Հինգշաբթի 1, Մայիս 2025
ՃԱԿԱՏԸ ՄԻՇՏ ԼԱՐՈՒԱԾ
Արցախի ճակատին վրայ վերջին օրերուն սաստկացած է լարուածութիւնը։ Օգոստոսի 31-էն ի վեր Ատրպէյճանի զօրքերը թափով կը խախտեն հրադադարը։ Հայկական պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երեք զոհ ունեցած են վերջին դէպքերուն հետեւանքով։ Ատրպէյճանի կորուստներուն թիւն ալ հասած է շուրջ եօթ կամ ութի։
Հայաստանի սահմանամերձ Տաւուշի մարզին մէջ ալ վերջին օրերուն հինգ քաղաքային բնակիչներ վիրաւորուած էին ազէրի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին պատճառով։
Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015