աւերեն հոգեւոր-մշակութային համամարդկային ժառանգութիւն։ Այս փոթորկայոյզ իրավիճակներուն մէջ տառապող մարդկութիւնը կը տենչայ խաղաղութիւն, կը փափաքի աղէտներու ու բռնութիւններու աւարտ, համերաշխութիւն ու երջանկութիւն։
Աշխարհաքաղաքական ներկայ տագնապալի զարգացումներու պայմաններու մէջ ազգային ու հայրենական մեր կեանքը եւս կը գտնուի լրջագոյն հիմնախնդիրներու առջեւ։ Անվտանգային մարտահրաւէրներու հետեւանքով ստեղծուած բարդ կացութիւնը առաւել կը ծանրանայ ներքին պառակտումներով ու ճգնաժամային նոր իրավիճակներով։ Մտահոգիչ են նաեւ մեր իրականութեան մէջ չդադարող մերժելի գործողութիւններն ու արշաւները՝ ընդդէմ ազգային եւ քրիստոնէական մեր ինքնութեան ու անցեալի։ Հաւաքական մեր յիշողութեան մէջ որպէս բաց վէրք կը շարունակէ մնալ քսաներորդ դարասկիզբին՝ 110 տարի առաջ, Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որու չփարատուող ցաւը կը խորանայ այդ սոսկալի ոճրագործութիւնը կասկածի տակ դնելու կամ ժխտելու դատապարտելի փորձերով եւ աշխարհի մէջ տեղ գտնող նոր ցեղասպան գործողութիւններով։ Ոճրագործ այդ դրսեւորումներէն էր վերջերս մեր ժողովուրդի դէմ իրականացուած եղեռնագործութիւնը՝ Արցախի բռնազաւթումը եւ արցախահայութեան բռնի տեղահանութիւնը հայրենի հողէն։
Մենք, սիրելի ժողովուրդ հայոց, Տիրոջ Յարութեան շնորհի ժառանգորդներն ենք եւ այդ անխախտ հաւատով ի զօրու ենք մեր տառապանքներն ու կորուստները վերափոխելու ազգային վերածնունդի՝ հաւատարիմ մնալով տէրունաւանդ պատգամներուն, անսակարկ սէր ու նուիրում դրսեւորելով մեր ժողովուրդի ու հայրենիքի հանդէպ։ Հայրապետական Մեր յորդորն է՝ ազգի շահը վեր դասել անձնական ու խմբային նկրտումներէ, պարտադրուող հայրենավնաս քայլերէ։ Մերժենք մեր կեանքէն կեղծիքն ու սուտը, ի սպառ հեռու վանենք ազգակործան բարքերն ու արարքները, մեր անցեալը, պատմական յիշողութիւնները նսեմացնող ու արժեզրկող, մեր ապագան վտանգող խօսքերն ու գործերը։ Համախմբուինք մեր հաւատքի, ինքնութեան, արժէքներու, պատմութեան, մեր պետութեան եւ ապագայի համընդհանուր տեսլականի, այն ամէնի շուրջ, ինչը նուիրական է, ինչը կը միաւորէ մեզ ամէնքս՝ որպէս ազգ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս։ Միաբանութիւնն է մեր ազգի հզօրացման եւ արժանապատիւ կեանքի վերականգնման ամուր եւ յուսալի հիմքը։ Արդ, ըլլանք միաբան ու միասնական՝ համախոհութեամբ եւ մեր ողջ ներուժի գործադրումով դիմագրաւելու մեզ պատուհասած փորձութիւնները։ Ողբերգութիւններն ու դժուարութիւնները կը դադարեն, եթէ ապրինք յաւիտենական կեանքի համար, ամէնուր Փրկչի օրինակով խաւարի մէջ ըլլանք լոյսի ջահակիրներ, ըլլանք մարտիկներ ընդդէմ անարդարութեան ու չարիքի։ Մեր ազգի ու հայրենիքի վերյառնումը նաեւ իրական դարձնենք նոր զաւակներու ծնունդով եւ մատաղ սերունդի արժանաւոր կրթութեամբ ու դաստիարակութեամբ՝ ապահովելով հայութեան յարատեւ ընթացքը դէպի գալիքի յուսառատ հորիզոններ։ Մեր ժողովուրդը, որ Փրկչին ապաւինած աւերներ ու նախճիրներ յաղթահարած է, չի կրնար այսօր յանձնուիլ ու տրուիլ մահին, այլ պիտի ըլլայ կրողը յարութեան յոյսի ու շնորհի՝ աննկուն ոգիով եւ անխախտ հաւատով միշտ ազդարարելով. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»։
Քրիստոսի Յարութեան կենսապարգեւ այս աւետիսով Մեր ողջոյնն կը բերենք մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու գահակալներուն՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանին, Կոստանդնուպոլսի Հայոց Պատրիարք Տ. Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանին, քոյր եկեղեցիներու պետերուն՝ մաղթելով գահակալութեան արդիւնաւոր, արեւշատ տարիներ։ Հայրապետական Մեր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները կը յղենք նաեւ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ ողջ հոգեւոր դասուն եւ համայն հաւատաւոր Մեր ժողովուրդին։ Տիրոջ սէրը, օգնականութիւնն ու ողորմութիւնը թող պահապան ըլլայ ազգիս ու հայրենեաց:
Սուրբ Յարութեան այս լուսաշող առաւօտ, սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ, աղօթենք միասին առ Յարուցեալ Քրիստոս՝ աշխարհի, մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի խաղաղութեան, ապահովութեան ու անվտանգութեան համար։ Մեր հայցն է, որ Յարութեան կենսանորոգ շնորհները վերափոխեն մարդկութեան կեանքը բարութեամբ, արդարութեամբ ու համերաշխութեամբ։ Թող աստուածային երկնառաք պարգեւներով գօտեպնդուի մեր ազգը, յաղթահարէ առկայ բոլոր նեղութիւններն ու դժուարութիւնները եւ կերտէ նորանոր նշանակալի ձեռքբերումներ՝ ի զօրացում եւ ի փառս մեր հայրենիքի եւ ի յաւէտ պայծառութիւն համայն հայութեան այսօր եւ միշտ եւ յաւիտեանս. ամէն։
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի: