Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԸ

Սուրբ Յարութեան տօնական շրջանին մուտքն է՝ «Ղազարու յարութեան յիշատակ»ը, իբր նախերգանք Փրկչին Յարութեան հրաշալի՜ դէպքին. անիկա փրկագործական մեծ եղելութեան առաջնորդող ակնարկութիւն մըն է լոկ եւ ո՛չ թէ տօնը Ղազարու եւ երկու քոյրերուն, որ կը կատարուի առանձինն։

Փրկագործական այդ հրաշալի՜ տեսարանին առաջին հանգրուանն է «Ծաղկազարդ»ը՝ որ յիշատակութիւնն է Յիսուսի առաջին անգամ մեսիաբար Երուսաղէմ հանդիսաւոր մուտքին։ Ինչպէս ուրիշ ազգերու մօտ, նոյնպէս եւ մեր հին գրականութեան մէջ անիկա ստէպ կը կոչուի «Արմաւենեաց կիրակի», ակնարկութեամբ աւետարանական պատմութեան։

«Ծաղկազարդ» կամ ընդհանրապէս ժողովրդական բարբառով «Ծառզարդար», կոչումը կը թուի ըլլալ վերջամնացութիւնը հին հայ հեթանոսական բարքերու, սովորութիւններու՝ որոնց ցոլացումը կայ՝ ինչպէս ըսուեցաւ վերեւ՝ Սուրբ Յարութեան «Զատիկ» անուան մէջ. նոյնը կարելի է ըսել Զատկի յաջորդող Բ. եւ Գ. կիրակիներուն «Կանաչ» եւ «Կարմիր» յորջորջումներուն համար։ Ամէնքն ալ գարնան տօնի բնապաշտական հին հանդիսաւորութիւններ կը յիշեցնեն։

«Ծաղկազարդ»ը պիտակաբար կը կոչուի նաեւ «Գալուստ», իբրեւ մեսիաբար գալուստը Փրկչին Երուսաղէմ եւ չարչարանքներու։

«Ըսէք Սիօնի աղջկան.- Ահա քու թագաւորդ քեզի կու գայ, հեզ եւ իշու վրայ հեծած եւ իշու ձագի, աւանակի վրայ». (ՄԱՏԹ. ԻԱ 5)։ Աւետարանի այս հատուածի մէջ Յիսուսի «հեծած իշու վրայ» խօսքը խորհրդանիշն է «Հին կտակարան»ի, իսկ «իշու ձագի» խօսքը՝ «Նոր կտակարան»ի։ Ուստի, այս կը նշանակէ, որ չեկաւ Հին ուխտը ջնջելու, այլ՝ զայն բարեփոխելու եւ հաստատելու զայն Նոր ուխտով։

Եւ քանի որ «Ծաղկազարդ»ը Յիսուսի «Գալուստ»ն է, այս պատճառաւ անոր կը կցուի նաեւ Քրիստոսի երկրորդ կամ վերջին գալստեան յիշատակը, որ կը կատարուի երեկոյի պաշտամունքի միջոցին, «Դռնբացէք»ի խորհրդաւոր արարողութեամբ, ի պատկեր վերջին դատաստանի եւ աստուածային արդարութեան։

«Ծաղկազարդ»ի յաջորդող եօթնեակը կը կոչուի «Աւագ շաբաթ», իսկ անոր ամէն մէկը օրը՝ երկուշաբթիէն մինչեւ շաբաթ կը յորջորջուին «Աւագ», տեսակ մը զուգագրութեամբ կարծես սրբոց «Աւագ տօներ»ուն, որոնք կը գրաւեն Աստուածայայտնութեան տօնը կանխող եօթնեակը։

Աւագ եօթնեկի՝ «Աւագ շաբաթ»ի առաջին երեք օրերը յատկապէ՛ս մասնաւոր տնօրինական յիշատակութիւններու կապուած չեն. աւետարանական ընթերցուածները պարզապէս կը պատմեն Յիսուսի Երուսաղէմ մտնելէն յետոյ մինչեւ վերջնական տնօրինութիւններուն կատարումը եղած իրողութիւնները, իսկ Հին կտակարանի ընթերցուածները արարչագործութեան եւ մարդուն անկումին կամ մեղքին, ջրհեղեղին եւ տապանին միջոցաւ փրկուած արդարներուն եւ Սոդոմ Գոմորի կործանումին նկարագրութեամբ, կը յիշեցնեն փրկագործութեան պատճառը, բացատրել ձգտելով մարդեղութեան խորհուրդը, իսկ օրուան շարականները գեղեցիկ եւ սրտառուչ կերպով կը խորհրդաւորեն զայն։

