ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ՀԱՅՐԱԿԱՆ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ղազարաւանի Սուրբ Նարեկ մենաստանի քոյրերն ու յարակից գիւղերու դպրոցներէն զանազան դասարաններու աշակերտներ։
Հանդիպման ընթացքին քոյր Ազատուհի Խաչատրեան հայցեց Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ալ բարձր գնահատեց մենաստանի քոյրերուն հոգեւոր-կրթական առաքելութիւնը՝ դպրոցականները հայեցի կրթելու եւ դաստիարակելու ուղղութեամբ։ Ան կարեւորեց դպրոցականներու հաղորդակցութիւնը Եկեղեցւոյ հետ, ինչ որ լաւագոյն հնարաւորութիւնը կ՚ընձեռէ, որպէսզի անոնք ճանչնան Հայ Եկեղեցին, ծանօթանան հոգեւոր կեանքին, Աստուծոյ խօսքին ու պատուիրաններուն։
Վեհափառ Հայրապետը, որ աշակերտներուն յորդորեց ջերմեռանդօրէն ուսանիլ ու դառնալ ազգի ու եկեղեցւոյ արժանի զաւակներ, պատասխանեց նաեւ անոնց հարցումներուն։ Ան հայրաբար թելադրեց ապրիլ Աստուծոյ պատգամներով, բարիքներ գործել, զիրար սիրել, նաեւ հայրենիքն ու եկեղեցին սիրել։
Միւս կողմէ, Նորին Սրբութիւնը երէկ ընդունեց նաեւ Երեւանի մօտ Ճաբոնի դեսպան Ֆուքուշիմա Մասանորին, որ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը աւարտելու վրայ է եւ փութացած էր Վեհափառ Հայրապետին հրաժեշտի այցելութիւն մը տալու։