«ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԳՈՑԷ՛ ԵԿՈՒՐ…»
Անցեալներս թատերական ընթերցումի մը պահուն կարդացինք Լեռ Կամսարի «Աստուած կը լսէ ամենօրեայ զեկուցում» խորագրեալ երեւակայական պատմուածքը, որուն մէջ Աստուած ջղայնանալով Արսէն Վրդ. Ղլտճեանի (ապրած 1868-1943 թուականներուն) պահուածքէն, օրուան կաթողիկոսին հետեւեալը կը հաղորդէ. «Ըսէ՛ք կաթողիկոսին, թող լուսաւորչական եկեղեցին կղպէ ու երկինք գայ: Հայերը թող կաթոլիկ կամ բողոքական եկեղեցւոյ միջով արքայութիւն բարձրանան: Խաղալիք դարձանք սա կարգաթող վարդապետներուն ձեռքը: Աղէկ, որ հայ ժողովուրդը դեռ կը պաշտէ զիս...»:
Լեռ Կամսարի այս պատմուածքը գրուած է մեր թուականէն 102 տարիներ առաջ՝ 1923 թուականին. հակառակ անոր, որ գրութիւնը ունի աւելի քան դար մը հնութիւն, ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով տեղ մը կը վերաբերի նաեւ ինձ՝ որպէս կարգաթող նախկին եկեղեցական։ Ճիշդ է, որ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը եւ մասնաւորաբար Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը շարունակէ դիմագրաւել կարգաթող միաբաններուն հարցը, սակայն, հարցականի տակ է. խնդիրը միաբաննե՞րն են՝ թէ միաբանութիւնը: Վստահաբար եկեղեցին պիտի մեղադրէ եկեղեցականը՝ հակառակ երկնային «մի՛ դատէք որ չի՛ դատուիք» պատուէրին (հմմտ Մատթէոս 7:1), իսկ եկեղեցականը իր կարգին մեղադրէ եկեղեցին եւ կամ այդտեղ տիրող մթնոլորտը:
Լեռ Կամսարի խօսքերը որքան ալ հեգնական ու կոշտ հնչեն, ի վերջոյ ունին ճշմարտութիւն մը եւ հրաւէր՝ վերաքննելու մենք զմեզ՝ որպէս ազգ, որպէս եկեղեցի եւ որպէս կարգաթող միաբաններ:
Կասկածէ վեր է, որ այսօր աշխարհով մէկ մեծութիւն մըն է Կոմիտաս Վարդապետը՝ իր ազգային նուիրումով ու ստեղծագործութիւններով. պէտք է ընդունիլ սակայն, որ մենք որպէս ազգ շա՜տ քիչ բան գիտենք մեծ վարդապետին մասին եւ այդ մեր գիտցածը կաթիլ մըն է ծովուն մէջ: Կը հաւատանք, որ տակաւին երկա՜ր ուսումնասիրութիւններու կը կարօտի մեծ վարդապետին կեանքը՝ ինչ որ մեր այսօրուան գրութեան նպատակէն դուրս կը մնայ:
Միշտ կ՚ունենամ հետեւեալ հարցումը. եթէ Կոմիտաս Վարդապետ կարգաթող եկեղեցական մը ըլլար, նոյն յարգանքն ու սէրը պիտի վայելէ՞ր ժողովուրդին կողմէ. թէեւ շատեր պիտի ըսեն, որ Կոմիտաս Վարդապետ նման բան չէր ըներ, ապա կը պատասխանենք նոյնինքն Կոմիտաս Վարդապետին Տ. Մատթէոս Բ. Կաթողիկոսի գրած 5 սեպտեմբեր 1909 թուակիր նամակով.
