ԷՕԶԿԻՒՐ ԷՕԶԷԼ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԱԾ
Գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի 21-րդ արտահերթ ընդհանուր ժողովը շաբաթավերջին Թուրքիոյ ներքին քաղաքական օրակարգին վրայ առաջնահերթ տեղ զբաղեցուց։ Անգարայի «Նազըմ Հիքմէթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքը, որու արդիւնքին Էօզկիւր Էօզէլ կուսակցապետ վերընտրուեցաւ գրեթէ միաձայնութեամբ։ Մնացեալ թեկնածուները որոշեցին վերջին պահուն ետ քաշել իրենց թեկնածութիւնը։
Ընդդիմադիր կուսակցութեան 1323 արձանագրեալ պատգամաւորէն 1276-ը մասնակցեցաւ քուէարկութեան։ Էօզկիւր Էօզէլ ստացաւ 1171 քուէ։
Համագումարի ընթացքին Էօզկիւր Էօզէլ ունեցաւ խիստ ելոյթ մը՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորած կառավարութիւնն ու ղեկավարութիւնը որակելով հերձատիրական վարչախումբ։ Իշխանութիւնները բուռն քննադատութեան առարկայ դարձուցին այս հանգամանքը։
Համագումարի դահլիճէն ներս Իսթանպուլի կալանաւորեալ գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի տեղը թողուած էր պարապ։
Բացի կուսակցապետէն, համագումարը ընտրեց նաեւ ՃՀՓ-ի նոր խորհուրդն ու կարգապահական մարմինը։