ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԽՆԱՅԵԼ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ։ Այս շրջանին Ուքրայնայէ ներս օրակարգի վրայ է Ուղղափառ եկեղեցւոյ գործունէութեան կասեցումը։ Վերջին տարիներու լարուածութեան մթնոլորտին մէջ Ուքրայնայի եկեղեցին դուրս եկած էր Մոսկուայի Պատրիարքութեան հոգեւոր իշխանութենէն եւ այդ քայլը վաւերացուած էր Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքութեան կողմէ։ Այժմ, ըստ երեւոյթին, Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ գործունէութեան պարագային ընդհանուր սահմանափակում մը կը նախատեսուի։ Այս կապակցութեամբ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կարծիքը շօշափած է։ Նորին Սրբութիւնը համոզուած է, թէ Ուքրայնայի տարածքին նախատեսուած արգելքի վերաբերեալ օրէնքի ընդունումը կը խաթարէ Ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքի միասնութիւնն ու ներդաշնակութիւնը։
«Մտահոգութեամբ տեղեկացանք Ուքրայնայի Գերագոյն Ռատայէն ներս վերջերս քննարկուած օրէնքի նախաձեռնութեան մասին։ Կրօնական կազմակերպութիւններու գործունէութեան վերաբերեալ օրինագիծը նոր անցանկալի տրամադրութիւններ կը ձեւաւորէ հաւատացեալներու շրջանակին մէջ եւ պատճառ կը դառնայ Քրիստոսի եկեղեցւոյ աւանդական ու սուրբ եկեղեցա-իրաւական կանոններու անտեսման, ինչպէս նաեւ Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ հոգեւոր կեանքի միասնութեան ու ներդաշնակութեան խաթարման։ Կը յուսանք, թէ Ուքրայնայի Գերագոյն Ռատայի պատգամաւորները, ինչպէս Հայաստանի Ազգային ժողովը, այս նուրբ հարցին մէջ կ՚առաջնորդուին ու կը գործեն հաւատքի սրբութեան, հաւատակից ժողովուրդներու յարաբերութիւններու կարգաւորման անհրաժեշտութեան գիտակցութեամբ եւ եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդոյթներու նկատմամբ յարգանքով։ Մեր խորին համոզմամբ՝ յատկապէս դժուարին այս փորձութիւններու շրջանին հարկ է եկեղեցին զերծ պահել քաղաքական գործընթացներէ եւ կրօնական գործօնը առիթ չդարձնել շահարկումներու եւ հակառակութիւններու սերմանման։ Կ՚աղօթենք, որ պատմական ամենասերտ կապերով իրարու հետ շաղկապուած մեզի բարեկամ երկու ժողովուրդներուն միջեւ հակամարտութիւնը դադրի եւ անոնց կեանքէն ներս իբրեւ համերաշխութեան ու բարեկամութեան հաստատման կամուրջ գերակայեն ընդհանուր արժէքներն ու հաւատը», նշած է Վեհափառ Հայրապետը ռուսական գործակալութեան կատարած յայտարարութեան մէջ։