ՀԱՐՑ ԵՒ ԼՈՒԾՈՒՄ

Մի քանի օրեր առաջ Երեւանի մէջ խումբ մը գրասէրներով հաւաքուած, գրական երեկոյով մը կը փորձէինք վերլուծել ու հասկնալ սփիւռքահայ գրող Կարօ Փօլատեանը, որուն վէպերուն մէջ կարելի է գտնել ազգով մտահոգ մտաւորականը. գրող՝ որ կը փորձէ ներկայացնել իր օրերու ֆրանսահայ գաղութը, իր հայ երիտասարդներով եւ անոնց մտահոգութիւններով, յոյզերով եւ ինքնութեան բախումներով: Կարօ Փօլատեանի ստեղծագործութիւնները մեր իրականութենէն ներս ո՛չ միայն գրական արժէք կը ներկայացնեն, այլ գրականութենէն անդին գրասէր հանրութեան կը ներկայացնեն, այլ փոքր հայելին են սփիւռքահայ իրականութեան, պատմութեան եւ ինքնութեան խնդիրներուն. անոր վէպերով կարելի է հասկնալ ֆրանսահայ երիտասարդութեան ճակատագիրը, յոյզերը, ձգտումներն ու ինքնութեան փնտռտուքը: Փօլատեանի վէպերը պայքար են ազգային դիմագիծի պահպանման, ինչպէս նաեւ օտար միջավայրի յարմարիլ փորձող երիտասարդութեան. վերջապէս օտար ափերուն մէջ պէտք էր հաւասարակշռել հայու դիմագիծն ու նոր պայմաններուն հետ քայլ պահելու անհրաժեշտութիւնը:

Կարօ Փօլատեան, ինչպէս նաեւ իրեն սերնդակից շատ մը գրողներ, իրենց քննադատութեան եւ դատողութեան մէջ շատ ալ նուրբ չգտնուեցան. յաճախ գրի առին տողեր, որոնք ապտակի մը ազդեցութիւնը գործեցին մեր վրայ. անոնք սկսան անապատին մէջ ողջ մնացած ժողովուրդին մէջ տեսնել այլ մահ մը, ինքնութեան մահը եւ այդ մէկը լուրջ մտահոգութիւն դարձաւ անոնց համար. օրինակի համար Փօլատեան իր «Կը հրաժարիմ հայութենէ» վէպին մէջ, իր հերոսներէն մէկուն բերնով կ՚ըսէ. «Մեզի պէս ցրուած ժողովուրդ մը, չի կրնար տեւել կիսամիջոցներով, հանդէսներով, աղերսներով, նոյնիսկ վարժարաններով-եկեղեցիով: Ատոնցմով կը քաշկռտուի, բայց վերջ ի վերջոյ կը տկարանայ, կը կորսուի: Մենք արտասահմանի մէջ չենք կրնար դիմադրել բոլոր ժողովուրդներուն, անոնց մշակոյթին, անոնց ուժին: Վախճանը անխուսափելիօրէն մեր պարտութիւնն է»։ Այս տողերուն բացատրութիւնը այնքան ալ յուսատու եւ դրական չէ. Փօլատեան կը հաւատայ, որ հանդէսներ ու խնջոյքներ կազմակերպելով, մի քանի էջ մամուլ հրատարակելով, վարժարան մը եւ կամ եկեղեցի մը ունենալով կարելի չէ ազգային դիմագիծը պահել, որովհետեւ անոր պահպանումը շատ աւելին կը պահանջէ. թէեւ գրողը կը հաւատայ, որ անոնց գոյութիւնը կրնայ որոշ ժամանակ օգնել այդ դիմագիծի պահպանման, սակայն անոր համոզումով՝ «վախճանը անխուսափելի է»։ Մեծ եղեռնը վերապրող գաղութներու առաջին ներկայացուցիչները կը հաւատային, որ ոչինչ կրնայ զինք բաժնել իրենց ազգային դիմագիծէն ու ինքնութենէն. սակայն որոշ ժամանակ ետք մտաւորականութիւնը սկսաւ լաւապէս ըմբռնել, որ պատարագով մը, դպրոցին մէջ փոխանցուած այբուբենով մը կարելի պիտի չըլլայ դիմադրել օտարութեան. չի՛ կրնար, որովհետեւ բնութեան մէջ եւս ծաղիկ մը իր արմատէն դուրս երկար ժամանակ չի՛ կրնար ապրիլ. որքան ալ փորձես ջրել, վերջաւորութեան պիտի թօշնի: 

