ԱԶԳԱՅԻՆ ՍՈՒՏ ՄԸ
«Դէպի երկիր» երթալու սուտին մասին խօսելէ ետք կը շարունակենք հարցազրոյցը լսել. Տիկ. Սեդա Խալիկեան կը շարունակէ.
«Ամէն տեղ չէ, որ մենք հայ դպրոց ունինք: Հայ ծնողը անօթի կը մնայ, բայց կը ձգտի, որքան ալ միջոցներ պէտք ըլլան, իր զաւակը հայ դպրոց ղրկել, որուն բոլոր ծախքն ու պետական տուրքը մենք կը վճարենք»: Ակներեւ է, որ տիկ. Սեդա կ՚ուզէ ամէն կերպով իր գաղութը լաւագոյնս ներկայացնել, սակայն, պէտք է արդար ըլլանք. այսօր ո՞ր հայ ընտանիքը անօթի մնալու գնով իր զաւակը հայկական դպրոց կը ղրկէ. իրականութեան մէջ կարելի չէ նաեւ մեղադրել ծնողները, որովհետեւ մեր հայկական դպրոցները իրենց կրթաթոշակներով կը մրցին գրեթէ աշխարհի ամենէն սուղ համալսարաններուն հետ։ Սփիւռքի մէջ գաղութները չհասկցան եւ տակաւին չեն կրնար հասկնալ, որ սփիւռքի մէջ դպրոց ունենալը «շահութաբեր» հաստատութիւն մը ունենալ չի՛ նշանակեր։ Հայ դպրոցը սփիւռքի մէջ անհրաժեշտութիւն է. սփիւռքի մէջ այսօր շատեր իրենց զաւակները օտար դպրոցներ կը ղրկեն պարզ այն պատճառով, որ հայկական դպրոցները քառապատիկ աւելի սուղ են՝ քան տեղականները։ Լիբանանի մէջ հանդիպած ենք բազմաթի՜ւ ընտանիքներու, որոնց զաւակները իրենց հայկական վարժարաններէն ներս քննութեան չեն կրցած մասնակցիլ՝ պարզապէս կրթաթոշակը չկարենալ վճարելու պատճառով: Այսօր մեր դպրոցներուն վրայ որպէս ղեկավար կը գտնուին անձեր, որոնք չեն գիտակցիր, որ հայ աշակերտին հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելը նիւթական վճարներէն շատ աւելի վեր ու առաջնահերթ է։ Մենք ալ կը հասկնանք, որ իւրաքանչիւր դպրոց ունի իր ծախսերն ու պարտաւորութիւնները, սակայն հաւատացէ՛ք, որ մեր ազգին մէջ դրամ չի՛ պակսիր. յուշարձաններ, թանգարաններ եւ անիմաստ սրահներ շինելու գումարը թող յատկացուի նոր սերունդը դաստիարակելու:
Երբ հայկական սփիւռքը նոր կը սկսէր կազմաւորուիլ, իրապէս ալ նիւթական զոհողութիւններով դպրոցներ ու եկեղեցիներ կառուցուեցան. իսկ այսօր թէեւ համեմատած նիւթապէս աւելի ապահով վիճակի մէջ ենք, նորերը բանալու փոխարէն հիները կը գոցենք եւ այս մէկը ինքնին մտահոգութեան արժանի երեւոյթ է. ի տարբերութիւն տիկ. Սեդային ըսենք, որ այսօր ո՛չ թէ անօթի մնալու գնով, այլ իրենց փառաւոր վիճակին մէջ նոյնիսկ շատեր յանձն կ՚առնեն օտար դպրոցներ ղրկել՝ մեզ սպաննող այն համոզումով՝ որ զաւակին ապագայ յաջողութեան համար մայրենի լեզուն այնքան ալ պէտք պիտի չըլլայ, ինչքան անգլերէնը, արաբերէնը եւ կամ երկիրի տեղական լեզուն... հակառակ անոր որ երազը կը մնայ. վերադարձ դէպի երկիր:
Տիկ. Սեդա իր հարցազրոյցը կը վերջացնէ հետեւեալ տողերով.