«Աւագ չորեքշաբթի»ի ընթերցուածները եւ երգերը կը դառնան մասնաւորապէս մատնութեան ծրագրին շուրջ, որ առաջին վարագոյն է փրկագործութեան արարուածներուն։

«Աւագ հինգշաբթի»ն տօնն է Պասեքի զենումին, Տէրունական Ընթրիքին եւ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին, որոնք կը ներկայացնեն «Ճաշու ժամու Սուրբ Պատարագ»ով՝ որուն կը պատրաստուին հաւատացեալներ ապաշխարութեան եւ արձակման յատուկ կարգով, որ կը կատարուի անմիջապէս առաջ, գիշերային ժամերգութենէն վերջ։

Նոյն օրուան երեկոյին, յատուկ հանդիսաւորութեամբ կը կատարուի «Ոտնլուայ»ի արարողութիւնը, ըստ պատմութեան Աւետարանի՝ ի խորհուրդ խոնարհութեան։ Այս արարողութիւնը, զոր Գրիգոր Բ. Վկայասէր Կաթողիկոսը (1066-1105 թթ.) հաստատեց Ժ. դարուն, նախապէս կը կատարուէր աւելի պարզ եւ ժողովրդական կերպարանքի տակ. քահանայ հայրերը եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ կը լուային բոլոր ժողովուրդին ոտքերը եւ կ՚օծէին օրհնուած իւղով։ Յետոյ է որ աւելի հանդիսաւորութիւն տրուեցաւ այս ծէսին եւ բեմին վրայ փոխադրուեցաւ անոր կատարումը, ամփոփուելով աւելի սահմանափակ թիւով ենթականերու վրայ։ Տաղերը եւ «Սիրոյ ճառ»ին ընթերցումը՝ որոնք աւելի վերջի դարերու կը պատկանին, կը ցուցնեն, թէ ժամանակի ընթացքին այլապէս ալ զարգացուած է այս արարողութիւնը։

«Աւագ ուրբաթ»ը նուիրուած է մատնութեան եւ չարչարանքներու խորհուրդին՝ գիշերային ժամերգութեամբ, խաչելութիւն՝ ճաշու ժամերգութեամբ. երեկոյին կը կատարուի «Թաղման նախատօն»ը՝ զոր կարելի է համարել «Կարգ իջուցման ի խաչէն», որովհետեւ առաջին «Սուրբ Աստուած»ը՝ որ կ՚երգուի ծնրադիր, աւանդաբար կ՚ընծայուի Յովսէփ Արեմաթացիի, որ երգեց զայն Յիսուսի մարմինը խաչէն վար առած ատեն։

«Աւագ շաբաթ» օրը տօնն է Փրկչին թաղման եւ գերեզմանի կնքումին։ Ճաշու Պատարագը այդ օրը կը կատարուի իրիկնադէմի պահուն, «յերեկոյի շաբաթուն՝ յորում լուսանայր միաշաբաթին», որ եւ այդ պատճառաւ կը կոչուի «Ճրագալոյց». քանի որ օրուան այն պահն է այդ՝ ուր, երբ ընտանեկան յարկէն ներս լոյսերը վառէին, յաջորդ օրը սկսուած կ՚ըլլար։

«Ճրագալոյց» բառը, իբրեւ եկեղեցական յատկաբանութիւն՝ թէեւ Աստուածայայտնութեան տօնի նաւակատիքին եւս կ՚ըսուի, բայց հաւանաբար նախապէս միայն Զատկի շաբաթին համար գործածուած էր եւ թերեւս նախ Երուսաղէմի մէջ գործածուեցաւ անիկա։

Քրիստոսի գերեզմանին վրայ նոյն երեկոյին կատարուած «Ճրագահանդէս»ի մեծաշուք այն արարողութեան պատճառաւ, որ համազգային մեծ ոգեւորութեամբ եւ խանդավառ հաւատքի բարեպաշտութեամբ կը կատարուի ցարդ հոն՝ հին դարերէ ի վեր։

Զատիկէն մինչեւ Հոգեգալուստի կիրակին կը կոչուի «Յինունք», որ է՝ «յիսուն օր», որուն միջոցին առաջին քառասնօրեակը կը վերջանայ «Համբարձման» տօնով՝ որ կը կատարուի վեցերորդ եօթնեկի հինգշաբթի օրը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ապրիլ 15, 2025, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 16, 2025