Նման արտայայտիչ ու սուր խօսքեր Փօլատեանի մօտ քիչ չեն. ան իր հերոսներէն մէկուն բերնով կ՚ըսէ. «Ոչ միայն պիտի չկարենաս ներքնապէս, ստորինապէս մաս կազմել այդ նոր գոյակցութեան եւ միշտ պիտի մնաս օտար տարր մը, այդ օտար միջավայրին մէջ, այլ եւ պիտի կորսուիս, պիտի կորսնցնես կամաց-կամաց այն բոլոր բաները, որոնք կը կազմեն քու էութիւնդ, քու մարդկային մեծութեանդ յատկանիշներն են»։ Հայը ինչքան ալ փորձեց իր ինքնութեան կապուած մնալ, միւս կողմէ հաւասարապէս փորձեց նաեւ յարմարիլ կացութեան. այդ «նոր գոյացութիւնը» օտարին մշակոյթը, օտարին լեզուն եւ օտարին ինքնութիւնն է, որ եթէ ոչ առաջին սերունդը, ապա երկրորդը, երրորդը կամայ թէ ակամայ պիտի կրէր իր վրայ. նոր հասարակութեան մէջ՝ ուր լեզուն օտար է, մշակոյթը օտար, մտածելակերպը օտար դժուար է մնալ անփոփոխ. ժամանակը իր հետ պիտի փոխէ նաեւ մարդը, պիտի փոխէ բոլոր համոզումներն ու սկզբունքները. եթէ ո՛չ անձին՝ ապա սերունդներուն մէջ։ Այս մէկը մտահոգիչ է՝ մանաւանդ այն առումով, որ իր ազգային դիմագիծը կորսնցնող հայը պիտի չյաջողի իր վրայ առնել նաեւ օտարինը եւ միշտ ալ այդ շրջանակին մէջ պիտի շարունակէ մնալ «օտար տարր»: 

Ըստ Փօլատեանին, այս բոլորին վրայ կու գայ աւելնալ իրերամերժ ու եղբայրատեաց մեր քաղաքականութիւնը. նման ազգային ինքնութեան կորուստի դիմաց միանալու եւ միասնաբար պայքարելու փոխարէն հայը մի՛շտ կ՚անջատուի, կը բաժնուի խումբերու եւ զիրար բարձրացնելու փոխարէն կը սկսի պայքարը ամօթի. այս անիմաստ պայքարներուն ի տես հեղինակը կը գրէ. «Մենք նոյն լեզուն չենք խօսիր, օտարացած ենք, մէկը միւսը չի հասկնար»։ Այստեղ «նոյն լեզուն չենք խօսիր» արտայայտութիւնը կարելի է հասկնալ թէ՛ բառացի եւ թէ փոխաբերական իմաստով. որովհետեւ հայու զաւակները թէ՛ իրենց մայրենի լեզուն կորսնցնելու սկսած էին եւ թէ՛ համոզումներն ու ըմբռնումները եւ այս դժբախտ երեւոյթին մէջ աւելի վտանգաւորը զիրար չիհասկնալն է, որովհետեւ նման դժբախտութեան մէջ զիրար չհասկնալը պարզապէս այդ դժբախտութիւնը աւելիով կը դժբախտացնէ:

Վերոյիշեալ երեք մտածումները լոկ մի քանի մտածումներ են, որոնք բաւարար են հասկնալու Կարօ Փօլատեանի մտահոգութիւններն ու մտատանջութիւնները:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ազգ մը օտարութեան մէջ քանի՞ տարիներ ետք ամբողջութեամբ կ՚օտարանայ:

Պատասխան. Ազգ մը օտարութեան մէջ ամբողջութեամբ կ՚օտարանայ, երբ անոր լեզուն, մշակոյթը եւ ինքնութիւնը կամաց կամաց մոռացութեան տրուի եւ նոր սերունդները սկսին ամբողջովին որդեգրել օտարինը: Այս գործընթացը սովորաբար քանի մը սերունդ կը պահանջէ՝ միջինը 2-3 դար, սակայն ներկայ համաշխարհային պայմաններուն տակ, այդ մէկը կարելի է պատահիլ ընդամէնը 50-100 տարուան ընթացքին՝ եթէ ազգային ինքնութեան պահպանման փորձեր չկատարուին. ինչպէս օրինակ՝ լեզուն, արժէքներն ու աւանդութիւնները չփոխանցուին նոր սերունդներուն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2025