ՔՈՄՖՈՐԹԱՅԻՆ ԳՕՏԻ
Ձեզ թող չվրդովեցնէ «քոմֆորթային» բառը.
Թարգմանելը դժուար չէր, չթարգմանլելը՝ անհրաժեշտ։
Սովորութիւնս չէ լրատուական միջոցներուն վրայ որեւէ անձնաւորութեան ի մի բերած խօսքերը բառացիօրէն մէջբերել ու արծարծել. մինչ հիմա առաւելագոյնը՝ ըսուածը յիշած ու ընկալողին ձգած եմ մնացածը…
«Սփիւռքն իր քոմֆորթային գօտին է գտել՝ Հայաստանի լրջագոյն խնդիրները չնկատելով», ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը։
Աչքերս վար վազեցին, բայց սրտիս զարկը խանգարեց. չկրցայ այս տողը կարդալ ու անցնիլ… բայց արդարա՞ցի է արդեօք սփիւռքի յանձնակատարին ըսածը ճիշդ ու սխալի կշիռքին դնելով դատել։
Ճի՞շդ է. պիտի չփոխեմ իր գործածած բառը՝ քոմֆորթային գօտիի մէջ ե՞նք մենք։ Եւ այդ գօտիին մէջ եղողները, որոնք ի հարկէ կան, ամբո՞ղջ սփիւռքը կը ներկայացնեն…
Հանգիստ ուտել-խմել, աշխատիլ, դրամ շահիլ, ծախսե՞լն է քոմֆորթային գօտին։ Այդպէ՞ս կ՚ապրինք, կամ կը թուի՞, որ այդպէս կ՚ապրինք սփիւռքի մէջ բոլորս։ Դժուարութիւններ, «լրջագոյն խնդիրներ» չունի՞նք։ Թիկնապահներով պաշտպանուած ապակեպատ մեր դղեակներու կրակարաններուն դիմաց՝ արջի մորթին վրայ պառկած Մոցա՞րթ կը լսենք։ Վաղը խնդիր չէ՞ մեզի համար։ Ապահով ու ապահովուա՞ծ ենք։ Դրախտավա՞յր են մեր ապրած երկիրները։ Այսօր չեմ ալ կրնար տարբերութիւն դնել արեւելքի եւ արեւմուտքի գաղութներուն միջեւ՝ իւրաքանչիւրին առջեւ ծառացած տարբեր մարտահրաւէրներով…
Այդուհանդերձ կը հարցնեմ.
Քոմֆորթային գօտիի մէ՞ջ էին 2012-էն ի վեր պատերազմի սարսափի տակ, առօրեայի ծանրագոյն զրկանք ու դժուարութիւններ կրող, այսօր այլ ու այլ անյայտներ ակնկալող հալէպահայերը, լիբանանահայերը. օրինակ մըն էր աս։
Այնքան շատ են հարցումներս.
Պատերազմի, կեանքի ապահովութեան եւ նիւթական դժուարութիւններէ հեռու, քոմֆորթային գօտիի տուեալներո՞ւն կը պատկանին օտար երկրի մէջ արմատաւորուած ըլլալու, շատ յաճախ՝ չըլլալու եւ այդպէս ձեւացնելով ապրելու հոգեմտաւոր բարդ հանգոյցը. քանի կը շնչես՝ գոհ ըլլալու եւ մնալու ճարահատ պարտաւորուածութիւնը… աշխարհի որեւէ երկրի լիիրաւ քաղաքացի (անշուշտ նաեւ հայաստանցին) այս զգացումը ունի՞… ո՛չ։ Լաւ է, գէշ է՝ քո՛ւկդ է, հողդ է, երկիրդ է, վարչակարգդ է, իշխանութիւնդ է, յարմարելիք կամ բողոքելիքդ է, լռելիք պայքարելիքդ է… քո՛ւկդ է։
Ի՞նչը, սփիւռքի մէջ ապրած քոմֆորթային մեր գօտիին մէջ, իսկութեան մէջ ի՞նչը մերն է։ Աղաւաղուած մեր անուննե՞րը, մեզ շրջապատող միջավա՞յրը, բարքե՞րը, դպրոցներու ուսումնական ծրագիրնե՞րը, տուեալ երկրի պատմութի՞ւնը, աշխարհագրութի՞ւնը, լեզուն ու մշակո՞յթը…
Մերը չե՞ն աս պարտականութիւնները, որոնց վրայ ծանրօրէն կը բազմի հայ ըլլալու, նա՛խ ըլլալու, յետոյ՝ մնալու բեռը…
Մէկ միտք ու մարմնի մէջ երկու էութիւն կրելու մասին ի՞նչ գիտեն քոմֆորթային գօտիէն դուրս ապրող մեր պետութեան քաղաքացիները. կը հարցնեմ։ Ծանօ՞թ էք ե՛ւ հայ ե՛ւ ֆրանսացի, կամ կէս արաբ-կէս հայ, ո՛չ ամերիկացի, ո՛չ ալ հայ ըլլալու քաոսին մէջ հնչող աղաղակներուն, Էութիւն մը կը ճեղքեն անոնք. հայելիներ ա՛լ կան հոն, մեզ կ՚արտացոլեն՝ շրջուած։
Շարունակեմ.