«Ամառնային հայ ճամբարներ ունինք Ամերիկայի մէջ՝ երկշաբաթեայ հերթափոխով, որոնք նոյնպէս նիւթական շատ աւելի լաւ միջոցներ կը պահանջեն: Սակայն բացառելով հանգիստի այլ յաճախ հրապուրիչ ձեւերը, հոն կը ղրկենք մեր զաւակները, որպէսզի աւելի լաւ հայ ըլլան, քանզի թէ՛ մենք, թէ մեր զաւակները կը հաւատանք մեր դարձին»:
Մեր թուականէն աւելի քան երեսուն տարի առաջ օտարութեան մէջ ապրող հայ երիտասարդը իրապէս ունէ՞ր արդեօք հայրենիք վերադառնալու այդ հեռանկարը՝ չենք գիտեր, սակայն, ներկան կը փաստէ, որ սպասուած անկախութիւնը եւս բաւարար չեղաւ անոնց երազը իրականութիւն դարձնելու. այսօր այդ ճամբարներէն հազիւ մի քանին կը շարունակէ պահել իր գոյութիւնը՝ հազար ու մէկ տարբեր դժուարութիւններով: Ըստ երեւոյթին անցեալին այնքան ալ «հրապուրիչ չէր» օտարինը՝ ինչքան այսօր, որովհետեւ այսօր լուրջ մարտահրաւէր մըն է մեր օտարութեան մէջ հասակ առնող զաւակները կտրել իրենց ներկայէն եւ տանիլ տեղ մը՝ որ աւելիով իրենք զիրենք հայ զգան: Յաճախ մարդիկ մեր այս քննադատութիւններուն դիմաց կը պնդեն, որ սփիւռքի մէջ կայ գիտակից երիտասարդութիւն մը. մենք երբեք չենք ժխտեր անոնց գոյութիւնը, սակայն, կը փորձենք երեւոյթը դիտել իր ընդհանրութեան մէջ՝ մանաւանդ, որ կը տեսնենք ապագան այնքան ալ յուսալի պիտի չըլլայ ներկայ՝ եթէ ընդունինք, որ մեր այսօրուան ներկան մեր ապագային հիմքն է:
Բնական է, որ հարցազրոյցներու ժամանակ միայն լաւատես բաներ պիտի լսենք, որովհետեւ մենք ազգովին վարժ ենք հարցազրոյց վերցնել գաղութներու ղեկավարներէն եւ մեր ղեկավարներուն համար ամէն բան մի՛շտ դրական, մի՛շտ վարդագոյն է. իսկ երբ անոնք ղեկավար պաշտօններէ հեռանան, հրաշքով մը միայն այն ժամանակ կը սկսին տեսնել ազգի ու գաղութի խնդիրները՝ ինչպէս Հայաստանի նախկին իշխանութիւնները, որոնք իրենց օրին շատ մը հարցերու լուծում չտուած, այսօր նոյն լուծումը նոր իշխանութիւններէն կը պահանջեն եւ բնական է, որ նոր իշխանութիւնները իրենց կարգին նոյնը պիտի ընեն ապագայ իշխանութիւններուն: Եթէ մէկը գաղութի մը մասին դրական արտայայտութիւն ունենայ, առանց ճանչնալու անձը հասկցէ՛ք, որ կա՛մ կուսակցական մեծ մըն է եւ կամ գաղութը ղեկավարողներէն մէկը, որովհետեւ միայն անոնց համար ամէն բան այսքան դրական ու լաւատես է:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ պէտք է ընել սփիւռքի մէջ, որպէսզի հայ աշակերտը հայկական դպրոց յաճախէ:
Պատասխան. Սփիւռքի մէջ հայկական դպրոց յաճախելը խթանելու համար անհրաժեշտ է ստեղծել ներշնչող ու ժամանակակից միջավար, ուր հայ աշակերտը կը զգայ իր կապը իր ինքնութեան, լեզուին ու մշակոյթին հետ: Այս մէկը կարելի է ընել բարձրորակ կրթութեամբ՝ համատեղելով հայկական ժառանգութիւնը նորարար ուսուցման մեթոտներուն հետ: Այս հարցին մէջ կարեւոր է նաեւ պետական եւ համայնքային աջակցութիւնը՝ ապահովելու համար դպրոցի նիւթականը. կարեւոր է ուսուցիչներու պատրաստութիւնը եւ այս բոլորին համար հանրային իրազեկումը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան