ՅԻՍՈ՛ՒՍ ԿԸ ՍԻՐԵՄ ՔԵԶ
Սիրոյ չափը՝ առանց չափի սիրելն է. ուստի, ո՛չ թէ արժէք մը ունենալուդ համար կը սիրուիս. արժէք ունիս՝ որովհետեւ Աստուած կը սիրէ քեզ։ Վերջապէս, սէրը մահուան չափ զօրաւոր է, քանի որ սէրը ինք անմա՛հ է եւ յաւիտենակա՛ն…
Կը սիրենք Յիսուսը անկեղծ եւ անհուն սիրով, քանի որ կ՚ըսէ. «Ինչպէս Հայրս զիս սիրեց, ես ալ ձեզ սիրեցի։ Իմ սիրոյս մէջ հաստատ կեցէք». (ՅՈՎՀ. ԺԵ 9)։
Սէրը, արդարեւ, զգացում մըն ընդոծին, որու մասին խօսիլ շատ դիւրին է եւ նո՛յնքան դժուար՝ զայն ապրիլ, զայն գործի վերածել եւ իրականացնել։ Եւ եթէ դժուար չըլլար զայն կեանք կոչել, սա պահուս մենք պիտի խօսէի՞նք այս բնատուր զգացումին մասին։ Կը խօսինք եւ պիտի շարունակենք խօսիլ յաճախ սիրոյ մասին, քանի որ մարդուս ամենէն շատ կը պակսի սէրը։
Մինչդեռ սէրը ո՜րքան կարեւոր է եւ անհրաժեշտ մարդ արարածին համար։ Եւ այս սէրը յառաջ կու գայ մեր Ստեղծիչէն՝ որ սիրոյ մարմնացումն է։ Հայր Աստուած Իր սիրոյ Խօսքով կերտեց մեր երկրագունդը եւ հողէն ձեւակերպեց առաջին մարդը՝ Ադամը։ Աստուած Խօսքով ստեղծեց աշխարհը, բայց ձեռքով՝ մարդը։ Եւ Աստուած Ադամին կողէն ստեղծեց Եւան՝ Ադամի կողակիցը։ Եւ այս արարչագործներուն մէջ Սէր կար, քանի որ Աստուած Սէ՛ր է։
Աստուած սիրով սարքեց Եդեմի պարտէզը եւ Իր ստեղծած Ադամ-Եւա ամոլին տրամադրեց զայն իր բոլոր բարիքներով։ Աստուած այնքան սիրեց Ադամը եւ Եւան, որ ամէն օր այցելութեան կ՚իջնէր անոնց քով, իր սէրը յայտնելու եւ անոնց սէրը վայելելու։ Եւ ահա այդ Աստուածային սէրէն մասնիկ մըն է, որ Տէրը դրաւ իւրաքանչիւր մարդ արարածի սրտին մէջ։ Աստուած Իր պատկերով եւ իրեն նմանութեամբ ստեղծեց մարդը եւ սէրէն կաթիլ մը տուաւ անոր՝ պատուիրելով որ. «Մէկզմէկ սիրեցէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի». (ՅՈՎՀ. ԺԵ 12)։ Ո՜հ եթէ մարդ անդրադառնար եւ զգար այդ «սէր»ը, որքան տարբեր պիտի ըլլար կեանքը իրեն համար…
Սակայն Աստուած յուսախաբ եղաւ մարդ արարածէն՝ որ սիրով ստեղծած էր եւ Իր սէրէն մասնիկ մը դրած էր անոր հոգիին մէջ։ Ուստի, Ան զղջաց մարդը ստեղծած ըլլուն եւ ուզեց զայն բնաջնջել ջրհեղեղով։ Բայց Անոր սէրը յուսախաբութենէն գերիվեր ըլլալով՝ ծիրանի գօտիին միջոցով խոստացաւ մարդ էակին կեանքը գոյատեւել։
Մարդիկ շարունակեցին իրենց անհնազանդութեամբ վշտացնել իրենց Արարիչը՝ զԱստուած, մինչեւ որ Ան սիրոյ կամուրջ մը հաստատեց՝ երկինքէն երկիր ղրկելով Իր Միածինը՝ Աստուածային սիրոյ գերագոյն նմոյշը։ Աստուած մարմնացաւ՝ մարդացաւ, ուրիշ խօսքով՝ Սէրը մարմին առաւ, որպէսզի մարդուն ցոյց տայ երկնային փառքի ճանապարհը։
Սիրով ամրացած հաւատքը փաստի չի՛ կարօտիր, քանի որ մեր ապրած սիրոյ կեանքը արդէն հաւա՛տքն իսկ է։
Աստուածային սիրոյ առաջնակարգ ջերմաչափը կարելի է գտնեն մարդիկ Աւետարանին մէջ՝ ուր Տէր Յիսուս կ՚ըսէ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու ամբողջ սրտէդ եւ քու ամբողջ անձէդ եւ քու ամբողջ զօրութենէդ եւ քու ամբողջ միտքէդ, եւ քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս». (ՂՈՒԿ. Ժ 27)։ Ինչպէ՞ս կարելի է այսպիսի ամբողջական սէր ունենալ Աստուծոյ եւ ընկերոջ հանդէպ։ Արդարեւ, շատ բարձր չափանիշ մըն է այս, որ միայն աստուածատուր շնորհքով կարելի է ստանալ, իւրացնել եւ գործադրել։ Եւ ասոր պատասխանը կը գտնենք Աստուծոյ սրբազան Խօսքին մէջ՝ ուր Ան կ՚ըսէ. «Քեզ յաւիտենական սիրով սիրեցի». (ԵՐԵՄԻԱ. ԼԱ 3)։ Նաեւ. «Սէրը Աստուծմէ է, քանի որ Աստուած սէր է». (Ա ՅՈՎՀ. Դ 7-8, 16)։
Արդարեւ, Յիսուս այս սիրոյ յարաբերութիւնը կը նմանցնէ որթատունկին եւ խաղողին, երբ կ՚ըսէ. «Ես եմ ճշմարիտ որթը եւ իմ Հայրս մշակ է… եւ դուք ճիւղերն էք։ Ան որ իմ վրաս հաստատուած է՝ եւ ես անոր վրայ, անիկա շատ պտուղ պիտի բերէ… ինչպէս Հայրը զիս սիրեց, ես ալ ձեզ սիրեցի, իմ սիրոյս մէջ հաստատ կեցէք». (ՅՈՎՀ. ԺԵ 1-10)։ Միշտ սիրոյ մէջ մնացէ՛ք…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 14, 2025, Իսթանպուլ