ՀԱՆԴԷՍԸ
Իմ խեղճ եւ աշխատասէր եղբայրներ.
Ներեցէ՛ք ինծի, որովհետեւ այս կեանքին մէջ երկու ժամ անտեսեցի ձեզ, այն ալ երբ տկարացայ եւ արձակուեցայ ձեր նկատմամբ անցեալին ունեցած իմ բոլոր պարտաւորութիւններէս եւ ընդունեցի զբօսաշրջութեան նախարարին հրաւէրը, ներկայ գտնուելու «ալ-Մերիտեան» պանդոկէն ներս իր կազմակերպած ընթրիքին: Սակայն, կը կարծէ՞ք, որ լաւ ժամանակ անցուցի այդ հանդէսին ժամանակ. երբե՛ք: Հանդէսը գրեթէ իր աւարտին կը հասնէր, իսկ ես ստեպղինէն բացի ուրիշ բան չէի կերած, կարծէք հրաւիրուած ըլլայի իբրեւ նապաստակ մը եւ ո՛չ թէ իբրեւ լրագրող մը: Իրականութիւնը այն չէ, որ խնդիրը այս հանդէսը կազմակերպողներուն թերացումն էր, այլ՝ խնդիրը իմ մէջս էր, որովհետեւ երբ պանդոկի դռնէն ներս մտայ, ապա դէմս ելան խումբ մը դիմաւորող պաշտօնեաներ եւ տեղեկատուներ՝ իրենց շքեղ հագուստներով, որով աշխարհի բոլոր բարդոյթները լեցուեցան գլխուս մէջ եւ դէմքի արտայայտութիւնս մէկ երկվայրկեանի մէջ հազար անգամ փոխուելու սկսաւ: Այլեւս չէի գիտեր ո՛ր մէկուն վրայ պէտք է կանգ առնեմ. լրագրողի՞ դէմքի, խոժո՞ռ դէմքի, ժպտացո՞ղ դէմքի, աջակողմեանի՞ դէմքի, ձախակողմեանի՞ դէմքի: Այլեւս չէի կրնար ո՛չ մէկ բանի տիրապետել: Դիմագիծերս կը նմանէին այն թռչուններուն, որոնք վանդակին մէջէն վերադարձուած էին իրենց նախկին անտառներուն: «Մերիտեան»ի միջանցքներուն մէջ սակայն անկէ բան չէր մնացած, բացի յուսահատած հողագործէ մը, որ կը ջանար ապացուցել իր անմեղութիւնն ու տարած աշխատանքը այս բոլոր շքեղանքին, առատութեան եւ կատարելութիւններուն, այնպիսի ժամանակի մը, երբ մենք կարիք ունէինք զուսպ ապրելու եւ գօտիները մեր փորերուն քաշելու: Սակայն, երբ հրաւիրեալներէն մէկը բարի գալուստ մաղթեց ինծի եւ գաւաթ մը հրամցուց ինծի, փափաքեցայ, որ «Մերիտեան»ի ճաշատեսակներուն մէջ յաւիտեան լրագրող մը ըլլայի…, որով կարենայի թերթս ապահովել Միջին Արեւելքի խնդիրներուն զարգացումներով՝ անոնց սկիզբէն, ներկայացնելով զարգացումը նախաուտեստներու տեսականիին, որ ամէն օր կը մատուցուին յաճախորդներուն:
Ի՜նչ սեղան էր: Միայն մօտեցայ անոր, ակնածանք եւ յարգանք զգացի անոր եւ անոր վրան եղող տեսականիին նկատմամբ: Սեղան մըն էր, ուր ամէն ինչ որ միտքէդ կ՚անցնէր՝ ուտելիք կամ խմելիք, կար այնտեղ, այնքան որ այդ սեղանին դիմաց կանգնած մարդը՝ ձեռքին ամանով մը, կողմնացոյցի կարիք ունէր, գիտնալու համար, թէ ո՛ր տեսակը ընտրէ: Սակայն, առաջին պատառէն ետք, զգացի որ ոչ ցանկալի անձ մըն եմ այդտեղ, քանի որ սեղանին մէջտեղը դրուած խորոված հաւ մը թշնամական յստակ նայուածքով նայեցաւ ինծի, այնքան որ վախցայ աւելի մօտենալ, որպէսզի յանկարծ չկտցահարէ ձեռքս ու հարցնէ ինծի, թէ՝ ինծի պէս մէկը ի՞նչ գործ ունի այստեղ: Սեղանին միւս կողմը ուղղուեցայ, ուր նայուածքս ինկաւ բանի մը, որ կը նմանէր քարտէսի մը՝ լեցուն գծագրութիւններով, բառերով եւ վերնագիրներով: Հանդէսը կազմակերպողներէն մէկուն հարցուցի, ի՞նչ է ասիկա:
Պատասխանեց. կարկանդակ:
Հարցուցի. ի՞նչ են այս բառերն ու օտար ծանօթագրութիւնները:
Ըսաւ. հրաւիրեալներուն բարի գալստեան խօսք է:
Ըսի. կը հաւատա՞ս, որ «Թըշրին» թերթի մշակութային էջէն աւելի հարուստ ու գեղեցիկ է:
Ըսաւ. այս մէկը սովորական է, նայած միւս առիթներուն եւ հանդէսներուն: Յետոյ, ինչո՞ւ կը վախնաս եւ ձեռքդ չես երկարեր որեւէ մէկ բանի, կարծես վանքի մը մէջ ըլլաս: Ազա՛տ զգայ: Բոլորն ալ քեզի պէս աղքատներ էին:
Ըսի անոր. ճի՞շդ է, որ «Մերիտեան»ի ելեկտրականութեան վաճառագիրը 200 հազարը անցած է:
Ըսաւ. մօտաւորապէս:
Ըսի. իսկ անոր վարագոյրները, կահկարասին եւ ջահերը միլիոննե՞ր արժած են:
Ըսաւ. այդ բոլորով հանդերձ, այս պանդոկը սովորական է, համեմատած «Շերաթոն»ին, որ ասոր կողքին կը շինուի:
Ըսի. ըսել կ՚ուզես, որ անոր ջուրին վաճառագիրը պիլիոններո՞ւ պիտի հասնի:
Ըսաւ. ո՛չ. նկատի ունիմ որ շա՜տ աւելի լաւ պիտի ըլլայ, ուր հաւի խորովածը ելեկտրոնի վրայ պիտի ըլլայ, ձաւարով միսը (քըպպէ) կոճակին վրայ, արմտօղին (whiskey) հեռատիպի (teletype-telex) վրայ, այնքան որ յաճախորդը միայն պէտք է ձգռտայ ու ըսէ. իրապէս հողը անորն է, ով անոր վրայ կ՚աշխատի:
Ըսի անոր. ոեւէ մէկը որեւէ մէկ բան գիտէ՞ սպասուած այս պանդոկի բարձրակարգ ըլլալու մասին:
Ըսաւ. երբե՛ք:
Ըսի. շատ լաւ, այս մէկը ուրախալի լուր մըն է, որ 1 մայիսին առիթով պիտի փոխանցեմ աղքատներուն եւ տքնաջան աշխատողներուն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