ՅՈՒՍԱՀԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ Է
Յուսահատութիւնը ներկայ դարաշրջանին բնական երեւոյթի մը վերածուած է եւ, դժբախտաբար, մեծ է թիւը այն մարդոց՝ յատկապէս երիտասարդներուն, որոնք կը յաղթուին յուահատութենէն եւ իրենք զիրենք կորուստի կը մատնեն, ոմանք ալ նոյնիսկ անձնասպանութեան կը դիմեն:
Յուսահատութիւնը, արդարեւ, պարտութեան առաջին աստիճանն է, չըսելու համար պարտութիւնն իսկ է: Յուսահատ մարդը ամէն ինչէ պարտուածն է, որ այլեւս ոչ մէկ բանի մէջ իմաստ կը տեսնէ, իմաստ կը գտնէ, եւ այդ վիճակին մէջ խորանալով իր կեանքը դժոխքի կը վերածէ եւ եթէ չսթափի ու չգիտակցի իր վիճակին, ինքզինք կորուստի կը մատնէ: Ըսինք, որ յուսահատութիւնը մարդս կորուստի կը մատնէ, որովհետեւ յուսահատութիւնը դուռ կը բանայ մեղքին մտնելու մարդուն մէջ եւ հանգիստ կերպով գործելու:
Մարդուն համար, մանաւանդ քրիստոնեայ մարդուն համար դիւրին կեանք չկայ, ընդհակառակը, մարդը կոչուած է չարքաշութեամբ ապրելու, դժուարութիւններուն դիմադրելու, իսկ հոգեւոր կեանքի մէջ մնայուն կերպով պայքար մղելու չարին եւ անոր կատարած կատաղի յարձակումներուն դէմ: Այս բոլորը մարդ կրնայ կեանքի կոչել, եթէ իր կեանքին մէջ Աստուծոյ վստահի, կառչի Անոր եւ Անով առաջնորդուի:
Սուրբ Մակար Մեծ կը գրէ. «Երբ մարդ դժուարութիւններու մէջ կ՚ըլլայ եւ կիրքերու կատաղի ալիքները իր դէմ կը բարձրանան, պէտք չէ յուսահատի, որովհետեւ յուսահատութիւնը կը խթանէ մեղքը եւ առիթ կը գտնէ աւելիով տիրելու մարդուն վրայ։ Սակայն, երբ մարդ Աստուծմով հաստատուած միշտ կը յուսայ, ապա մեղքը կը տկարանայ, կը նուազի ու կը չորնայ»։
Հեռո՛ւ վանենք մեզմէ յուսահատութիւնը, որպէսզի այդպիսով մեղքն ալ հեռացուցած ըլլանք մեզմէ եւ մենք մեզ զերծ պահած ըլլանք մեղքի ճիրաններէն: Դժուարութիւններէն չվախնանք, այլ՝ «մեր դժուարութիւններուն պատմենք մեր Ամենակարող Աստուծոյ մասին»: Հաստատուինք Աստուծոյ մէջ եւ միշտ յոյսով ապրինք, թէ Ան պիտի առաջնորդէ մեզ դէպի խաղաղ նաւահանգիստ: Միայն Աստուծմով է, որ մարդ ի վիճակի կ՚ըլլայ յուսահատութեան պատճառով կրած պարտութենէն կանգնելու եւ ընթանալու դէպի յաւիտենականութիւն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