ԱԶԳԱՅԻՆ ՍՈՒՏ ՄԸ

Իրականութեան մէջ մեր օրերուն թէեւ այդ մէկը «պարզ» ըլլալ կը թուի, սակայն, իրականութեան մէջ աշխարհի ամենէն մեծ անբախտութիւններէն մէկն է զաւակին հօրը լեզուն չգիտնալը. ողբերգութիւն մը պարզապէս՝ որ յաճախ հարցականի տակ կրնայ դնել գոյութեան իմաստը: «Լեզուն չգիտնալ»ը բառացի պէտք չէ ընկալել, որովհետեւ լեզուն խօսակցականէն աւելի ազգի մը հաւաքական յիշողութիւնն է, հայրենիքի հանդէպ սիրոյ ու հաւատարմութեան խորհրդանիշ մը եւ անոր կորուստը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ ինքնութեան խզում: Լեզուին մէջ կ՚ամփոփուին ազգի մը մշակոյթը, պատմութիւնը, արուեստը եւ նոյնիսկ ազգային ցաւը եւ երբ մարդ իր մայրենի լեզուէն կտրուի, ան կտրուած կ՚ըլլայ թէ՛ իր ազգի անցեալէն եւ թէ ինքնութենէն: 

Ազգային ինքնութիւնը առանց լեզուի գոյութիւն չի կրնար ունենալ, որովհետեւ, երբ մարդ հայերէն չի՛ խօսիր, ինքնաբերաբար կը կտրուի հայու մտածողութենէն, որովհետեւ չկայ աւելի ուժեղ միջոց սեփական արմատներուն մօտ զգալու՝ քան լեզուն: Լեզուի մոռացութեամբ անհատը միայն ի՛նք չի տուժեր. մոռացութեամբ կը տուժէ նաեւ պատմական յիշողութիւնը, որովհետեւ լեզու, պատմութիւն եւ մշակոյթ զիրար ամբողջացնող իրականութիւններ են եւ երբ լեզուն կորսուի, կը կորսուի նաեւ մշակութային զարգացումն ու յարատեւութիւնը, որովհետեւ իր ազգին լեզուն չգիտցողը, բնականաբար, չի գիտեր նաեւ անոր հոգեբանական խորութիւնն ու ապրումները։ Եւ վերջապէս կը տուժէ ազգային միասնութիւնը, որովհետեւ լեզուն ազգի մը համար ամենէն մեծ անտեսանելի կապն է, որ մէկը միւսին կը կապէ եւ երբ այդ կապը խզուի, ազգ մը տարրերու կը վերածուի: 

Սփիւռքի մէջ շատ մը ընտանիքներ գուցէ այդ մէկը կ՚ընեն գիտակցաբար, մտածելով, որ օտարութեան մէջ օտար լեզուն ու գիտութիւնը շատ աւելի կարեւոր է յաջողութեան հասնելու համար՝ քան մայրենի լեզուն, պատճառ դառնալով, որ իրեն զաւակները դառնան օտարականներ իրենց պատմութեան, մշակոյթին ու ազգութեան դիմաց: 

Հակառակ անհասկնալի լաւատեսներուն, այդ երեւոյթը լուրջ մտահոգութիւն է այնպէս ինչպէս անցեալին՝ նոյնպէս այսօր։ Դիմացս ունիմ Հայաստանի մէջ լոյս տեսած «Հայրենիքի Ձայն» ազգային, մշակութային շաբաթաթերթի 16 փետրուար 1991-ի թիւը (թիւ 4, 1880), որուն մէջ լրագրողը կարճ հարցազրոյց մը կ՚ունենայ Պոստոնի, Լոս Անճելըսի եւ Պուլկարիոյ երեք տարբեր բնակիչներու հետ. հարցումը պարզ ու յստակ է. «Ինչպէ՞ս կը տեսնէք հայ մանուկներու ապագան ձեր համայնքին մէջ»։

Պոստոն բնակող Սեդա Խալիկեան այս հարցումին կը պատասխանէ հետեւեալ կերպով.

