«ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ՊԷՏՔ ՉԷ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ»
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ պէտք չէ շարունակուի Ղարաբաղի շարժումը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, խորհրդարանէն ներս լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ Ղարաբաղի շարժումը երկրին մէջ պիտի չշարունակուի։
Վարչապետը դիտել տուաւ, որ Հայաստան այս փուլին Ատրպէյճանին կ՚առաջարկէ բանալ երկաթուղիի կապը։ Սա եղած է տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ուղղեալ աշխատանքներու ամբողջին մէջ։ «Ըստ էութեան, գրաւոր առաջարկին չենք ստացած գրաւոր պատասխան։ Կան այլ մեկնաբանութիւններ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ այս փուլին խօսքը մասնաւորապէս կը վերաբերի Հորատիզ-Երասխ հատուածին։
Բաց աստի, Երեւան սահմանազատման վերաբերեալ գրաւոր առաջարկներ եւս փոխանցած է Պաքուին, կը սպասէ արձագանգին։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ երկրի Սահմանադրութեան փոփոխութեան հարցին շուրջ, ինչ որ ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման համար Ատրպէյճանի նախապայմաններու շարքին է։ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ իր կարծիքով նոր սահմանադրութեան մէջ յղում պէտք չէ ըլլայ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագրին, բայց, սա ժողովուրդի որոշելիք հարցն է։