ԴԱՒԱՆԱԿԻՑ ԵԿԵՂԵՑԻԷ ՀԻՒՐԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Էրիթրէի եկեղեցիէն պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Եւրոպայի առաջնորդ Ապունա Փաուլոս Եպիսկոպոսի եւ ընկերակցութեամբ Տ. Զէրիսենայ Աւագ Քահանայի։

Էրիթրէի եկեղեցին մաս կը կազմէ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքին, ուստի դաւանակից է Հայ Եկեղեցւոյ։ Ներկայիս, քաղաքիս մէջ կը բնակին Էրիթրէի եկեղեցւոյ անդամ աւելի քան 400 հաւատացեալներ։ Հանդիպման ընթացքին Ապունա Փաուլոս Եպիսկոպոսը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, թէ Հայ Եկեղեցին էրիթրէական եկեղեցիի մը չգոյութեան պատճառով իրենց հաւատացեալներուն պաշտամունքի համար բարի եղած էր իր դռները բանալ։ Անոնք կ՚օգտագործեն Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրի Ս. Յարութիւն մատուռը՝ եթովպացի հաւատացեալներուն հետ։ Այժմ, երբ երկու եկեղեցիներու հաւատացեալներուն համար անբաւարար գալու սկսած է յիշեալ մատուռը, Ապունա Փաուլոս Եպիսկոպոսը յայտնեց, թէ կը ծրագրեն ի մօտոյ քահանայ մը ուղարկել պոլսաբնակ հաւատացեալներուն համար։ Անոնք Նորին Ամենապատուութենէն խնդրեցին հայկական եկեղեցիներէն միոյն պաշտամունքի համար գործածութիւնը՝ առանց արգելք հանդիսանալու Հայ Եկեղեցւոյ պաշտամունքին։

Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ օրհնութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց Էրիթրէի եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2023