Կիրակի 27, Ապրիլ 2025
ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ԳԱԼՍՏԵԱՆ ԿԻՐԱԿԻՆ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ՄԷՋ
Երէկ, Մեծ պահքի Գալստեան կիրակիին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան արարողութիւններուն նախագահեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Զէյֆիեանի։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ նաեւ Արեւագալի ժամերգութիւն։
Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ, յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ պահքի սիրոյ սեղան։
Երկուշաբթի, Ապրիլ 7, 2025