ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնէն ներս մէկտեղուեցաւ՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան թեմերէն այն քահանաներուն հետ, որոնք երեքշաբաթեայ վերապատրաստման դասընթացքներէ անցան։ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ կազմակերպուած այս վերապատրաստման դասընթացքները պիտի ունենան պարբերական բնոյթ։ Այս ծրագիրը կը համակարգուի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի տնօրէն Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննիսեանի կողմէ։ Մասնակիցները հնարաւորութիւն կ՚ունենան թարմացնելու իրենց աստուածաբանական, ծիսական ու պատմական գիտելիքները։

Վեհափառ Հայրապետը հանդիպման ընթացքին յորդորեց, որ եկեղեցականները հոգեխնամ առաքելութիւն իրականացնեն իրենց վստահուած հօտին համար։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2023