ՌԱՅԻՍԻ ՓԱՔԻՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Փաքիստան։ Իսլամապատի մէջ ան հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ՝ ընդունուելով Փաքիստանի նախագահ Ասիֆ Ալի Զարտարի եւ վարչապետ Շահպազ Շերիֆի կողմէ։ Բացի մայրաքաղաքէն, Ռայիսիի ուղեւորութեան ծրագիրը ընդգրկեց նաեւ Լահոր եւ Քարաչի քաղաքները։ Երկու երկիրներու միջեւ ստորագրուեցան համագործակցութեան պայմանագրեր, որոնք կը վերաբերին անվտանգութեան, առեւտուրի, առողջապահութեան, տնտեսութեան եւ գիւղատնտեսութեան բնագաւառներուն։
Թեհրանի պաշտօնական աղբիւրները ընդգծեցին, որ երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունին քաղաքական ամուր կապեր։ Բաց աստի, Իրան եւ Փաքիստան սերտօրէն կը համագործակցին առեւտուրի ոլորտէն ներս, անոնց միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը 2023 թուականին գերազանցած է 2.5 միլիառ ամերիկեան տոլարի շեմը։ Կողմերը մտադիր են կրկնապատկել այդ ցուցանիշը։
Հարկ է յիշեցնել, որ Փաքիստան Արցախի 44-օրեայ պատերազմին ժամանակ Ատրպէյճանին անմիջականօրէն զօրակցած երկիրներու շարքին մաս կազմած էր։ Իրանն ալ, որ Հայաստանի հարեւանն է, յետպատերազմեան իրավիճակին մէջ յարատեւօրէն զգայնութիւն կ՚արտայայտէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան նկատմամբ՝ ներառեալ տարածաշրջանէն ներս միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անփոփոխութիւնը։