«ԵՍ ԵՄ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԿԵԱՆՔԸ»

«Ես եմ յարութիւնը եւ կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի՛». (ՅՈՎՀ. ԺԱ 25)։

Երեք հսկայական գամ կախուած պահեցին Յիսուս Քրիստոսը խաչին վրայ։ Այս երեք գամը՝ երեք անտեսանելի գամը ամուր պահեցին մեր Փրկիչը անարգ խաչին վրայ։ Ուստի նիւթական՝ տեսանելի գամերուն առընթեր կային բարոյական անտեսանելի երեք գամ։

Առաջին գամը՝ Յիսուսի մեծ եւ անհուն սիրոյն «գամ»ն էր մարդկութեան հանդէպ։

Երկրորդ գամը՝ Աստուծոյ սուրբ ծրագրին հանդէպ հաւատարմութեան «գամ»ն էր։

Երրորդ գամը՝ այդ անտեսանելի «գամ»ը՝ որ մեր Փրկիչը Յիսուսը խաչին վրայ ամուր պահեց, մեր բոլորին՝ ի՛մ եւ քո՛ւ մեղքերդ էին. «Բայց Անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ եւ մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ։ Մեր խաղաղութեան պատիժը անոր վրայ եղաւ եւ անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք». (ԵՍԱՅ. ԾԳ 5)։

Այո՛, սիրելիներ, կ՚արժէ այդ անտեսանելի «գամեր»ուն համար երկրպագել եւ փառք մատուցանել մեր ամենասիրելի Փրկչին։

Քրիստոնէութեան կիզակէտը Յարութեան անվիճելի եւ անուրանալի ճշմարտութի՛ւնն է։

Քրիստոս խաչուեցաւ եւ խաչին վրայ հոգին աւանդեց Հօրը ձեռքը։ Բայց հազիւ երրորդ օրը Ան Յարութիւն առաւ. Յարութեան առաւօտ մահուան եւ գերեզմանին վրայ կեանքի յաղթութեան օրը հռչակեց համայն աշխարհի, եւ Չարի ուժերուն պարտութիւնը յայտարարեց մարդկութեան։ Ուստի, պատմութեան մեծագոյն եւ եզակի դէպքը իրականացաւ՝ զոր Յիսուսի խաչելութեան եւ թաղման յաջորդեց, այն է Յիսուսի Յարութիւնը։ Աստուած, Իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը մեռելներէն յարուցանելով՝ կեանքի ամենադառն «ողբերգութիւն»ը ամենափառաւոր «օրհնութեան» կը վերածէ. մահը եւ դժոխքը կը պարտուին, եւ կեանքը եւ անմահութիւնը ի լոյս կու գան, ինչպէս առաքեալը կ՚ըսէ. «Ո՞ւր է, ո՛վ մահ, քու խայթոցդ, ո՞ւր է, ո՛վ գերեզման, քու յաղթութիւնդ». (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 55)։

Չէ՞ որ Victor Hugo կ՚ըսէ, թէ՝ «Գերազմաններու մէջ ամենէն շատ կը զգամ անմահութիւնը…»։ Արդարեւ, պէ՛տք է մահ ըլլայ, որպէսզի անմահութիւնը յայտնուի։

Ուստի, վերջին վճիռը չարին արձակածը պիտի չըլլայ, այլ Տէր Յիսուս Քրիստոսը գերեզմանէն յարուցանող Հայր Աստուծոյ արդար վճիռը՝ որ պիտի ըլլայ վերջնակա՛նը։

Արդարեւ, Յիսուս Քրիստոսի մահուան պատճառած վախը, վիշտը եւ յուսախաբութիւնը աշակերտներուն հաւատքի խարիսխները խորտակեր էին։ Յարուցեալ Տէր Յիսուս Քրիստոսի ներկայութիւնը, սակայն, նոր եւ կենդանի հաւատք մը եւ յոյս կը ներշնչէր վախը պատած աշակերտներուն։ Անոնց ուրախութիւնը գետի պէս կը յորդէր։ Վախը եւ տարակոյսը մէգի նման անհետացեր էին այլեւս։

