Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ՄՈՒՏՆ Ի ՎԻՐԱՊԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄԸ
Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապ մուտքը շաբաթավերջին աւանդական արարողութիւններով յիշատակուեցաւ քաղաքիս մէջ՝ համախմբելով հոծ թիւով հաւատացեալներ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն, որոնց ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որու ձեռնադրութեան 38-րդ տարեդարձն էր։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան հոգեւոր հայերու կողմէ։ Օրուան քարոզին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի թէ՛ ընդհանրական եւ թէ Հայ Եկեղեցւոյ տեսակէտէ կարեւորութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը յորդորեց մեր սուրբերու անուններով նորածինները անուանել՝ աւանդութիւններու յարատեւութիւնը երաշխաւորելու համար։ Ան շնորհաւորեց նաեւ պատարագիչ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ բակին մէջ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ սարքուեցաւ պահքի սիրոյ սեղան, որու ընթացքին բոլոր ներկաները ջերմօրէն հիւրընկալուեցան ատենապետ Մասիս Գույումճուի գլխաւորած թաղային խորհուրդին կողմէ։