«Օր մը չէ օր մը պիտի լուծուի հայութիւնը սփիւռքի մէջ, եթէ ոչինչ չընենք: Մենք կը փորձենք կարելւոյն չափ վանել ուծացման վտանգը: Մեր ծնողները մեզի մայրենի լեզու, մշակոյթ եւ հայկական պատկանելիութեան զգացումը փոխանցած են, որոնք մենք մեր հերթին պիտի փոխանցենք մեր զաւակներուն: Այս ոգիով պիտի գործենք մինչեւ այն բարի օրը, երբ մեր պահանջատիրութեան տէրը դառնանք եւ վերադառնանք երկիր։ Ըղձանք որուն սփիւռքի հայերս անպայմանօրէն կը հաւատանք. եթէ չհաւատայինք, չէինք փորձեր այսչափ ատեն սփիւռքին մէջ պահպանել մեր հայութիւնը, յանուն որու այնքան շատ ժամանակ եւ միջոցներ կը տրամադրենք»: 

Այստեղ կ՚ուզենք միջամտել. առաջին հերթին նկատի ունենանք, որ այս տողերը ըսուած են Հայաստանի անկախութենէն ընդամէնը մի քանի ամիսներ առաջ։ Նախքան անկախութիւն, մեր սփիւռքի մէջ կար այն մտածումն ու համոզումը, որ երբ հայրենիքը անկախանայ՝ պէտք է վերադառնալ հայրենիք։ Այս համոզումը յետցեղասպանութեան առաջին գաղթականներէն մինչեւ անկախութիւն սպասող վերջին սերունդները. պէտք է ընդունիլ, որ անոնցմէ շատեր կ՚ապրին այդ համոզումով՝ պարզապէս որովհետեւ չէին հաւատար, թէ կրնայ Հայաստան իր անկախութիւնը հռչակել: Իրականութեան մէջ սփիւռքի համար Հայաստանի անկախութիւնը անակնկալ եղաւ եւ այդ հայրենիք վերադառնալու «համոզում»ով ապրողներուն մեծամասնութիւնը այնպէս ալ Հայաստան չվերադարձաւ. օրինակի համար, իրապէս կ՚ուզէինք գիտնալ, որ արդեօք Սեդա Խալիկեան իր համոզումին վրայ հաստատ ըլլալով յետանկախութեան վերադարձա՞ւ Հայաստան՝ իր ընտանիքի բոլոր անդամներուն հետ միասին եւ հայրենի հողին վրայ իր տունը կառուցե՞ց: Ահաւասիկ, այդ անկախութենէն անցած է 30 ու աւելի տարիներ. սփիւռքը չփորձեց Հայաստան վերադառնալ եւ գուցէ Հայաստանն ալ ջանք ի գործ չդրաւ սփիւռքը Հայաստան բերելու եւ այսպէս Հայաստանը մեղադրեց սփիւռքը, սփիւռքը՝ Հայաստանը եւ հասան մինչեւ մեր օրերը: Հարցազրոյցի հիւր տիկին Սեդան իրենց հայապահպանումի, լեզուի հիմնական նպատակը կը կապէ «երկիր վերադարձ»ին, սակայն, պէտք է նոր հարցազրոյցով մը պարզել չվերադառնալու շարժառիթները։ Անշուշտ այստեղ խօսքը Սեդա Խալիկեանին չէ: Անոր ճամբով կը վերաբերի բոլոր սփիւռքահայերուն, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով հայրենիքի կարօտը կ՚երգեն՝ սակայն հայրենիք վերադառնալու մասին երբեք չեն խորհիր:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Հայրենադարձութեան համար ի՞նչը կարեւոր է:

Պատասխան. Հայրենադարձութեան համար ամենէն կարեւորը հոգեպէս պատրաստուածութիւնն է: Մարդը պէտք է յստակ հասկնայ, թէ ինչո՞ւ կը վերադառնայ հայրենիք, ի՞նչ դժուարութիւններ ու մարտահրաւէրներ կրնայ դիմագրաւել եւ արդեօք պատրա՞ստ է այդ բոլորը ընդունիլ: Բացի այդ, կարեւոր է նիւթական ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ պետութեան եւ համայնքներու աջակցութիւնը, որպէսզի հայրենադարձը ինքզինք զգայ արժեւորուած եւ իր բոլոր կարիքներուն համար շրջապատուած ըլլայ սիրալիր ազգակիցներով:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 16, 2025