«Քսան տարի է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միաբան եմ: Մտած եմ այս հաստատութիւնը ծառայելու նպատակով: Քսան տարուան ընթացքին շրջապատը ինձ թոյլ չէ տուած ընելու այն՝ ինչ կրնայի ընել, որովհետեւ այստեղ տեսայ միայն որոգայթ եւ ոչ արդարութիւն:
Ջիղերս թուլացած են, այլեւս տոկալու ճար ու հնար չունիմ: Հանգիստ կը փնտռեմ ու չեմ գտներ. ծարաւը ունիմ ազնիւ աշխատանքի։ Կը խանգարուիմ. փափաքը ունիմ հեռու մնալ, գոցել ականջներս՝ չլսելու համար, գոցել աչքերս՝ չտեսնելու համար, կապել ոտքերս՝ չգայթակղուելու համար, սանձել զգացումներս՝ չվրդովելու համար, բայց որովհետեւ մա՛րդ եմ, չեմ կրնար: Խիղճս կը մեռնի, եռանդս կը պաղի, կեանքս կը մաշուի եւ վարանումը բոյն կը դնէ հոգիիս եւ սրտիս խորքը:
Եթէ հաճոյ է Վեհիդ ինձ չկորսնցնել, այլ գտնել, արտասուելով կ՚աղերսեմ ինձ արձակեցէ՛ք Սուրբ Էջմիածնայ Միաբանութեան ուխտէն»:
Այս տողերը կը պատկանին Կոմիտաս Վարդապետին. մեծ վարդապետը իր նամակին մէջ կ՚աւելցնէ. «Քսան տարի կորսնցուցի, գոնէ մնացած տարիներս շահիմ եւ անդորրութեամբ գրի առնեմ ուսումնասիրութիւններուս պտուղները՝ իբր առաւել կարեւոր ծառայութիւն հայ տառապեալ սուրբ եկեղեցւոյ եւ գիտութեան»: Կոմիտաս Վարդապետ զանազան առիթներով իր վրդովմունքը կը յայտնէ. 7 օգոստոս 1913 թուականին Մարգարիտ Բաբայեանին գրած իր նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Կը տեսնես որ Էջմիածին եմ, բայց չեմ եկած մնալու, ուզող ալ չի կայ, որ մնամ... եկած եմ մատենադարանին մէջ աշխատելու եւ գեղջուկ երգեր հաւաքելու»:
Այս ատելութեան, այս հալածանքի լոյսին տակ եթէ Կոմիտաս Վարդապետ իրապէս իր կարգէն հեռանար, նոյն արժէքը պիտի կարենա՞ր ունենալ այնքան՝ ինչքան այսօր. վերջապէս մեր ժողովուրդը անձն ու աշխատա՞նքն է, որ կը յարգէ, թէ ոչ սքեմը՝ որ կարուած կտոր մը ըլլալով ինքնին ոչ մէկ արժէք կրնայ ներկայացնել: Եթէ ձեր պատասխանը աշխատանքն է՝ ապա կը սխալիք, որովհետեւ մեր ժողովուրդը սովոր է անձը իր պաշտօնէն դատել եւ ըստ այնմ որոշել ծափ տա՞լ, թէ ոչ:
Վստահաբար, Կոմիտաս Վարդապետին եւ Արսէն Վարդապետին պարագան նոյնը չէր։ Նոյնը չէր նաեւ իմ եւ կամ անոնց պարագան, սակայն իւրաքանչիւր մարդ ունի իր պատճառները եւ անոնց ետին գտնուող շարժառիթները. Կոմիտաս Վարդապետ կը խօսի միաբանութեան մասին, սակայն պէտք է յստակ տարբերութիւն ունենայ միաբանութեան խոցելի կողմերուն մասին խօսելուն ու Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին քարկոծելուն միջեւ, որովհետեւ միաբանութեան մը «սխալ» ընթացքը եկեղեցին ատելի չի կրնար դարձնել. այնպէս ինչպէս իշխանութեան մը պաշտօնավարումը՝ ազգն ու հայրենիքը ատելի չի դարձներ:
Այսօր Լեռ Կամսար կենդանի չէ, սակայն «Խաղալիք դարձանք սա կարգաթող վարդապետներուն ձեռքը» ըսելէ առաջ ինչ լա՜ւ կ՚ըլլար պահ մը աչքէ անցընէր միաբանութիւնը. մեր ազգին համար ամենէ՛ն մեծ վարդապետը՝ Կոմիտաս նոյնիսկ հալածուած ու քարկոծուած է. աւելին ըսել աւելորդ է:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Եթէ աշխատանքդ չեն գնահատեր, ի՞նչ պէտք է ընել:
Պատասխան. Երբ կ՚աշխատիս ու լաւ աշխատանք կը տանիս ու գնահատելու փոխարէն կը նախանձին, կարեւոր է որ նպատակներէդ չշեղիս: Նման իրավիճակներու մէջ պէտք է հասկնալ, որ նախանձը շատ յաճախ ուրիշներու անվստահութեան եւ անկարողութեան հետեւանքն է եւ ո՛չ քու սխալդ: Պէտք է շարունակես ընել լաւագոյնը՝ առանց սպասումներու: Ժամանակի ընթացքին արդիւնքները կը խօսին քու տեղդ եւ մարդիկ կը նկատեն ու կը գնահատեն: Միշտ լաւ է շեշտը դնել սեփական աճի վրայ, քան փորձել շահիլ մարդոց ուշադրութիւնը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան