ՄԱՅՔԻՆ ԱՂՕԹՔԸ
Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանն ենք։ Շուրջ երկու ամիս հայրենիքը «վայելելէ» ետք, տէր եւ տիկին Ամերիկա կը վերադառնանք։ Առաւօտ շատ կանուխ էր։ Այդպէս էր մեր թռիչքի ժամը։ Ճամբորդներու յատուկ շարքին մէջ, մենք՝ օդանաւային ընկերութեան յատուկ պատուհանին դիմաց մեր մեծ պայուսակներով կեցած կը սպասենք, որպէսզի պաշտօնեան մեզ իր մօտ կանչէ։
Ու այր եւ կին, երբ ցած ձայնով, սարէն-ձորէն կը խօսէինք, յանկարծ լեցուն պայուսակներով, Նիւ Եորքի պէյզպոլի խումբի ազդանիշ-գլխարկով, քիչ մը ճերմկած մօրուքով եւ քիչ մըն ալ լեցուն մարմնով, բարձրահասակ մարդը ճիշդ մեր ետեւը շարք բռնեց՝ հեւալով։ Նախ կանգ առաւ, ապա մեզի յարգալից՝ «կուտ մորնինկ» բարի լոյսով մըն ալ բարեւեց։ Բարի սովորութիւն։ Ինքնաբերաբար՝ փոխանակեցինք։ Եւ ահա «գնդակը խաղացողներուն դիմաց նետուածի նման» մեր խօսակցութիւնը սկսաւ։
Անկեղծ ըսելով՝ մեկնելով իր ճամբորդական մեծ ու երկար պայուսակներէն՝ նախ կարծեցի, որ կոլֆ խաղացող մըն էր այս մարդը, որ եկած էր մեր երկիրը, խաղալու։ Կինս պնդեց, որ լեռնագնաց մը ըլլալու էր։ Հարցուցինք, նոյնքան ալ քաղաքավար։ Կողակիցս ճիշդ էր։ Եւ ահա արդէն սկսած էր մեր յարաբերութեան «հանգոյցը» քակուիլ։
Ու երկու կողմէ հարցուներու տարափներ։ Անուն, երկիր եւ ասոնց յաջորդող ինչո՞ւներու շարքեր։ Նոր բարեկամութեան մը սկզբնաւորութիւնը յիշեցնող մթնոլորտ։
Անունը Մայք էր եւ նիւեորքցի եւ արուեստագէտ։
-Ո՞ր լեռը բարձրացա՛ք, ըսի առաջին իսկ առիթով, արագ բառերով եւ հետաքրքիր աչքերով աշակերտի նման.- Արագա՞ծ։
-Նօ՛, նօ՛, օնլի Էյրէրէտ»։
Դէմքիս վրայ վայրկեանին զարմանք մը բռնեց։ Բառերը զիս խոր մտածումներու մէջ նետեցին։ Կարծես ինքնածին ու անհանգիստ բան մը կար մթնոլորտին մէջ։ Հայու հետաքրքրութիւն։ Եւ ահա ինքնաբերաբար զինք երկար եւ աւելի մօտէն սկսած էի դիտել։ Աչքերս մնացած էին չոր ու անհամբեր։ Իսկ իրը՝ կարծես անմեղութեան կաթի անբծութիւնը կար անոնց մէջ։ Այլ խօսքով աչքերուն մէջ կարելի էր կարդալ գաղտնիք մը։ Ու պատմեց։
«Համալսարանի տարիներուն հայ դասընկեր մը ունեցած էր։ Անոր պնդումով այս տարի իր արձակուրդը եկած էր անցընելու «Արմենիա»ի մէջ։ Եւ որովհետեւ կիթառ նուագելու կողքին իր «հոպի»ներէն մէկն ալ լեռնագնացութիւնն էր, ուստի երկուքով որոշած էին բարձրանալ Արարատ։ Կայտի մը հետեւելով, փոքրիկ խումբ մը կազմած, ձիով, ջորիով ոտքերնիս ձիւնին վրայ շատ զգոյշ քսելով եւ հազիւ քալել սորվող երեխայի մը քայլելով բարձրացած էինք լեռը։ Վտանգաւոր եւ նոյնքան ալ հաճելի փորձառութիւն...»։
-Բայց ինչո՞ւ Արարատը.- ընդմիջեցի դէմքիս վրայ բռնելով կրկնակի անհամբեր պատասխանի սպասող նայուածքս։
Բացատրեց։
Կը պատկանէր Նիւ Եորքի մեծ եկեղեցիներէն մէկուն եւ անոր ալ խմբավարն էր, կիթառիստ ու երգահան ըլլալու կողքին։ Աւետարանէն սորված էր «պիպլիական» այս լերան մասին։ Եւ միշտ ցանկացած էր տեսնել։ Հիմա առիթը ներկայացած էր։ Իր հայ դասընկերը առաջարկած էր բարձրանալ։ Իր ուխտը կատարելու համար համաձայնած էր։
-Երբ լերան գագաթը եւ կամ մեր վերջին կայքը հասանք, մեր ընկերակիցներէն շատեր իրենց երկիրներու դրօշակները պարզեցին, նկարուեցան եւ նոյնիսկ փորձեցին ձիւնին մէջ հաստատել:
-Իսկ դո՞ւն, դո՛ւն ի՞նչ ըրիր, հարցուցի նոյնքան ալ համարձակ։
Սանկ թեթեւ մը ժպտաց ու քանի մը անգամ մօրուքը շփեց ու շատ հանդարտ պատասխանեց.