Հաստատ համոզումով եւ վստահ գիտակցութեամբ Յիսուսի յարութիւնը իրարու կ՚աւետէին։ Յարուցեալ Տէր Յիսուս Քրիստոսի ներկայութիւնը այդ հրաշքը կատարեր էր աշակերտներուն մէջ. «Յիսուս Քրիստոս նո՛յնն է երէկ եւ այսօր եւ յաւիտեան»։

Յիսուս մարդոց կեանքին մէջ այսօր ալ հրաշքներ կը գործէ, քանի որ Ան կենդանի է եւ կ՚ապրի այսօր եւ յաւիտեան։ Անիկա կեանքի եւ մահուան իշխանն է։ Յիսուս այսօր ալ մարդոց խաւարը կը լուսաւորէ, վիշտը կ՚ամոքէ, մեղքերը կը քաւէ, տրտմութիւնը ուրախութեան եւ պարտութիւնը յաղթութեան կը վերածէ։

Յարութիւնը ճշմարտութի՛ւն մըն է, ուստի եւ անհերքելի ապացոյցներ կը փաստեն զայն։

Առաջին՝ չորս աւետարանիչներ՝ Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս եւ Յովհաննէս Յիսուսի խաչելութեան եւ յարութեան դէպքերը բոլոր մանրամասնութիւններով կը պատմեն։ Ականատեսի կենդանի վկայութիւններ են ատոնք եւ զիրար կ՚ամբողջացնեն, կը լրացնեն։ Եթէ ատոնք ճշմարտութիւններ չըլլային՝ Քրիստոնեայ Եկեղեցին «առասպելական», հեքիաթներու վրայ կառուցուած պիտի ըլլար։

Երկրորդ՝ Յիսուսի թափուր՝ պարապ գերեզմանը։ Մէկշաբթի՝ կիրակի օրը առտուանց շատ կանուխ, մի քանի կիներ գերեզման գացին եւ երբ գերեզման կու գան, մեծ զարմանքով եւ ապշութեամբ գերեզմանը պարապ կը գտնեն։ Երկու «մարդիկ» լուսափայլ հանդերձներով կ՚ըսեն կիներուն. «Ինչո՞ւ համար ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք, հոս չէ՛ ան, հապա յարութիւն առաւ»։

Զինուորները գիշեր եւ ցերեկ անխափան պահակ կը կենային, ուստի եւ ո՞վ կրնար Յիսուսի մարմինը «գողնալ» համարձակիլ։ Այդ վշտացեալ կիները ինչպէ՞ս պիտի կրնային «յարութեան պատմութիւն» մը յօրինել եւ բոլոր աշխարհը համոզել եւ հաւատացնել դարե՜ր եւ մինչեւ այսօր։

Երրորդ՝ Յիսուսի մարմինին փաթթուած պատանգը կարեւոր փաստ մըն է։

Յովհաննէս աւետարանիչը կը գրէ, թէ՝ «Նիկոդէմոս ալ եկաւ եւ բերաւ հարիւր լիտրի զմուռսի եւ հալուէի խառնուրդ մը, եւ Յիսուսի մարմինը առին, եւ խունկերով փաթթեցին զանիկա կտաւներու մէջ, ինչպէս հրեաները սովորութիւն ունին թաղելու». (ՅՈՎՀ. ԺԹ 39-40)։

Պետրոս եւ միւս աշակերտը երբ գերեզման կու գան՝ ներս կը մտնեն եւ մեծ զարմանքով կը նկատեն, որ Յիսուսի մարմինին փաթթուած կտաւները թէեւ հոն էին, սակայն, Յիսուսի մարմինը ատոնց մէջ չէր եւ զարմանալին այն էր, որ այդ կտաւները ինչ ձեւով որ Յիսուսի մարմինին փաթթուած էին, նոյն ձեւով կը մնային, գլխուն փաթթուածը մարմինին փաթթուածէն զատ կը կենար։

