ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԸ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԻ ՏՕՆԻՆ ՕՐԸ ԻՐ ՀԻՒՐԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ
Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիստինա Քուին նախընթաց օր այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան ներկայ տօնական շրջանին ան շրջայց մը կատարեց Մայրավանքի համալիրէն ներս՝ մանաւանդ իր հետեւորդներուն հետ ծանօթանալով թանգարաններուն։ Երիտասարդ միաբաններ ուղեկցեցան ամերիկացի դեսպանին եւ իրեն ընկերակից դեսպաններուն, որոնք ըմբոշխնեցին նաեւ Մայրավանքի ընդարձակ գեղատեսիլ պարտէզներու բնական գեղեցկութիւնը, խորհրդաւոր մթնոլորտը։
Քրիստինա Քուին եւ ընկերակիցները նկարահանուեցան նաեւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի համայնապատկերին վրայ։
Մինչ այդ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի վարիչ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեանն ալ ողջունեց դեսպան Քուինի այցելութիւնը։
Ընկերային ցանցերու վրայ Քրիստինա Քուին ամփոփ գրառումով մը տեղեկացուց, որ Սուրբ Ծննդեան օրը Միացեալ Նահանգներէն ժամանած իր հիւրերուն հետ այցելեցին Սուրբ Էջմիածին, ուր սիրով ծանօթացան եկեղեցւոյ եւ հաւատի անգին մասունքներու։