-Ես ալ, կիթառս հանեցի ու աղօթեցի, երգեցի ու վերջը, վերջը... Մաղթանքներս Աստուծոյ ուղարկեցի այս լերան վկայութեամբ։
Ըսաւ ու երկար ժպտած՝ գոհունակ։
Այր եւ կին կրկնակի ապշահար իրարու երես նայեցանք։ Երկար: Շուարած։ Զարմացած: Արդ, ինչպէ՞ս վստահութիւն տալ այս խօսքերուն։ Մայքը քանի մը անգամ կրկնեց իր վերջին նախադասութիւնը։
Այսչափ։ Ինքն ալ յուզուած կ՚երեւէր։ Մեզի նման եւ կարծես մեզի չափ։ Ինծի համար այդ վայրկեանին խորհրդաւորը՝ բառն էր, պատմումն էր, յուշը եւ իր պատմումի ձեւը, որ լեցուցած էր մեր միտքն ու մեր հոգին եւ սրած մեր երեւակայութիւնը։ Անոր համար մեր գիտակցութեամբ կարծես խորացած էինք մեր ճակատագրի պատմութեան մէջ։
Այս բոլորը պատմեց անուշ ժպիտով մը, որ ողողած էր նայուածքս։ Տաղանդ եւ քաջութիւն։ Պատմումը իջած էր ցած մտքիս մէջ եւ զայն պեղած խորունկ։ Ու մենք երկուքով կապուած էինք ձայնին եւ բառերուն, որոնք հալած էին իր բերնին մէջ։
«Աղօթեցի», ըսած ու կրկնած էր։ Մայքը իր քաջագործութիւն-սխրանքը պատմած էր լուսաւոր երաժշտութեան նման, անմիջական եւ մտերիմ։ Պատմումէն ետք մեզի երկար նայեցաւ՝ հպարտ։ Արդէն նայուածքն ու ձայնը թեթեւ ժպիտով մը ինկած էին սրտիս մէջ։ Յուզուած ալ էինք ու շշմած։ Իսկ ինք՝ կը ժպտար։ Իր ժպիտը կարծես յաղթական հով մը ունէր, վճիտ եւ անկեղծ։
Ի՞նչ մարդ էր այս մարդը։ Ո՞վ կրնայ նկարագրել զայն։ Ուրկէ՞ յանկարծ «բուսած էր» մեր դիմաց եւ այսքան վաղ առաւօտ եւ ան ալ օդակայանին մէջ։ Այս ի՜նչ զուգադիպութիւն։ Ինչպէ՞ս մոռնալ այս մարդը։ Արդեօք Մայքը կրցա՞ծ էր հասկնալ մեր հոգեվիճակը։ Ուղղակի խանդավառիչ։ Կարելի չէ բացատրել։
Հիմա, իմ կարգիս իր աչքերուն մէջ կը փորձեմ դիտել Արարատը։ Իսկապէս իր բառերը մեզի պարտադրած էին յստակ իրականութիւն։ Ալ ո՛չ մէկ կասկած, համոզուած էինք։ Մեր դէմ կեցած էր օտար մը, որ եկած էր տեսնելու աւետեաց երկիրն ու անոր սրբազան լեռը։ Երանելի իրողութիւն։
Երկիւղած եմ ու նոյնքան ալ կախարդուած։ Խորապէս ինքզինքս աւելի հայ կը զգայի։ Հպարտ եւ անպարտ։ Մայքը խօսած էր սրբազան ժայռերու, խոր լռութեան եւ երկնքի անմահութեան հետ։ Անկասկած իր մէջ ալ ծնած էր աստուածայինը։ Այս բոլորը որովհետեւ ինք հաւատացեալ մը ըլլալով քաջատեղեակ էր, թէ հայոց երկիրը կրօնական էր։
Ապա վերջը, մեր յիշողութեան գետին վրայ, ինքնաբերաբար մեր միտքերը նաւարկեցին երկար եւ ալեկոծ։ Ճիշդ էր, որ մեր հոգեկան սնունդը Արարատէն էր, ուրեմն այս օտարը մեզմէ առաջ տեսած եւ առած էր այդ մէկը։ Դարձեալ հայու ոգիս դժուար պայքարի մէջ էր, բայց նաեւ տեսակ մը անօրինակ հրճուանք-հպարտանքով...։
Ու կը հաւատայի, որ մարդոց կեանքին մէջ կան պահեր, որոնք չեն մոռցուիր։ Այս անակնկալ մեր հանդիպումը, ա՛յդ քիչ բացառութիւններէն էր։
Մայքը վստահաբար Արարատի գագաթին շուրջիններէն մինակը հանդիպած էր իր Ամենակալին։ Հոն՝ մեր սրբազան լերան գագաթին, երկինքին հետ խօսած էր իր անկեղծ եւ անբիծ հաւատքով։ Ինձմէ աւելի երանելի մըն էր... հաստատապէս։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
ԱՄՆ