Չորրորդ՝ Յիսուս իր յարութենէն յետոյ տասը տարբեր առիթով իր աշակերտներուն երեւցաւ, եւ մէկ անգամ «հինգ հարիւրէ աւելի եղբայրներուն մէկտեղ երեւցաւ, որոնցմէ շատեր մինչեւ հիմա կան, եւ ոմանք ալ ննջեցին», կը գրէ Պօղոս առաքեալ։

Այդ մարդոց բոլորին ալ պատահածը, ցնորք, պատրանք, ինքնախաբէութիւն, մտամոլութի՞ւն էր, թէ իրականութի՛ւն։

Քրիստոնէութիւնը այսօր «ցնո՞րք» է, պատրա՞նք, թէ ամենափառաւոր ճշմարտութի՛ւն։

Հինգերորդ՝ աշակերտներուն կեանքին մէջ անուրանալի եւ բացայայտ փոփոխութիւն մը տեղի կ՚ունենայ։ Այդ ընկճուած եւ յուսալքուած եւ տրտմութեամբ պատած աշակերտներ, անբացատրելի ուրախութեամբ եւ ցնծութեամբ կը համակուին։ Այդ երկչոտ մարդիկը Յիսուս Քրիստոսի քաջասիրտ վկաները կը հանդիսանան եւ նոյնիսկ Երուսաղէմի մէջ Յիսուսը խաչողներուն առջեւ կեցած կ՚ըսեն. «Դուք այն Սուրբը եւ Արդարը ուրացաք, եւ խնդրեցիք որ մարդասպան մարդ մը ձեզի շնորհուի, եւ Կենաց Առաջնորդը սպաննեցիք, զոր Աստուած մեռելներէն յարուց, որու մե՛նք վկայ ենք». (ԳՈՐԾՔ. Գ 14-15)։

Վեցերորդ՝ Քրիստոսի Եկեղեցին, առաքեալներու օրերէն ի վեր Քրիստոնեայ Եկեղեցին հալածանքներու կ՚ենթարկուի եւ թէ անհամար հաւատացեալներ կը նահատակուին ամէն տարի ի խնդիր իրենց սուրբ հաւատքին, այսուհանդերձ Քրիստոսի Եկեղեցին կը բարգաւաճի։

Յիսուս բիւրաւորներու սրտերուն մէջ կը բնակի եւ Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը կը տարածուի ամբողջ աշխարհով։

Եւ վերջապէս՝ իւրաքանչիւր հաւատացեալ Յիսուս Քրիստոսի յարութեան կենդանի մէկ վկա՛ն է։ Յանցանքներու, թերացումներու եւ մեղքերու մէջ մեռածները կը կենդանացնէ Յիսուս եւ զանոնք նոր ստեղծուածներ կ՚ընէ։ Անոնց նոր կեանք կու տայ՝ նոր մարդ կ՚ընէ զանոնք։

Յարուցեալ Յիսուս Քրիստոս Իր Հոգիով կ՚ապրի իւրաքանչիւր հաւատացեալի մէջ։ Ան կենդանի է. հիմա եւ միշտ նո՛յնն է…։ Ուստի, Յիսուս Քրիստոսի յարութեան կենդանի ապացոյցներն ենք մենք բոլորս՝ մեր կեանքով, մեր գործունէութեամբ եւ մեր անսասան հաւատքով։

Արդարեւ, ճշմարիտ քրիստոնեաները իրարու հետ սերտ հաղորդակցութիւն կ՚ունենան՝ զիրար կը սիրեն, ներողամիտ են, կը կարեկցին իրարու, կ՚օգնեն իրարու եւ կ՚ապրեցնեն Յիսուսը, չէ՞ որ ի՛նչ որ կ՚ընեն՝ Յիսուսի ըրած կ՚ըլլան…

Եւ մեր իրարու հանդէպ ունեցած սէրը եւ միաբանութիւնը մեծագոյն վկայութիւնն է Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան։

Շնորհաբեր ըլլայ Քրիստոսի Յարութիւնը բոլորիս…

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Իսթանպուլ

Շաբաթ, Ապրիլ 19, 2025