Թէեւ լաւ կը յիշեմ, որ 88-ի երկրաշարժին, 90-ականներու Արցախի պատերազմին, աւելի ուշ՝ քառօրեայ պատերազմին եւ վերջապէս՝ 2020-ի վերջին պատերազմին միլիոններ հաւաքեց քոմֆորթի մեր սփիւռքը եւ կամաւորներու շարքեր ալ հասան հոն, բայց արդարացի պիտի ըլլամ եւ ընդունիմ, որ քանի մը հազար կամաւորներն ու տարիներու թէկուզ մեծաթիւ միլիոնները մեր պատերազմներուն դեռ թիւը չճշդուած զոհուած վարդի պէս տղոց կեանքերն ու անոնց մայրերուն արցունքները չեն կշռեր եւ այսքանն ալ բաւարար է հասկնալու, թէ ինչու հայաստանցի քաղաքացիին կամ բարձրաստիճան պաշտօնեային համար Հայաստան այցելող, հոն պտտող ու ետ իր գօտիին վերադարձող սփիւռքահայը չի կրնար նկատել Հայաստանի լրջագոյն խնդիրները, բայց… կը հարցնեմ. Հայաստանի մէջ ապրող բոլոր քաղաքացիները հաւասարապէս աչալո՞ւրջ են պետութեան լրջագոյն խնդիրներուն։
Գօտիէն ներս թէ՛ դուրս, այսօր շատե՜ր ընտրած են ու կ՚ընտրեն չնկատել Հայաստանի լրջագոյն խնդիրները, խորհելով, որ միեւնոյնն է՝ նշանակութիւն մը չունի եւ ինչ խօսք՝ յուսահատեցնող իրողութիւն է զանոնք նկատելը։
Ճի՛շդ է, բայց ո՞վ է մեղաւորը։
Ո՞վ է այս անտարբերութիւնը մանրօրէն հիւսողն ու սփռողը։ Որո՞ւն վիզին պէտք է փաթթել անկախութենէն ի վեր սփիւռքի միլիոններուն, ըսենք գոնէ կէսին, տեղ չգտնող մեր հայրենիքին իրականութիւնը։ Դասագիրքերու բազմաչարչար այդ «երեք միլիոն բնակչութիւնը» հինգի, վեցի ինչո՞ւ չբարձրացաւ։ Քոմֆորթային գօտիէն չհրաժարող սփիւռքի՞ն, թէ՞ զայն ընդունելու կազմակերպուած ծրագիրներու բացակայութեան պատճառով…
Այո՜, այսօր սփիւռքի մէջ իրօ՛ք շատեր, անտեղեակ են Հայաստանի անցուդարձէն, բայց անոնց կողքին կան նաեւ անհատներ, քոմֆորթէ շա՜տ հեռու բազմաթիւ անհատներ, որոնք օրնիբուն կը հետեւին սփիւռքին հովանի ըլլալիք մեր հայրենիքի «լրջագոյն խնդիրներուն», տեղեակ են ինքնիշխան մեր պետութեան տարածքէն պակսած, պակսող քիլօմեթրներէն, գիտեն, որ Հայաստան ու Ատրպէյճան արդէն պատրաստ են խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու, լուր ունին, որ անոր՝ պայմանագրին վերջին երկու կէտերուն խնդիրն ա՛լ լուծուեցաւ, մեր վարչապետի զարմանահրաշ յայտարարութիւններուն զուգահեռ՝ Ալիեւիններն ալ կը լսեն անոնք եւ կը գիտակցին, որ վերջ չունին ո՛չ միայն եկեղեցին, այլեւ՝ մզկիթն ալ աղբանոցի վերածող, խաղաղասէր ձեւացնող այդ երկրին պահանջները…
Բոլորին պէս, այս անհատներն ալ անյայտէն կը սարսափին, բայց չեն քաշուիր, կը հաւատան, կ՚աշխատին, կը գործեն, ուսուցիչ են անոնք, կարդալ, խօսիլ, յիշել, երգել կը սորվեցնեն, տնօրէն պատասխանատու, ղեկավար են՝ ճիշդ մարդը ճիշդ տեղը կը դնեն, գրող, շարող, խմբագիր են՝ կը մաղեն, կը ճշդեն եւ որակաւորը տարածելու կը ձգտին, երաժիշտ, երգիչ, դերասան են, կ՚ազդուին, բեմ կ՚ելլեն, կը յուզուին, կը յուզեն, այս բոլորէն թերեւս անտեղեակ ընկալողներուն աչքերը լեցնելով անոնց հայ ըլլալու արժէքը յիշել կու տան…
Չերեւին ալ՝ ամէնուր են այս չյանձնուողները, Հայաստանի լրջագոյն խնդիրները չնկատող սփիւռքի քոմֆորթային գօտին պահպանողները…
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Եգիպտոս